ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան շաբաթավերջին այցելեց Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանը, ուր հիւրընկալուեցաւ ջերմօրէն։ Գերապայծառին կ՚ընկերանար Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան։
Այցելութեան ընթացքին Զէքիեան Գերապայծառ ջերմօրէն շրջապատուեցաւ Անարատ Յղութեան միաբանութենէն Քոյր Անրիէթի, վարժարանի մատակարար մարմնի ատենապետ Տիգրան Էօտիւլի եւ ընկերներուն, հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարապետ Մխալեանի, տնօրէն Շահին Չընարի եւ այլ պատասխանատուներու կողմէ։ Փոքրիկ աշակերտի մը կողմէ դպրոցի մուտքին ծաղիկ մը յանձնուեցաւ Զէքիեան Գերապայծառին, որ մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեց դպրոցի ներկայ վիճակին շուրջ։ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան հետեւեցաւ նաեւ Ապրիլի 23-ին Մանկանց տօնին առթիւ վարժարանէն ներս կազմակերպուած հանդէսին։ Ան զրուցեց նաեւ ուսուցչական կազմին հետ։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանէն ներս շրջայց մըն ալ կատարեց Զէքիեան Գերապայծառը, որու ի պատիւ ճաշասեղան մըն ալ սարքուեցաւ եւ ան դրական տպաւորութիւններով հրաժեշտ առաւ դպրոցէն։