ԵՄ-Ի ԿՈՂՄԷ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՄԻՋՈՑՆԵՐ

Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ սու­րիա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րուն յատ­կաց­ման նպա­տա­կով Թուր­քիոյ հա­մար նա­խա­տե­սուած 3 մի­լիառ եւ­րո­յին 428 մի­լիոն­նոց բա­ժի­նը պի­տի յատ­կա­ցուի Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Գեր­մա­նիոյ Ելմ­տա­կան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ գաղ­թա­կան­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած 3 մի­լիառ եւ­րո­յին 1 մի­լիա­ռը պի­տի տրա­մադ­րուի ԵՄ-ի հա­սա­րա­կաց պիւտ­ճէէն, իսկ մնա­ցեալ 2 մի­լիառ եւ­րոն պի­տի տրա­մադ­րեն ան­դամ եր­կիր­նե­րը։ Պեր­լի­նէն կը հա­ղոր­դուի, որ ներ­կայ յատ­կա­ցում­նե­րը սկսած են կա­տա­րուիլ ա­ռայժմ ԵՄ-ի հա­սա­րա­կաց պիւտ­ճէէն։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, շա­բա­թա­վեր­ջին Կա­զիան­թէպ այ­ցե­լած էին Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուսք, Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ եւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի Փոխ-նա­խա­գահ Ֆրանց Թիմ­մեր­մանս, ո­րոնք հիւ­րըն­կա­լուած էին Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի կող­մէ։ Բարձ­րաս­տի­ճան հիւ­րե­րը Կա­զիան­թէ­պի մէջ այ­ցե­լած էին գաղ­թա­կա­նաց ճամ­բար մը եւ վե­րո­յի­շեալ չորս ա­նուն­նե­րը սար­քած էին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Այդ հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին պաշ­տօ­նա­պէս տե­ղե­կա­ցուած էր, թէ Եւ­րո­միու­թան կող­մէ Թուր­քիոյ հա­մար նա­խա­տե­սուած յատ­կա­ցում­նե­րը ար­դէն կը սկսին։ Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լու մատ­նան­շած էր այս հար­ցին շուրջ Թուր­քիոյ կող­մէ ա­ռան­ձինն ստանձ­նուած ծանր պա­տաս­խա­տա­նուու­թիւ­նը։

Կա­զիան­թէ­պի մէջ ընդգ­ծուած էր նաեւ, որ Թուր­քիոյ եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թեան ան­բա­ժա­նե­լի տարրն է՝ թրքահ­պա­տակ­նե­րու Շեն­կէ­նի գօ­տիէն ներս ա­ռանց վի­զա­յի անհ­րա­ժեշ­տու­թեան ա­զատ շրջա­գա­յու­թիւ­նը։

Միւս կողմէ, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, ԵՄ-ի գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, թէ Թուրքիա տակաւին հեռու է ԵՄ-ին անդամակցելէ։ «Ֆրանս Էնթէր» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցին մէջ Ֆետերիքա Մոկերինի յայտնեց, թէ Թուրքիոյ անդամակցութեան ժամկէտը կախում ունի բանակցութիւններու ընթացքէն։ Այս գծով ան կանգ առաւ մարդու հիմնարար ազատութիւններու, նաեւ մամուլի ազատութեան վրայ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016