ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄՈՅԹԸ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը այս ա­ռա­ւօտ կա­նուխ ժա­մա­նեց քա­ղաքս։ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թին հրա­ւէ­րով ու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Իս­թան­պուլ հա­սաւ Պա­րի պե­տա­կան ան­սամպ­լը։ Ե­շիլ­գիւ­ղի «Ա­թա­թիւրք» օ­դա­կա­յա­նին մէջ խում­բը դի­մա­ւո­րուե­ցաւ «Մա­րալ»ի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Կար­պիս Չափ­քա­նին եւ այլ ան­դամ­նե­րուն կող­մէ։ Օ­դա­կա­յա­նէն խում­բը յա­տուկ օ­թօ­պիւ­սով ա­ռաջ­նոր­դուե­ցաւ այն պան­դո­կը, ուր կ՚ի­ջե­ւա­նի Իս­թան­պու­լի կե­ցու­թեան օ­րե­րուն։

Ծա­նօթ է, որ այս Հինգ­շաբ­թի Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը եւ «Մա­րալ»ը հան­դէս պի­տի գան հա­մա­տեղ ե­լոյ­թով մը։ Ծրագ­րի հո­վա­նա­ւորն է մեր հա­մայն­քի յայտ­նի բա­րե­րար­նե­րէն Ա­րէտ եւ Մո­նիք Եր­կա­նեան ա­մո­լը։ Մեր գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը ար­դէն խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը սպա­սեն այս ե­րե­կոյ­թին։

Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը Իս­թան­պուլ ժա­մա­նած է գլխա­ւո­րու­թեամբ գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Է­րիք Չան­չու­րեա­նի, նուա­գա­խում­բի ղե­կա­վար Հայկ Գրի­գո­րեա­նի եւ պա­րե­րու գծով ղե­կա­վար Ա­սա­տուր Կա­րա­պե­տեա­նի։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016