ՅԻՍՈՒՍԻ ԵՐԵՒՈՒՄԸ
Սա իրողութիւն մըն է, թէ՝ ամէն ճշմարտութիւն յաճախ քօղի մը ետին ծածկուած կ՚ըլլայ։ Ուստի բաւական չէ՛ ճշմարտութեան գոյութիւնը, էապէս ներկայութիւնը. պէ՛տք է որ անոր վրայ փռուածը վերցուի եւ ծածկուածը բացայայտնուի։ Ճշմարտութիւնը՝ իրապէս «ճշմարտութի՛ւն» է, երբ կը տեսնուի իր ճշմարիտ երեսով եւ ոչ թէ՝ քօղարուած եւ ծածկուած։
Քրիստոսի Յարութիւնը «ճշմարտութի՛ւն» մըն է՝ ո՛չ մէկ տարակոյս եւ ոչ մէկ կասկած, եւ ուրեմն երեւելու էր նաեւ որպէս փաստ եւ վճռակա՛ն ապացոյց այս անուրանալի իրականութեան։ Եւ նաեւ Յիսուս իր աշակերտներէն հրաժեշտ առաւ ուխտով մը, խոստումով մը իրենց հետ ըլլալու մինչեւ վերջ. «Եւ ահա մի՛շտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ. մինչեւ աշխարհի վախճանը» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 20)։ Ուստի Յիսուս երբ խաչուեցաւ, մեռաւ ու թաղուեցաւ, աշակերտները խորհեցան, թէ Յիսուսը միանգամընդմիշտ կորսնցուցին, եւ յուսահատութեան գիշերուան մը մէջ խորասուզուեցան։
Բայց յարութիւնը աշակերտներուն հոգիին «լուսաւորիչ արեւ»ը եղաւ. «Յիսուս մեռաւ, ու ահա՛ ողջ է եւ մեզի հետ է»։ Ահաւասիկ այս եղաւ անոնց փորձառութիւնը այդ օրերուն։ Ուրեմն, եթէ «մեռեալ» Յիսուս կրնայ «յարուցեալ» Յիսուսը ըլլալ եւ երեւի՛լ իրենց, կրնայ նաեւ «միշտ» իրենց հետ գտնուիլ։ Երեւիլ կը նշանակէ միասին ըլլալ…։
Յիսուսի տուած խոստումին, կամ ըսենք, ուխտին, երաշխիքը աշակերտներուն համար այն էր, որ «ան յարեաւ» եւ «երեւցաւ» իրենց։ Անմիջական փորձառութիւն մը ապագայ տեւական փորձառութեան ապահովութիւնը կամ վստահութիւնը տուաւ անոնց։
Յարեաւ, երեւցաւ, ուստի մի՛շտ պիտի երեւի։
Իրաքանչիւր հաւատացեալ քրիստոնեայի համար աներկբայելի իրականութիւն մը, ստուգութիւն մըն է Յիսուսի «տեւական» ներկայութիւնը եւ կամ «երեւում»ը իր կեանքին մէջ։ Եւ ահա՛ հոս է որ Յիսուս մեծ ու կարեւոր «ազդակ» մը կը հանդիսանայ ամէն մէկուս՝ զԱստուած եւ Իր նկարագիրը, էութիւնը ճանչնալու, հասկնալու եւ ըմբռնելու բանաւորապէս աւելի ճշգրտօրէն քան առանց անոր։
Աստուած ճանչնալու եւ ըմբռնելու համար պայմա՛ն է անշուշտ անդրադառնալ Յիսուսի մշտնջենաւոր ներկայութեան՝ նկատել Անոր «երեւում»ը մեր կեանքէն ներս, ապրիլ Անոր էութիւնը։
Արդարեւ քրիստոնէական վարդապետութեան հիմնաքա՛րն է արդէն Յիսուսի յարակենդանութիւնը, տեւական ներկայութիւնը։ Եւ եթէ Որդի եւ Հայր նոյնն են, մէկ են, ուրեմն, ի՛նչ որ է մին, միւսն ալ այն է. մշտնջենաւոր, անայլայլելի եւ յարակենդա՛ն։
Պարզ խօսքով ըսենք. քրիստոնեային Աստուածը Յիսուս Քրիստոսի մէջ կը յայտնուի, կամ ըսենք, Աստուած քրիստոնեային համար ա՛յն է, ինչ որ է Յիսուս Քրիստոս։ Չէ՞ որ Աստուած յաճախ «կ՚երեւի», մանաւանդ այն ատեն երբ պահանջքը կը զգանք Իրեն, եւ Յիսուս ալ յաճախ «կ՚երեւի» երբ պէտքը կը զգանք Իրեն։ Բայց կարեւորը այդ «երեւում»ին անդրադառնա՛լն է, ի՛նչ որ կարելի չէ մարմնաւոր աչքով տեսնել, այլ միայն հոգիի աչքով, քանի որ Աստուած հոգի՛ է։
Ուստի, Յիսուս դուրս հանեց Աստուծոյ իրականութիւնը մարդկային մտքի ըմբռնողութեան նեղ սահմանէն, եւ դրաւ զայն մարդկային փորձառութեան լայնագոյն սահմանին մէջ։
Աստուծոյ էութեան ու նկարագրին մասին բաւական նկարագրութիւնը եւ բացատրութիւնը վերածուեցաւ շօշափելի թանձրացեալ իրականութեան մը Յիսուս Քրիստոսի մէջ, մանաւանդ Իր տեւական ներկայութեամբ։ Զոր օրինակ, երբ մարդիկ կը խօսին, կամ կը խորհին Աստուծոյ բարութեան մասին, այդ բարութեան լիակատար ցուցմունքը՝ ներկայացումը կը տեսնեն Քրիստոսի մէջ։ Ինչպէս եւ Աստուծոյ սէրը, եւ անոր գերագոյն նպատակները կը տեսնուին Յիսուս Քրիստոսի՝ մշտակայ Փրկչին մէջ՝ մեղաւոր մարդկութեան համար։ Այս իմաստով՝ «տիպար» մըն է Յիսուս։
Ուստի քրիստոնեային Աստուածը Քրիստոսով յայտնուած եւ Քրիստոսի մէջ ապրած եւ նոյնացած Աստուա՛ծն է։ Եւ քրիստոնեայ հաւատացեալին համար կը բաւէ այդքանը երբ անդրադառնայ Յիսուս Քրիստոսի «երեւում»ին եւ անդրադառնայ Անոր մշտնջենական ներկայութեան։
Եւ քրիստոնեայ հաւատացեալին Աստուածը յաւիտենական է եւ յարակենդան, քանի որ Քրիստոս յաւիտենական եւ յարակենդան, տեւական ներկա՛յ քրիստոնեային կեանքին մէջ։ Ուստի Քրիստոս ժամանակաւոր՝ պատմական դէմք մը, անձ մը չէր, որ ըսենք՝ «եկաւ ու անցաւ…», այլ՝ «յայտնութիւն» մըն էր Աստուծոյ՝ յաւիտենական, անժամանակ, մշտնջենաւոր ու անայլայլելի ճշմարտութեան եւ այս իսկ պատճառով, իր էութեամբ Քրիստոս յաւիտենական ու յարակենդան իբրեւ մարմնացեալ, կենդանացեալ յայտնութիւն։ Ուստի զԱստուած կարելի է պաշտել ամէն պահ հոգիով ու ճշմարտութեամբ, քանի որ Ան միշտ ներկա՛յ է. այլ որոշ ծէսերու եւ արարողութիւններու սահմաններուն՝ մնալով այդ սահմաններուն մէջ, կը հակասենք Անոր մշտնջենաւոր, անայլայլելի եւ տեւական ներկայութեան իրակութիւնը։ Արդէն «Աստուած» ըմբռնումը կ՚ենթադրէ մշտակայ էութիւն՝ «աստ», «հո՛ս եղող» իմաստը։
Ուրեմն՝ լսե՜նք Աստուծոյ ձայնը, տեսնենք ու անդրադառնանք Անոր «երեւում»ին մեր կեանքէն ներս. փորձենք լսել հոգեւոր ականջով, փորձենք տեսնել հոգեւոր աչքով։ Եւ անպայմա՛ն պիտի լսենք զԱյն, անպայմա՛ն պիտի տեսնենք զԱյն, քանի որ Ան մեր շուրջն է՝ մեր մօտը, մեզի հետ յաւիտենապէս եւ յարակենդա՜ն… այո, սիրելի՜ներ փորձենք ու պիտի տեսնե՛նք ու պիտի լսե՛նք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 21, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024