ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 82-րդ գահակալ հոգելոյս Շնորհք Արք. Գալուստեանի վախճանման 25-րդ տարելիցին շարժառիթով Պատրիարքական Աթոռը լոյս ընծայեց նոր գիրք մը։ Ծանօթ է, որ երջանկայիշատակ պատրիարքի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ հաստատուած էր «Շնորհք Պատրիարք-100» մատենաշարը, որու շրջագծով լոյս տեսաւ «Գիրք Սաղմոսաց եւ ապաշխարութեան մեծ սաղմոսը» խորագրեալ գործը։
Այս հատորը Շնորհք Պատրիարքի կրօնաբարոյական սոյն աշխատասիրութիւնը եւս պատրաստուած է հաւատացեալ ժողովուրդի յատկապէս Մեծ պահքի շրջանին եւ ընդհանրապէս ապաշխարութեան շրջաններու հոգեւոր մատակարարութեան համար։ Ան, նախապէս լոյս տեսած է քաղաքիս մէջ՝ որպէս յօդուածաշարք եւ 1983-ին՝ որպէս անջատ հատոր։
Հատորը կը բացուի Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդող խօսքով, ուր հատորի խմբագիրը կը խօսի երանաշնորհ հեղինակին եւ ապաշխարութեան մեծ սաղմոսի կապին մասին։ Ապա տեղ կը գրաւեն սրբազան հեղինակի նկարը, հակիրճ կենսագրականը եւ հրատարակուած գիրքերու ցանկը, Սաղմոսասաց Դաւիթ թագաւորի կենսագրականը՝ գրի առնուած նոյնինքն երանաշնորհ հեղինակի կողմէ։
Նախապէս լոյս տեսած այս աշխատասիրութիւնը վերածուած է 16.5x23.5 սմ. չափերով 96 էջնոց հատորի մը, որուն մէջ սրբազան հեղինակը հակիրճ բացատրականէ մը ետք, կ՚անդրադառնայ Սաղմոսաց գիրքի Աստուածաշունչ մատեանի մէջի դիքին ու կարեւորութեան, բաժանումներուն ու տեսակներուն, երաժշտութեան հետ առընչութեան, վերնագրերուն, եբրայական եւ քրիստոնէական, ինչպէս նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ պաշտամունքի ընթացքին գործածութեան, տպագրեալ սաղմոսարաններու եւ հուսկ՝ Սաղմոսաց գիրքի գերազանցութեան։ Իսկ գիրքի երկրորդ մասին մէջ, հակիրճ մուտքէ մը ետք, համար առ համար կը մեկնաբանէ «Ողորմեա ինձ Աստուած» ապաշխարութեան սաղմոսը։
Հատորին մէջ տեղ կը գրաւէ նաեւ երանաշնորհ հեղինակի պատրիարքական շրջանի անձնական կնիքը։
Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած է Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, ի յիշատակ տիրամայր Արաքսի Անուշեանի։
Փափաքողներ պիտի կարենան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։