ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈԳԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔ

Ռուս յայտ­նի ե­րա­ժիշտ ու խմբա­վար Վլա­տի­միր Սփի­վա­քով, ո­րու ա­ռաջ­նոր­դած «Մոս­կուա­յի վիրթի­ւէօզ­ներ» պե­տա­կան սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բը վեր­ջերս հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Կո­մի­տա­սի թան­գա­րա­նը։ Այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թա­քին Վլա­տի­միր Սփի­վա­քո­վին ուղ­եկ­ցե­ցան Մոս­կուա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի նախ­կին դես­պա­նը՝ Ար­մէն Սմբա­տեան, որ նոյն­պէս յայտ­նի ե­րա­ժիշտ մըն է, ինչ­պէս նաեւ լրագ­րող Մարք Գրի­գո­րեան։ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յին մէջ կազ­մա­կեր­պուած ի­րե­րա­յա­ջորդ եր­կու ե­լոյթ­նե­րու թարմ ու վառ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով Սփի­վա­քով այ­ցե­լեց Կո­մի­տա­սի թան­գա­րա­նը, ուր կա­տա­րեց շրջայց մը։ Թան­գա­րա­նին վե­րա­բե­րեալ դրա­կան վկա­յու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց աշ­խար­հահռ­չակ ա­րուես­տա­գէ­տը, որ շրջայ­ցի ըն­թաց­քին ծա­նօ­թա­ցաւ ներ­կա­յա­ցուած ցու­ցան­մոյշ­նե­րուն։ Թան­գա­րա­նի տնօ­րէն Նի­քո­լայ Կոս­տան­դեան նե­րա­յա­ցուց նաեւ այս կա­ռոյ­ցի ստեղծ­ման պատ­մու­թիւ­նը։

Պա­տուոյ հիւ­րե­րու տո­մա­րին մէջ Սփի­վա­քով նշեց, թէ պէտք է պահ­պա­նել մարդ­կա­յին ո­գիին նման բար­ձունք­նե­րը։ Այդ­պի­սի բար­ձունք­նե­րու օ­րի­նակ մըն է Կո­մի­տաս՝ իր կեան­քով, գոր­ծու­նէու­թեամբ ու ծա­ռա­յու­թեամբ։

Անդ­րա­դառ­նա­լով այ­սօր աշ­խար­հի վրայ առ­կայ բռնու­թիւն­նե­րուն ու ա­տե­լու­թեան եւ այդ ամ­բող­ջին մէջ մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ­նե­րուն վի­ճա­կած դե­րա­կա­տա­րու­թեան՝ Սփի­վա­քով ը­սաւ. «Ա­րուես­տը ու­նի շատ գոր­ծա­ռոյթ­ներ, ո­րոնք կու գան հին օ­րե­րէն։ Բայց այ­սօր գոր­ծա­ռոյ­թը մար­դիկ սփո­փելն է եւ զար­գա­ցում­նե­րու շեշ­տադ­րու­մը ներ­դաշ­նա­կու­թեան վրայ է։ Մար­դիկ ցրուած են աշ­խար­հի վրայ, շատ ա­տե­լու­թիւն կայ եւ պէտք չէ ա­նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն տալ, որ­պէս­զի տա­րա­ծուի, այ­լա­պէս վեր­ջը շատ վատ կ՚ըլ­լայ»։

Երկուշաբթի, Մայիս 2, 2016