ԱՊՐԻԼԻ 24-Ի ԱՌԹԻՒ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Ապրիլի 24-ի առթիւ երէկ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, այս տարի եւս շարունակուեցաւ Ապրիլի 24-ի առթիւ Գումգաբուի մէջ Ս. Պատարագի մատուցման նախընթացը, որ կը շարունակուի քանի մը տարիէ ի վեր եւ այլեւս աւանդութեան մը վերածուելու վրայ է։ Այս տարի 24 Ապրիլը զուգադիպեցաւ Կիրակի օրուան եւ Երեւման Ս. Խաչի տօնին։ Այս բոլորը եկեղեցական անունով յոյժ կարեւոր էին, սակայն հաւատացեալները եւ ամբողջ համայնքը կը գիտակցէին նաեւ կիրակնօրեայ այս Ս. Պատարագի արտասովոր յաւելեալ իմաստին։ Արարողութիւններուն նախագահեց եւ քարոզեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որուն առընթերակայ էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ներկայ էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, վեղարաւոր հայրեր եւ մեր քահանայից դասէն անդամներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Ս. Պատարագին մասնակցեցան Ազգային մեծ ժողովի հայազգի երեք երեսփոխանները՝ Մարգար Էսաեան, Սելինա Տողան եւ Կարօ Փայլան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, ֆրանսահայ յայտնի գործիչ Սամսոն Էօզարարատ, Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն Վերապատուելի Ռընէ Լեւոնեան եւ այլք։ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերներն ալ մասնակցութիւն բերին արարողութիւններուն։
Նկատի ունենալով, որ երէկ Իսթանպուլի մէջ նոյնաժամանակ երկու բացօթեայ մարզական մրցաշարքեր նախատեսուած էին՝ քաղաքի երթեւեկութիւնը բառին բուն իմաստով կաթուածահար վիճակի մէջ էր, ինչ որ անխուսափելիօրէն ազդեցութիւն գործեց Ս. Պատարագին բերուած մասնակցութեան վրայ։ Յամենայնդէպս, բոլոր հաւատացեալները երկիւղած մթնոլորտի մը մէջ խնդրեցին հայոց Սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը։
Հանդիսադիր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ս. Պատարագի ընթացքին ընթերցեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ Ապրիլի 24-ին առթիւ իրեն ուղարկուած պատգամը, որու թրքերէն բնագիրը հրատարակուած է մեր յարակից սիւնակներուն մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը, որու բնագիրը եւս հրատարակուած է մեր յարակից սիւնակին մէջ։
Հարկ է նշել, որ Գումգաբուի մէջ երէկ տեղի ունեցած արարողութիւնները, Էրտողանի պատգամն ու Ընդհանուր Փոխանորդին քարոզը լայն արձագանգ ստեղծած են տեղական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։
Sayın Aram Ateşyan
Türkiye Ermenileri Patrik Genel Vekili
Birinci Dünya Savaşı’nın trajik koşullarında hayatını kaybeden Osmanlı Ermenilerini anmak üzere bugün, İstanbul’da Ermeni Patrikhanesi’nin çatısı altında toplanan vatandaşlarımızı selamlıyor, saygılarımı sunuyorum.
Bugünkü törenin, Osmanlı Ermenilerinin yaşadıkları acıların paylaşılması ve hatıralarının yâd edilmesi için en anlamlı yer olan Türkiye’de bir kez daha yapılmasından memnuniyet duyuyorum.
İnsani vazifelerin ihmal edilmediği, sevincin ve acının samimiyetle paylaşılabildiği Anadolu toprakları her şeyin önüne ve ötesine vicdan ve adalet anlayışını koyar.
İşte bu anlayış, tarih bilincimiz ve insanlık ufkumuz gereğince Osmanlı Ermenilerinin hatıralarına sahip çıkmaya devam edeceğiz.
Türklerle Ermenilerin bin yıla uzanan ortak yaşam kültürünü yeniden hatırlamayı ve hatırlatmayı sürdüreceğiz.
Ortak tarihleri ve benzer gelenekleri olan iki komşu halkı, nefret ve düşmanlık söylemleriyle birbirinden uzaklaştırmak isteyenlere ve tarihi siyasileştirenlere karşı dostluk ve barış hedefiyle çalışmaktan vazgeçmeyeceğiz.
Bu düşüncelerle, ebediyete intikal etmiş Osmanlı Ermenilerini bir kez daha saygıyla anıyor, hayatta olan yakınlarına taziyelerimi sunuyorum.
Aynı dönemde yaşamını yitiren etnik ve dini kökeni ne olursa olsun tüm Osmanlı vatandaşlarını da rahmetle ve saygıyla anıyorum. Bu ortak acıyı paylaştığımızı bir kez daha ifade etmek istiyorum.
Ülkemize geçmişten bugüne katkıda bulunan tüm Ermeni vatandaşlarımıza da bu vesileyle yeniden teşekkür ediyorum.
Recep Tayyip Erdoğan
Cumhurbaşkanı
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024