ՄԵԾ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Իս­թան­պու­լա­հայ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը դար­ձեալ կ՚ապ­րին ե­րա­զա­յին օ­րեր եւ ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սեն Հինգ­շաբ­թի օ­րուան մեծ ժա­մադ­րու­թեան։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ներ­կա­յիս քա­ղա­քիս մէջ է Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը, որ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ կը հիւ­րըն­կա­լուի Է­սաեան սա­նուց միու­թեան «Մա­րալ» եր­գի-պա­րի հա­մոյ­թին կող­մէ։ Ինչ­պէս ար­դէն յայ­տա­րա­րուած է, այս Հինգ­շաբ­թի, Իս­թան­պու­լի հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ, Հար­պիէ, Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը եւ «Մա­րալ»ը հան­դէս պի­տի գան հա­մա­տեղ ե­լոյ­թով մը։ Այս ձեռ­նար­կը ու­նի ար­տա­սո­վոր նշա­նա­կու­թիւն եւ մի­ջո­ցէ մը ի վեր ար­դէն խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծած է մեր գե­ղա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան մօտ։ Ծրագ­րին հո­վա­նա­ւորն է յայտ­նի հա­մայն­քա­յին բա­րե­րար Ա­րէտ-Մո­նիք Եր­կա­նեան ա­մո­լը։

Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը ժա­մա­նեց Իս­թան­պուլ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան խում­բը հանգս­տա­ցաւ իր ի­ջե­ւա­նած պան­դո­կին մէջ, իսկ ե­րե­կո­յեան «Մա­րալ»ի ըն­տա­նի­քը հա­մոյ­թի ան­դամ­նե­րը պա­տուեց բա­րի գալս­տեան ընթ­րի­քով մը։ Վոս­փո­րի ճա­շա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­ւա­քոյ­թը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ շատ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը ստեղ­ծուե­լուն։ Պա­րի պե­տա­կա­նի ան­դամ­նե­րը ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցան «Մա­րալ»ի ըն­տա­նի­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն կող­մէ։ Բա­ցի Ա­րէտ-Մո­նիք Եր­կա­նեան ա­մո­լէն, ընթ­րի­քին հրա­ւի­րուած­նե­րու շար­քին էին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն յայտ­նի դէմ­քեր, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշան եւ այլք։

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան ընթ­րի­քի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց՝ Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թի ան­դամ­նե­րուն ուղ­ղեալ։ «Մա­րալ»ի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Կար­պիս Չափ­քանն ալ ար­տա­սա­նեց իր սրտի խօս­քը։ Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թի գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Է­րիք Չան­չու­րեան հան­դէս ե­կաւ շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քով մը։ Հա­մոյ­թի նուա­գա­խում­բի ղե­կա­վար Հայկ Գրի­գո­րեանն ալ յայտ­նեց շնոր­հա­կա­լու­թիւն եւ մե­ներ­գեց ընթ­րի­քի ըն­թաց­քին։

Հա­ւա­քոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան ճա­շա­սե­ղա­նի շուրջ հա­մախմ­բուած հա­մոյ­թի ան­դամ­նե­րը պա­րե­ցին, նուա­գե­ցին՝ ստեղ­ծե­լով ջերմ ու ո­գե­ւոր մթնո­լորտ։

Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թը այ­սօր ա­զատ ժա­մա­նակ կ՚ան­ցը­նէ Իս­թան­պու­լի մէջ, նա­խա­տե­սուած է շրջա­գա­յու­թիւն մը՝ քա­ղա­քի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին տե­սար­ժան վայ­րե­րու ծա­նօ­թաց­ման հա­մար։ Ե­րե­կո­յեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Տեր­վիշ Է­րօղ­լու» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի եր­դի­քին տակ նա­խա­տե­սուած է Հա­յաս­տա­նի Պա­րի պե­տա­կան հա­մոյ­թի եւ «Մա­րալ»ի հա­մա­տեղ փոր­ձը։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2016