ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՏՕՆԵՐ
«Ի յերկնից երեւեալ նշանն յաղթութեան այսօր, հեթանոսաց ծագեաց լոյսն ողորմութեան»։
Շարականի այս հրաշալի՜ տողերը լաւագոյն կերպով թարգման կը հանդիսանայ Խաչին էութեան եւ կարեւորութեան՝ հոգեւոր կեանքի գոյապահպանման ու գոյատեւման ընթացքին մէջ։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Սուրբ Զատկին յաջորդող հինգերորդ Կիրակի օրը, մեր երանաշնորհ հայրապետներու տնօրինութեան համաձայն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին յիշատակեց Սուրբ Խաչի երեւման տօնը՝ անգամ մը եւս յիշելով Յիսուս Քրիստոսի խաչի վրայ թափած անմեղ արեան շնորհիւ մարդկութեան փրկութինը։ Եւ ինչպէս նախապէս նշեցինք, եւ բոլորիս ալ յայտնի է, այս տօնը պատմական-իրական դէպքի մը յիշատակութիւնն է՝ որ կը տօնեն ամբողջ Քրիստոնեայ Եկեղեցիները՝ թէեւ տարբեր թուականներուն։
Արդարեւ, Խաչին պատիւն եւ նոյնիսկ պաշտամունքը՝ ընդհանուր է ամէն եկեղեցիներու մէջ։
Խաչին կը վերագրուին ձիրքեր եւ արդիւնքներ՝ որ անհատական կամ հաւաքական, մեծ արժէք կը ներկայացնեն մարդուս հոգեւոր կեանքին նկատմամբ։
Ուստի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուին բազմաթիւ «Խաչի տօն»եր՝ որոնց միջոցով միշտ Խաչեալ Փրկի՛չն է որ կը յիշուի ու կը պաշտուի։
Այս իմաստով, մեր Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած «Խաչի տօն»երը չորս հատ են. Խաչվերաց, Գիւտ Խաչ, Երեւման Խաչ եւ Վարագայ Խաչ։ Ասոնցմէ զատ խաչի տօն կը կատարուի նաեւ Խաչի եօթնեկին՝ Երկուշաբթի, Ուրբաթ եւ Շաբաթ օրերը։ Բայց պէ՛տք է նշել, թէ Աւագ Ուրբաթ օրն ալ Խաչի ամենամեծ տօնը կը համարուի՝ քանի որ այդ օրը ուղղակի՛ յիշատակումն է Քրիստոսի խաչելութեան։
351 թուականին՝ Մայիս 7-ին, Կիւրեղ Երուսաղէմացի Հայրապետի օրով՝ ժամը 9-ին պատահեցաւ Խաչի երեւման հրաշալի՜ դէպքը՝ տարածուելով Գողգոթայէն մինչեւ Ձիթենեաց լեռը։
Արդարեւ Հայ-Քրիստոնեաներու բազմադարեան պատմութեան մէջ ալ քիչ չէ «Խաչի երեւում»ը։ Այս դէպքերէն՝ ամենէն հռչակաւորներէն է՝ Կորիւնի եւ Մովսէս Խորենացիի արձանագրութիւնը՝ Հայ Եկեղեցիի եռամեծ վարդապետ Մեսրոպ Մաշտոցի մահուան եւ թաղման կապակցութեամբ։ Ըստ այդ արձանագրութեան՝ Վաղարշապատ քաղաքի մէջ, օրեր շարունակ Խաչի լուսապայծառ նշանը փայլած է այն տան վրայ՝ ուր Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց աւանդած էր իր հոգին։
Եւ դարձեալ, այդ նոյն նշանը առաջնորդ եղած է բազմութեան՝ ամբողջ յուղարկաւորութեան ընթացքին։ Բայց եւ այնպէս, շատեր կը տարակուսին եւ կը հարցնեն, թէ՝ ի՛նչ է խաչը քրիստոնեային համար եւ ի՛նչ է անոր նշանակութիւնը քրիստոնեային կեանքին մէջ։
Քրիստոնեան՝ ապաւինելով խաչի զօրութեան կը խափանէ, կը յաղթահարէ չարը։ Երբ քրիստոնեան կը տեառնագրէ, այսինքն՝ կը խաչակնքէ եւ խաչով կ՚օրհնէ ինքզինք, կը զօրանայ։ Նաեւ Խաչով կը զարդարուին հոյաշէն եկեղեցիները, անով կը կնքէ՝ կը դրոշէ քրիստոնեան իր զաւակները, խաչով կը պսակուի, խաչով կը կազմէ սուրբ ընտանիք եւ խաչով գերեզման կ՚իջեցնէ իր սիրելի՜ները՝ յաւիտենական կեանքի յոյսով՝ անով կը փոխադրէ իր ննջող սիրելիները՝ անմահութեա՛ն։
Եւ ինչպէս որ Քրիստոսի երկրային կեանքը «խաչի ճանապարհ» մը եղաւ, այնպէս ալ քրիստոնեային այս ժամանակաւոր կեանքը խաչի ճամբայ մը՝ յաւիտենականութեան տանող ապահով անցք մըն է։
Եւ այս ճանապարհը նեղ եւ անձուկ է՝ դժուար, նեղութիւններով լեցուն, քարքարոտ ու փշոտ, բայց այդ ճամբուն վերջին հանգրուանը Քրիստոսի խոստացած «երկնային արքայութիւն»ն է։
Ուստի Սուրբ Խաչի երեւման տօնի պարտաւորեցնող պատգամն է՝ ո՛չ խաչակնքումը մեզի համար, ձեւական ու մեքենաբար՝ առանց մտածելու եւ գիտակցելու, որպէս պարզ «շարժում» մը ըլլալը, այլ ամէն անգամ որ կը տեառնագրենք, ամէն պահ անդրադառնալու առի՛թ մը այն մեծ ինքնազոհութեան՝ զոր Աստուած իրականացուց խաչի վրայ մե՛ր փրկութեան համար։
Ամէն տեառնագրելու պահուն յիշենք՝ որ խաչը մեր ապաւէ՛նն է Յիսուսի ինքնազոհութեամբ։
Եւ կրկնենք սրտառուչ մաղթանքը՝ եւ ըսենք.
«Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն, Տէր Յիսուս, յորժամ երեւիս փառօք Հօր ընդ ամպս լուսաւորս։
«Յայնժամ մեք մի՛ ամաչեսցուք յուսացեալքս ի քեզ, այլ զօրութեամբ քով մեծաւ բերկրեսցուք ընդ աջմէ քումմէ որպէս զորդիս լուսոյ եւ որդիս տունջեան»։
Եւ վերջացնելէ առաջ, պատասխան մը փնտռենք սա հարցումին. «Յիսուս ինչո՞ւ խաչուեցաւ»։
Արդարեւ երբ Յիսուս կ՚ըսէ. «Իմ ժամանակս լեցուած է», կը յայտնէ ան, թէ Ինք կը շարժի «Հօրը կամքով»ը։ Ուստի «ինչո՞ւ խաչուեցաւ Յիսուս» հարցումին պատասխանը այս խօսքին մէջ է՝ խաչուեցաւ քանի որ Հօրը կամքը ա՛յդպէս էր։ Աստուծոյ կամքն էր, որ Ինք սահմանափակուի «մարդկային կեանքի հուն»ին մէջ, եւ անկէ դուրս չելլէ որեւէ տեսակ ստիպողութեան տակ։ Յիսուս խաչուեցաւ նաեւ անոր համար որ պէ՛տք էր ցուցնէր, թէ Ինք կարող էր «լման մարդ» ըլլալով հանդերձ՝ «Աստուծոյ պէ՛ս» ապրիլ եւ վարուիլ։ Ինք լոյս էր եւ խաւարը լոյսը պիտի մերժէր։ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ՝ որքան կենսական է՝ «Մարդ ըլլալ եւ Աստուծոյ կողմը կենալ, որ հերոսութեան հարազատ էութի՛ւնն է»։
Ուստի երբ Յիսուս նեղութիւններու չենթարկուէր, չխաչուէր, ապա ի՜նչ արժէք պիտի ունենար իր այն խօսքը, երբ կը քաջալերէր ամբողջ մարդկութիւնը աշխարհի նեղութիւններու դէմ, ըսելով.
«Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Եւ Յիսուս տէ՛րն է իր ամէն մէկ խօսքին…։
Եւ Յիսուս կատարեալ տիպա՛րն եւ մայր օրինակն է «կատարեալ մա՛րդ»ուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 26, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024