ԳԱԼՖԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Գալֆաեան Տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որով տօնախմբուեցաւ Ապրիլի 23-ը։ Երէկ, Մանկանց տօնին առթիւ դպրոցէն ներս կազմակերպուած խրախճանքը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Ուսուցչուհիներ՝ Հիւլիա Թիւրքման, Պեհիճէ Էրտողան Պայքան, Շիւքրիէ Էօզկէն, Էրլին Թոմաօղլու եւ Քրիստինա Պետրոսեան ստանձնած էին հանդէսի կազմակերպչական վերահսկողութեան պատասխանատուութիւնը։ Սկիւտարի սանուց միութեան սրահին մէջ կեանքի կոչուեցաւ յայտագիրը, որուն մասնակցութիւն բերին նաեւ մանկապարտէզի փոքրիկները՝ Արաքսի Քիւչիւքեանի եւ Գարօլին Սամեէլիի մականին ներքեւ։ Օրուան հանդիսավարն էր Կապրիելլա Պաքըրճըօղլու։ Տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց բազմաբնոյթ ելոյթներով։ Հանդէսը աւարտին հասաւ տնօրէնուհի Այտա Գայաէրի խօսքով։
Խրախճանքի աւարտին տղաքը կէսօրին միասնաբար ճաշեցին բացօթեայ։ Այս առթիւ պարտէզն ալ յարդարուած էր ուսուցչուհիներ՝ Թամար Ներկիզի, Սելին Գալֆա Եամաչի եւ Էպրու Եըլմազի կողմէ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024