ԼԱՒ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ

«Լա՛ւ տրա­մադ­րու­թիւն ու­նե­նալ» կը նշա­նա­կէ՝ ինք­նավս­տահ ըլ­լալ, կո­րո­վի, զօ­րեղ զգալ ինք­զինք, քա­ջա­րի ըլ­լալ եւ պատ­րաս­տա­կամ՝ կա­տա­րե­լու այն ի՛նչ որ ի­րեն կը վե­րա­բե­րի։ Լաւ տրա­մադ­րու­թիւն ու­նե­ցո­ղը «հո­գիի ուժ» ու­նե­ցող մէկն է։ Ի՞նչ կը մտա­ծէք այս մա­սին, սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ, «լաւ տրա­մադ­րու­թիւն»ը հո­գիի ա­ռող­ջու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ վի­ճակ մը չէ՞, ու­րեմն։ Եւ ե­թէ ա­ռող­ջու­թիւ­նը խնա­մե­լը ա­րուեստ մըն է, լաւ տրա­մադ­րու­թեան մէջ կա­րե­նալ ըլ­լալն ալ, այդ ա­րուես­տին մի­ջոց­նե­րէն մին եւ կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը պէտք է հա­մա­րել։

Խոր­հե­ցէք պահ մը, սի­րե­լի­ներ, մարմ­նա­պէս ա­ռողջ մէ­կը, ե­թէ լաւ տրա­մադ­րու­թիւն չու­նի, իր մարմ­նա­կան ա­ռող­ջու­թիւ­նը ո­րե­ւէ «ի­մաստ» կամ «ար­ժէք» չի՛ ներ­կա­յաց­ներ, եւ թե­րեւս ա­ռող­ջու­թեա­նը վատ­թա­րաց­ման պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ։ Ու­րեմն, երբ յա­ճախ կը լսենք, լսե­լու վար­ժուած ենք՝ թէ մարմ­նա­կան ա­ռող­ջու­թիւ­նը, մար­դուս եր­ջան­կու­թեան նա­խա­պայ­մա՛նն է, ա­նոր պէտք է միաց­նել նաեւ՝ «լաւ տրա­մադ­րու­թիւն»ը, այն վի­ճա­կը՝ որ ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւն, հո­գիի զօ­րու­թիւն, կ՚են­թադ­րէ։

Ան­շուշտ, որ մարմ­նա­պէս ա­ռողջ մէ­կը եր­ջա­նիկ պէտք է զգայ ինք­զինք, քա­նի որ գո­նէ մարմ­նի տե­սա­կէ­տէ ո­րե­ւէ հոգ չու­նի, մտա­հո­գու­թեան պատ­ճառ մը չու­նի։

Բայց նոյն մար­դը ե­թէ լաւ տրա­մադ­րու­թիւն չու­նի, ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւն չու­նի, ա­պա ու­րեմն թե­րի կողմ մը կայ, կը նշա­նա­կէ իր եր­ջան­կու­թեան մէջ՝ եր­ջան­կու­թիւ­նը կա­տա­րեալ չէ՛։ Իսկ ե­թէ մէ­կը մարմ­նա­պէս ա­ռողջ է, եւ հո­գե­պէս ալ լաւ տրա­մադ­րու­թեան մէջ, ա­հա­ւա­սիկ կա­տա­րե­լա­պէս եր­ջա­նիկ մար­դը ա՛ն է՝ ե­րա­նե­լի՜ մար­դը։ Հոս հար­ցում մը ուղ­ղենք մենք մե­զի. կա՞յ ար­դեօք «ե­րա­նե­լի՜ մարդ» այս աշ­խար­հի վրայ, այս ի­մաս­տով։ Ի՞նչ կ՚ը­սէք սի­րե­լի՜­ներ։

Չկա՛յ, քա­նի որ մարդ, շատ ան­գամ ինքն ի­րեն հար­ցեր, հո­գեր կը ստեղ­ծէ, կար­ծես մտա­տան­ջու­թեան ա­ռիթ­ներ կը փնտռէ, մտմտու­քէ հա­ճո՛յք կը զգայ։ Մարդ կար­ծես ո՛ր­քան կա­տա­րե­լու­թեան ձգտի, այն­քան թե­րու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծէ՝ ո­րոնք ար­գելք կը հան­դի­սա­նան իր իսկ եր­ջան­կու­թեան։

Մարդ կար­ծես միշտ «ան­կա­տա­րու­թեան» կը ձգտի՝ կա­տա­րե­լու­թիւ­նը փնտռած ա­տեն, եւ նո՛յն­պէս՝ դժբախ­տու­թիւ­նը կը նա­խընտ­րէ՝ փո­խա­նակ եր­ջան­կու­թեան, երբ հե­տա­մուտ կ՚ըլ­լայ ե­րա­նու­թեան…։

Մարդ­կա­յին բնու­թիւնն է այս՝ ան­յագ ըլ­լալ, միշտ ա­ւե­լի՛ն, միշտ գե­րա­գոյ­նը, բարձ­րա­գոյ­նը ի­րեն նպա­տակ ու­նե­նա­լով։ Եւ ո՜ր­քան ի­մաս­տա­լից է ժո­ղովր­դա­կան այն խօսք, որ կ՚ը­սէ. «լա­ւա­գոյ­նը թշնա­մի՛ն է լա­ւին»։ Ան­բա­ւա­րա­րու­թիւ­նը ա­մե­նա­մեծ ար­գելքն է եր­ջան­կու­թեան։ Ան­շուշտ որ ե­ղա­ծով գո­հա­նալ ամ­լու­թեան պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ, սնա­մէջ վի­ճակ մը ստեղ­ծէ, բայց մարդ պէտք է զան­ա­զա­նէ՝ կա­րե­լին եւ ան­կա­րե­լին, եւ ըստ այնմ շար­ժի, որ­պէս­զի ի վեր­ջոյ յու­սա­խաբ չըլ­լայ եւ ամ­լու­թեան չմատ­նուի։ Եւ վեր­ջա­պէս մարդ պէտք է գիտ­նայ ի­րա­տես ըլ­լալ, քա­նի որ ա­մէն ե­րազ, ա­մէն տե­սիլք չ՚ի­րա­կա­նա­նա՛ր։

Վա­հան Սար­կա­ւագ Սա­հա­կեան կը պատ­մէ.

«Ա­շա­կերտ մը, ու­սուց­չին կ՚ը­սէ.- Դուն ա՜յն­քան ի­մաս­տուն ես։ Միշտ լաւ տրա­մադ­րու­թիւն ու­նիս, եր­բեք չես վրդո­վիր, չես այ­լայ­լիր եւ թէ՛ չես բար­կա­նար։ Օգ­նէ՛ ին­ծի, խնդրեմ, որ­պէս­զի ես ալ քե­զի պէս ըլ­լամ։

«Ու­սու­ցի­չը սի­րով դի­մա­ւո­րեց ա­շա­կեր­տին խնդրան­քին եւ իր­մէ ու­զեց գետ­նախն­ձոր մը եւ թա­փան­ցիկ տոպ­րակ մը։ Եւ ը­սաւ.- Ե­թէ դուն ոե­ւէ մէ­կուն բար­կա­նաս եւ ոխ պա­հես, ա­պա կը վերց­նես այս գետ­նախն­ձո­րը, մէկ կող­մին վրայ կը գրես քու ա­նու­նը, իսկ միւ­սին վրայ՝ քու բար­կա­ցած մար­դուն ա­նու­նը՝ ո­րուն հետ գժտուած ես եւ քէն կը պա­հես, եւ գետ­նախն­ձո­րը կը դնես այդ թա­փան­ցիկ տոպ­րա­կին մէջ։

«Ա­շա­կեր­տը՝ ան­համ­բեր, կը հարց­նէ.- Այս­քան եւ վե՞րջ։

«Ո՛չ, կ՚ը­սէ ու­սու­ցի­չը եւ գո­րո­վա­գին ժպի­տով մը կը շա­րու­նա­կէ.- պէտք է որ դուն միշտ քեզ հետ կրես այդ տոպ­րա­կը։ Եւ ա­մէն ան­գամ որ, ոե­ւէ մէ­կուն նե­ղա­նաս, պէտք է որ այդ թա­փան­ցիկ տոպ­րա­կին մէջ գետ­նախն­ձոր մը ա­ւելց­նես։

«Ա­շա­կեր­տը հա­ւա­նու­թիւն յայտ­նեց, հա­մա­ձայ­նե­ցաւ եւ խոս­տա­ցաւ իր ու­սուց­չին շար­ժիլ ա՛յդ­պէս։

«Ո­րոշ ժա­մա­նակ մը ան­ցաւ։ Այդ մի­ջո­ցին ա­շա­կեր­տին տոպ­րա­կին մէջ ա­ւել­ցուե­ցաւ մի քա­նի գետ­նախն­ձոր եւս։ Եւ ան­շուշտ հա­մե­մա­տա­բար ծան­րա­ցաւ տոպ­րա­կը։ Տոպ­րա­կը հետզ­հե­տէ ծան­րա­ցաւ, եւ այ­լեւս անհ­նար ե­ղաւ զայն ա­նընդ­հատ կրել։ Աս­կէ զատ, այն գետ­նախն­ձո­րը՝ որ ա­մե­նէն ա­ռաջ դրուած էր տոպ­րա­կին մէջ, սկսած էր ար­դէն փտիլ ու նե­խիլ։ Ան լպրծուն, ցե­խան­ման եւ գար­շե­լի փա­ռով, այ­սինքն՝ բա­րակ մաշ­կով մը պա­տուած էր։ Ո­րոշ­նե­րը, այ­սինքն՝ կե­ղե­ւը ար­դէն տուած էր ծի­լեր եւ ծաղ­կեր էին՝ ո­րոնք սուր ցցուած՝ տհաճ ու գար­շե­լի ժահ մը՝ գէշ հոտ մը կ՚ար­ձա­կէին։ Գետ­նախն­ձո­րը սկսած էր ար­դէն փճա­նալ եւ աղ­բի վե­րա­ծուիլ։

«Ա­շա­կեր­տը դար­ձեալ ե­կաւ ու­սուց­չին մօտ եւ ը­սաւ.- Այ­լեւս կա­րե­լի չէ՛ կրել այս տոպ­րա­կը։ Նախ տոպ­րա­կը շատ ծան­րա­ցած է, եւ երկ­րորդ՝ գետ­նախն­ձո­րը սկսած է նե­խիլ ու փճա­նալ։ Խնդրեմ ճար մը ա­ռա­ջար­կե­ցէ՛ք։ Բայց ու­սու­ցի­չը, փո­խա­նակ ա­ռա­ջարկ մը ներ­կա­յաց­նե­լու կամ խրա­տե­լու, ա­շա­կեր­տին պա­տաս­խա­նեց.- Ա­հա­ւա­սիկ, գետ­նախն­ձո­րին պա­տա­հած ճիշդ նոյն բանն է որ կը կա­տա­րուի քու հո­գիիդ։ Երբ դուն ոե­ւէ մէ­կուն բար­կա­նաս կամ նե­ղա­նաս ա­նոր, հո­գիդ ծանր քա­րի մը կը վե­րա­ծուի։ Ան­մի­ջա­պէս դուն չես զգար այդ ծան­րու­թիւ­նը։ Այ­նու­հե­տեւ քա­րը աս­տի­ճա­նա­բար կը մեծ­նայ եւ հետզ­հե­տէ կ՚ա­ւել­նայ ծան­րու­թիւ­նը։ Ուս­տի մար­դուս ա­րարք­նե­րը կը վեր­ծուին սո­վո­րու­թեան, սո­վո­րու­թիւն­նե­րը՝ բնա­ւո­րու­թեան, որ գար­շա­հոտ ա­րատ­ներ կը ստեղ­ծեն։ Ես քե­զի, այդ ամ­բողջ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուդ ըն­թաց­քին, ողջմ­տու­թեամբ յա­ռա­ջա­նա­լու, շի­տա­կին հե­տե­ւե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը տուի։ Ուս­տի ա­մէն ան­գամ, երբ դուն նե­ղա­նաս կամ բար­կա­նաս մէ­կու մը, ընդ­հա­կա­ռա­կը, նե­ղա­նա­լէ ա­ռաջ մտա­ծէ՝ թէ ար­դեօք քե­զի պէ՞տք է այդ քա­րը»։

­Սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը. երբ կ՚ամ­բաս­տա­նենք մէ­կը, մեր միայն մէկ մա­տը՝ ցու­ցա­մա­տը ցոյց կու տայ զայն, իսկ մնա­ցեալ չորս մա­տը ցոյց կու տան մե­զի՝ ամ­բաս­տա­նո­ղը։ Ու­շադ­րու­թիւն ը­րէ՛ք եւ ըստ այնմ ո­րո­շե­ցէ՛ք. ամ­բաս­տա­նե՞լ մէ­կը, թէ ամ­բաս­տա­նե­լէ ա­ռաջ ինք­նա­դա­տե՛լ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 21, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2016