ՊահրԷյնի մէջ գիրքի ցուցահանդէս
Աւելի քան երեք հարիւր եւ ութսուն հրատարակչատուներ՝ քսան տարբեր երկիրներէ ժամանած՝ մաս կազմեցին Պահրէյնի թագաւորութեան 17-րդ Միջազգային գիրքի ցուցահանդէսին։ Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Մարտ 24-Ապրիլ 3 թուականներուն միջեւ, Պահրէյնի Ազգային թանգարանի մեծ ցուցահանդէսի սրահին մէջ՝ կազմակերպութեամբ Մշակոյթի նախարարութեան։
Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնը՝ պաշտօնական հրաւէրովը Պահրէյնի Մշակոյթի նախարարութան, մաս կազմեց այս միջազգային ցուցահանդէսին։ Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնը առաջին անգամն էր, որ կը մասնակցէր այս ցուցահանդէսին՝ ըլլալով միակ քրիստոնէական կազմակերպութիւնը։ Աստուածաշունչի ընկերակցութիւնը ցուցադրութեան դրած էր աւելի քան երկու հարիւր Աստուածաշունչեր եւ տարբեր լեզուներով՝ նաեւ փոքր ցուցահանդէս մը ներկայացնելով Աստուածաշունչը պատմութեան առանցքին, վեր առնելով անոր մշակութային յատկութիւնները եւ տարբեր թարգմանութիւնները։
Աստուածաշունչի ընկերակցութեան մասնակցութիւնը սոյն ցուցահանդէսին ստեղծեց մեծ հետաքրքրութիւն։ Տեղական մամուլը անդրադարձաւ այս իրողութեան։ Մեծ էր թիւը այցելուներուն՝ որոնց հետաքրքրութիւնը եւ հարցումները կը կեդրոնանային ստանալու աւելի տեղեկութիւն Աստուածաշունչի բովանդակութեան եւ անոր աստուածաբանական տուեալներու վրայ։ Հետաքրքական էր տեղացի չափահաս տիկնոջ մը ակնարկութիւնը։ Երբ նայեցաւ աստուածաշունչերուն եւ անոր կողքի այլ հրատարակչատան մը տաղաւարին վրայ ցուցադրութեան դրուած քուրաններուն ըսաւ. «Այս մեծ վկայութիւն մըն է Պահրէյնի եւ բոլոր այցելուներուն, որոնք կրնան տեսնել, թէ կարելի է միասին ապրիլ»։
Աստուածաշունչի ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար Տքթ. Հրայր ճէպէճեան ունեցաւ յատուկ հարցազրոյց մը Պահրէյնի հեռատեսիլէն։ Ան խօսեցաւ Աստուածաշունչի ընկերակցութեան մասին, ինչպէս նաեւ՝ Աստուածաշունչ մատեանին։ «Աստուածաշունչը միայն քրիստոնէական կրօնին գիրքը չէ։ Ան նաեւ մշակութային գիրք մըն է, որ համակեցութիւն կը քաջալերէ տարբեր կրօններու եւ ժողովուրդներու միջեւ», ըսաւ ան։
Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պահրէյնի պետութեան, որ կը քաջալերէ միջկրօնական գոյակեցութիւնը եւ հասկացողութիւնը։ «Պահրէյնի թագաւորութիւնը այն երկիրն է, ուր տարբեր ժողովուրդներ, մշակոյթներ եւ կրօններ միասին կ՚ապրին համերաշխօրէն։ Եւ ներկայ օրերուն մէջ, մենք պէտք ունինք այս տեսակի օրինակելի համակեցութիւններու», ըսաւ ան։