ՆՈՐ ՇՏԵՄԱՐԱՆ, ՆՈՐ ԳՈՐԾԻՔՆԵՐ
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը վերջերս համալսարանի «Մանուկեան» սրահին մէջ շնորհանդէսի միջոցաւ ներակայացուց իր նոր կայքէջը՝ նորացուած բովանդակութեամբ եւ արդի գործիքակազմով։
Գրադարանը իր նախորդ, բայց հարստացուած բաժիններուն՝ «Հայ դասական մատենագրութիւն», «Արեւմտահայ եւ Սփիւռքի գրականութիւն», աւելացուցած է եւս մէկը՝ «Նահատակ հայ հեղինակներ» անուանումով։
Ան կը ներառէ Մեծ Եղեռնի զոհ դարձած գրողներու, բանաստեղծներու, հրապարակախօսներու, պատմաբաններու, լեզուաբաններու, ազգագրագէտներու եւ այլոց, թիւով քառասուն հեղինակներու շուրջ վաթսուն հատոր աշխատութիւններ։
Այդ հատորներու մէկ մասը, ինչպէս շնորհանդէսին նշեց Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանի տնօրէն Մերուժան Կարապետեան, հրատարակուած ըլլալով արեւմտահայ մամուլի էջերուն մէջ, երբեք լոյս չէր տեսած առանձին հատորներով։ Աշխատութիւնները օժտուած են համառօտ ու ընդարձակ կենսամատենագիտութիւններով։
Դասական հայ գրականութեան թեքստերուն զուգահեռ գրադարաննի մէջ կը գործէ «Նոր բառգիրք հայկազնեան լեզու»ի ել-տարբերակը։
Շնորհանդէսի ժամանակ Յովհաննէս Կիզողեան ներկայացուց նաեւ կայքէջը՝ ժամանակակից դիւրակիր սարքերու համար:
Նշուեցաւ, որ ամենամօտ ապագային կը բացուի նաեւ գրադարանի ել-յաւելուածը iOS եւ Android ծրագրաշարերով աշխատող դիւրակիր սարքերու համար։
Շնորհանդէսին խօսք առաւ նաեւ Ամերիկեան համալսարանի տնօրէն Տքթ. Արմէն Տէր-Կիւրեղեան:
Իսկ Մերուժան Կարապետեան նշեց, որ ծրագիրը իրականութիւն դարձած է շնորհիւ հովանաւորներու՝ Ալիս Յովհաննէսեանի, «Թրփանճեան ընտանիք հիմնադրամ»ի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան, 100-ամեակի Սան Ֆրանսիսքոյի տարածքային յանձնաժողովի եւ Մխիթարեան միաբանութեան:
Շնորհանդէսին ներկայ էր նաեւ ծրագրի հովանաւորներէն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի ղեկավար Ռազմիկ Փանոսեան, որ կարեւորեց նման ծրագրի իրականացումը եւ մեծապէս գնահատեց Հայ մատենագիտութեան թուանշանային գրադարանի աշխատանքը՝ արեւմտահայ ժառանգութիւնը պահպանելու գործին մէջ:
*
Հայկական ամենէն մեծ թուանշանային գրական հարթակը՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Հայ մատենագրութեան թուանշանային գրադարանը նորացուցած է իր կայքէջը, որուն մէջ նախորդ՝ «Հայ դասական մատենագրութիւն», «Արեւմտահայ եւ Սփիւռքի գրականութիւն» բաժիններու քով աւելցուած է եւս մէկը՝ «Հայ նահատակ հեղինակներ» խորագրով: Ան կը ներառէ Եղեռնին զոհ դարձած գրողներու, բանաստեղծներու, հրապարակախօսներու, պատմաբաններու, լեզուաբաններու, ազգագրագէտներու եւ այլ մասնագէտներու՝ թիւով քառասուն հեղինակի շուրջ վաթսուն աշխատութիւն, որոնք արդէն բաց ու մատչելի են օգտուիլ փափաքողներու համար:
Ծրագիրը իրականութիւն դարձած է շնորհիւ հովանաւորներու՝ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի, Ալիս Յովհաննէսեանի, «Թրփանճեան ընտանիք հիմնադրամ»ի, 100-ամեակի Սան Ֆրանսիսքոյի յանձնախումբի եւ Մխիթարեան միաբանութեան: Այդ հաստատութիւնները կարեւորած են հայկական ամենէն մեծ գրական թուային շտեմարանի մէջ նահատակ հայ հեղինակներու գործերու թուայնացումը եւ աջակցած են նախաձեռնութեան, որ շարունակութիւն պիտի ունենայ: Թուայնացուած հայ հեղինակներու կարգին են.
Գրիգոր Զօհրապ
Յարութիւն Շահրիկեան (Ատոմ)
Գարեգին Չագալեան (Խաժակ)
Խաչատուր Մալումեան (Ակնունի)
Սիամանթօ (Ատոմ Եարճանեան)
Մելքոն Կիւրճեան (Հրանդ)
Դանիէլ Վարուժան
Ռուբէն Զարդարեան
Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան)
Նազարէթ Տաղաւարեան
Կարապետ Փաշայեան Խան
Լեւոն Լարենց (Քիրիշճեան)
Սմբատ Բիւրատ (Տէր-Ղազարենց)
Բարսեղ Շահպազ
Արտաշէս Յարութիւնեան
Ժագ Սայապալեան (Փայլակ)
Գեղամ Բարսեղեան
Տիգրան Չէօկիւրեան
Յակոբ Թէրզեան (Յակթէր)
Տիգրան Օտեան (Ասօ)
Երուանդ Սրմաքէշխանլեան (Երուխան)
Թլկատինցի (Յովհաննէս Յարութիւնեան)
Յակոբ Պապիկեան
Գագիկ Օզանեան
Յովհաննէս Գազանճեան
Գեղամ Տէր Կարապետեան
Մարի Պէյլէրեան
Տիրան Չրաքեան (Ինտրա)
Յարութիւն Ճանկիւլեան (Կայծիկ)
Հայ մատենագրութեան թուանշանային գրադարանի գիտական գծով տնօրէն Մերուժան Կարապետեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցին նշեց, որ այդ հեղինակներու մէկ մասին գործերը կը թուայնացուին առաջին անգամ, եւ աշխատանքը վեց-ութ ամսուան աշխատանքի արդիւնքին իրականութիւն դարձած է: Ըստ գրադարանի գիտական գծով տնօրէնի, այդ հեղինակներու գործերու թուայնացումը լոկ պատճէնում չ՚ենթադրեր, այլ շատ պարագաներու քանի մը տասնեակի չափ նոր գիրքեր ստեղծուած են, եւ գրադարանի աշխատակազմը այդ մէկը ըրած է՝ ամբողջ արեւմտահայ մամուլը, այսպէս ըսած, քամելով:
Հայ մատենագրութեան թուանշանային գրադարանի ԲանԲեր անունով որոնիչը հնարաւորութիւն կու տայ մի քանի վայրկեաններու ընթացքին գտնել անհրաժեշտ բնագիրը, բառը կամ արտայայտութիւնը, ինչ որ, ըստ Մերուժան Կարապետեանի՝ լաւագոյն հնարաւորութիւնները կը ստեղծէ հայերէն թեքստերու հետ աշխատող մասնագէտներուն, հետազօտողներուն համար, որոնք այս ճանապարհով կրնան ուսումնասիրութիւններ կատարել:
«Համացանցի մէջ հայերէնի՝ գրաբարի արեւելահայերէնի, արեւմտահայերէնի լիակատար առկայութիւնը ուղղակի պարտադիր է՝ ըլլալով աշխարհի հնագոյն ազգերէն մին եւ ունենալով գրաւոր ահռելի ծաւալով մշակոյթ, որուն մէջ ամէն օր նոր բան մը կը յայտնաբերենք, մենք պէտք է համացանցը ուղղակի ողողենք հայերէնով: Մեսրոպ Մաշտոցէն ի վեր հայերէնը չէ ունեցած զարգացման ու յառաջացման այնպիսի հզօր հնարաւորութիւն մը, ինչպիսին համացանցն է, եւ այսօր պարզապէս պէտք է գործածել անոր բոլոր միջոցները՝ մեր լեզուն, մշակոյթը հասանելի եւ մատչելի դարձնելու համար», նշեց Մերուժան Կարապետան, որ կանգնած է Հայ մատենագրութեան թուանշանային գրադարանի ստեղծման հիմքերուն վրայ։
Տակաւին 1999-2000 թուականներուն Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի մէջ ամերիկահայ Տիկին Ալիս Յովհաննէսեանի նիւթական աջակցութեամբ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ եւ Երեւանի Մատենադարանի աշխատակիցներէն ստեղծուած խումբով մը իրագործուեցաւ «Ե.-ԺԸ. դարերու Հայ դասական մատենագրութեան» ելեկտրոնային գրադարանի ստեղծման ծրագիրը: Ան 2000 թուականէն մինչ այսօր համացանցին մէջ կը գործէ www.digilib.am հասցէով:
2001 թուականին «Ե.-ԺԸ. դարերու Հայ դասական մատենագրութեան» ելեկտրոնային գրադարանը արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մրցանակին՝ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզէն ներս 2000 թուականի նշանակալի աւանդի համար։
Այնուհետեւ, 2003 թուականին Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ Համաշխարհային դրամատան պատուէրով իրականութիւն դարձաւ Հայաստանի թանգարանային իրերու շտեմաւորման «Թանգարան-1.0» ծրագիրը, որով այսօր շտեմաւորում կ՚իրականացնեն Հայաստանի մօտ երեք տասնեակ թանգարաններ։
2003 թուականին նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան պատուէրով ստեղծուեցաւ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» սեղմասկաւառակը՝ նուիրուած «Մատեան»ի 1000-ամեակին։ «Նարեկ»ի սեղմասկաւառակը ել-բովանդակութեան համահայկական մրցոյթի ժամանակ 2006 թուականին ստացաւ գլխաւոր մրցանակը։
2002-2005 թուականներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան պատուէրով հրատարակութեան պատրաստուեցան եւ լոյս տեսան «Մատենագիրք հայոց» մատենաշարի առաջին հինգ հատորները՝ նուիրուած Հայոց գիրերու գիւտին։
Իսկ արդէն 2007-2008 թուականներուն «Թրփանճեան ընտանիք հիմնադրամ»ի աջակցութեամբ «Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարան»ի մէջ իրականացուեցաւ 1850-2000 թուականներու Արեւմտահայ եւ Սփիւռքի գրականութեան թուանշանացումը, իսկ 2009-2010 թուականներուն, կրկին «Թրփանճեան ընտանիք հիմնադրամ»ի աջակցութեամբ՝ նոր կայքէջի պատրաստումը:
Այս բոլոր աշխատանքներուն մէջ Հայ մատենագրութեան թուանշանային գրադարանի հիմնական ուղղութիւնը եղած է ստեղծել նորը եւ շարունակել նախկինը՝ հարստացնելով նոր նիւթերով եւ նոր բովանդակութեամբ:
Թուանշանային գրադարանը առաջին անգամ փորձ կատարած է նաեւ հայերէն բառարանները կապել թեքստերուն՝ դիւրացնելու համար հետազօտողներու աշխատանքը: Բնագրերուն կապուած են Աճառեանի Անձնանուններու բառարանը, Նոր Հայկազեան բառարանը եւ այլ հայերէն բառարաններ:
Մերուժան Կարապետեան տեղեկացուց նաեւ, որ բացի արդէն թուայնացուած հեղինակներէն, պէտք է թուայնացուին նաեւ միւս արեւմտահայ հեղինակներու գործերը՝ Զապէլ Եսայեան, Արշակ Ալպոյաճեան, Արշակ Չօպանեան, Օտեան եւ այլոց գրական, հրապարակախօսական եւ միւս ժառանգութիւնները: Հայ գրաւոր ժառանգութեան տակաւին չնչին մասն է թուային հարթակներու վրայ, եւ ինչպէս նշեց Մերուժան Կարապետան, հայ գրականութեան թուայնացմամբ մենք անգամ մը եւս կը տեսնենք, որ անիկա համաշխարհաին ժառանգութիւն է եւ միայն մեզի անհրաժեշտ չէ:
Խօսելով կատարած վերջին աշխատանքի մասին, Հայ մատենագրութեան թուանշանային գրադարանի գիտական տնօրէնը նշեց, որ կատարած են սրտի աշխատանք, հոգիի պարտք:
«Ասիկա գրականութիւն է, որ պէտք է ուսումնասիրուի, իւրացուի, տարածուի: Կարդանք, տարածենք, հասկնանք այս տղաքը, որ գործած են մեր պատմութեան մէջ բացառիկ շրջանի մը ընթացքին՝ 1880-1920 թուականներուն, որ իրաւ բացառիկ տարիներ էին: Ես մէկը չեմ գիտեր, որ անձնազոհ չէ եղած կամ իր առջեւ խնդիր մը չէ դրած այդ տարիներուն», ըսաւ Մերուժան Կարապետեան, դրուագներ յիշելով անցեալ դարասկիզբի եւ նախորդ դարավերջի հայ մտաւորականներու կեանքէն:
Հայ մատենագրութեան թուանշանային գրադարանի նորացուած կայքէջի շնորհանդէսին ներկայ էր նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեան, որ ողջունելով գրադարանի կատարած աշխատանքը՝ ըսաւ.
«Նայելով ետ, անցեալ, սկսելով Յակոբ Մեղապարտեն 1512-էն, երբ առաջին հայերէն գիրքը տպուեցաւ, կը տեսնենք, թէ ինչպէս մենք, իբրեւ ժողովուրդ, միշտ կրցած ենք արհեստագիտութիւնը եւ մեր մշակոյթը քով քովի բերել: Սակայն, քսանմէկերորդ դարուն սկիզբը քիչ մը ետ մնացած ենք, որովհետեւ նորագոյն ելեկտրոնային, արհեստագիտական աշխարհը, որ ստեղծուած է, հայկական մշակոյթը անոր ամբողջութեամբ չէ առընչուած ըստ իս, կամ ըստ իմ բաժանմունքիս, ինչպէս որ պէտք է ըլլար, եւ ատոր համար, մեզի համար, այս տեսակի ծրագիրները շատ կարեւոր են: Ես Հայ մատենագրութեան թուանշանային գրադարանին ըրած աշխատանքը կարեւոր քայլ մը կը նկատեմ մեր մշակութային գրական հարստութիւնը եւ թուայնացուած աշխարհը քով քովի բերելու առումով: Գիտեմ, որ ուրիշ ծրագիրներ ալ կան, Ազգային գրադարանն ալ կ՚ընէ այս գործը, բաւական աշխատանք կը տանի այս ուղղութամբ, բայց Թուանշանային գրադարանինը կարեւոր է այն առումով, որ կրնանք հետազօտական աշխատանք կատարել նիւթերուն վրայ, ինչ որ շատ կարեւոր է:
«Մենք պէտք է աւելի շատ մտածենք այն մասին, թէ ինչպէս այս թուայնացուած աշխարհը, արհեստագիտութիւնը կրնանք քով-քովի դնելով նոր մշակոյթ եւ նոր գրականութիւն ստեղծելու մէջ օգտագործել: Որպէսզի լեզուն, գրականութիւնը մանաւանդ արեւմտահայերէնը զարգանան, պէտք է կարողանանք շաղել անցեալը, ներկան ու ապագայի գրականութիւնը:
«Կը խօսինք արւեմտահայերէնը որպէս վտանգուած լեզու պահպանելու մասին, ես կ՚ըսէի, որ պէտք է նոյնչափ շեշտը դնենք լեզուն յառաջացնելու, աշխուժացնելու, ստեղծելու գաղափարը անոր մէջ ներդնելու վրայ, որպէսզի արեւմտահայերէնը սփիւռքի մէջ ըլլայ ամենօրեայ, գործածական լեզու:
«Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը այս տեսակ բաներու վրայ ուշադրութիւն կը դարձնէ եւ այդ առումով, կը տեսնեմ, որ Հայ մատենագրութեան թուանշանային գրադարանի աշխատակազմը խոր յարգանք ունի արեւմտահայերէնի հանդէպ, ինչ որ ողջունելի է: Ստեղծուած է հիմք մը, կամ հիմքերէն մին, որ կրնայ իր կարգին հիմք ըլլալ ուրիշ գործիքներ ստեղծելու համար: Ասիկա հսկայական աշխատանք մըն է արեւմտահայերէնի մարմին (corpus) ստեղծելու համար»։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ