ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ
Երէկ երեկոյեան համայնքային շրջանակները համախմբուեցան՝ տօնախմբելու համար Շիշլի մարզակումբի հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին ընթացքին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ համայնքային յայտնի բարերարուհի Մոնիք Երկանեանին։ Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի կողմէ գլխաւորուած Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը այդ յուշանուէրը պատրաստած էր, որովհետեւ Մոնիք Երկանեանի լուսահոգի հայրը՝ Գրիգոր Միսաքեան եղած էր ակումբի հիմնադիրներէն։ Երկուշաբաթիի մեր թիւով մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդենք այս ձեռնարկին մասին։ (Լուսանկար՝ Արի Թաշ)
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024