ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Ե­րե­ւա­նի Հա­լա­պեան փո­ղո­ցին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պայ­թում մը։ Փո­ղո­ցի թիւ 11 շէն­քին մօտ օ­թօ­պիւ­սի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պայ­թում մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով եր­կու հո­գի զո­հուե­ցաւ, կան նաեւ վի­րա­ւոր­ներ։ Հա­լա­պեան-Ար­զու­մա­նեան փո­ղոց­նե­րու խաչ­մե­րու­կին՝ «Նիգ» սրճա­րա­նի մօ­տա­կայ­քին պա­տա­հե­ցաւ այս պայ­թու­մը, որ­մէ ան­մի­ջա­պէս վերջ սկսան փրկա­րա­րա­կան եւ քննչա­կան աշ­խա­տանք­ներ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ պատ­կան մար­մին­նե­րը տա­րուած աշ­խա­տան­քին կա­պակ­ցու­թեամբ պար­բե­րա­բար տե­ղեակ կը պա­հեն Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նը։ Ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Սերժ Սարգ­սեանն ալ ոս­տի­կա­նու­թեան յանձ­նա­րա­րած է ու­ժե­ղաց­նել պա­հա­կա­յին ծա­ռա­յու­թիւ­նը։ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նար­կած է՝ տու­ժած­նե­րուն բժշկա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րը հան­րա­յին կար­ծի­քին ալ կոչ ուղ­ղած են՝ զերծ մնալ չստու­գուած տուեալ­նե­րու տա­րա­ծու­մէն։

Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը այս ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ ութ վի­րա­ւո­րեալ­նե­րու կա­ցու­թիւ­նը մաս­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ կը գնա­հա­տուի կա­յուն ծանր։ Իսկ ոս­տի­կա­նա­պետ Վլա­տի­միր Գաս­պա­րեան տե­ղե­կա­ցուց, թէ օ­թօ­պիւ­սին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է ոչ թէ բե­կո­րա­յին, այլ ա­լի­քա­ձեւ պայ­թում մը։ Ըստ իր փո­խան­ցած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, պայ­թու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է օ­թօ­պիւ­սի աջ կող­մի երկ­րորդ նստա­րա­նին։ Դէպ­քի վայ­րին վրայ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ոս­տի­կա­նա­պե­տը յայտ­նեց, թէ օ­թօ­պիւ­սը կ՚աշ­խա­տէր տի­զէլ վա­ռե­լա­նիւ­թով, հե­տե­ւա­բար դէպ­քը չի կրնար կա­զի պայ­թու­մի մը հե­տե­ւան­քը ըլ­լալ։ Վլա­տի­միր Գաս­պա­րեան հրա­ժա­րե­ցաւ մեկ­նա­բա­նե­լէ հա­ւա­նա­կան ա­հա­բեկ­չու­թեան մը վար­կա­ծին վե­րա­բե­րեալ լու­րե­րը՝ ու նշեց, որ այս պա­հուն ո՛չ հեր­քե­լու եւ ոչ ալ հաս­տա­տե­լու ժա­մա­նակն է։

Հա­յաս­տա­նի Քննչա­կան կո­մի­տէի աղ­բիւր­ներն ալ փո­խան­ցե­ցին, որ օ­թօ­պիւ­սի վա­րոր­դը չէ վնա­սուած եւ այս պա­հուն քննու­թեան տակ կը գտնուի։ Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թիւնն ալ դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ յա­րու­ցած է քրէա­կան գործ, որ կ՚ըն­թա­նայ Քննչա­կան կո­մի­տէի յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թեամբ գոր­ծե­րու քննու­թեան վար­չու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ներ­քեւ։

Հարկ է նշել, որ Հա­լա­պեան փո­ղո­ցի պատ­կան հա­տուա­ծը ա­նո­րոշ ժա­մա­նա­կով փա­կուած է եր­թե­ւե­կու­թեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016