ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը տեղի ունեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Դպրոցէն ներս մեծ ոգեւորութիւն ստեղծուեցաւ, մինչ հանդիսասրահը ու բեմը յարդարուած էին գոյնզգոյն, նաեւ զանազան տեսակէ շաքարներով։ Արդարեւ, առաջին դասարանի փոքրիկները «Շաքարներու դասարան» անուանուած են իրենց ուսուցիչներուն կողմէ։ Սրահի մուտքին հիւրերուն համար ներկայացուեցան տարուան տեւողութեան փոքրիկներուն կողմէ կատարուած ստեղծագործական աշխատանքները։
Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ընկերները, Արամեան-Ունճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, ուսուցչական կազմէն դէմքեր, թաղի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Յայտագիրը սկսաւ դասարանի ուսուցչուհի Աննա Սարը Սեչքինի ողջոյնի խօսքով։ Առաջին հերթին փոքրիկները ներկայացան գոյնզգոյն զգեստներու մէջ։ Անոնց կողմէ արտասանուած քառեակները իրենց ուսուցչուհիին կողմէ գրի առնուած էին՝ ըստ փոքրիկներու մասնայատկութիւններուն։ Օրուան ճոխ յայտագրին մաս կազմեցին արտասանութիւններ, թատերակներ, պարեր, երգեր ու պարքովիզիոնի ցուցադրութիւններ։ Հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն երեսակներէ բաղկացեալ յայտագիրը ունէր նաեւ երգիծական բաժիններ, որոնք բարձր տրամադրութիւն ստեղծեցին սրահին մէջ։
Ծնողներուն անունով արտայայտուեցաւ Ժպիտ Փորթագալեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց կրթական մշակներուն, Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնութեան եւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։ Փոքրիկներուն ուղղեալ անմիջական խօսքեր արտասանեցին նաեւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Այս հանդէսի պատրաստութեան համար ուսուցչուհի Աննա Սարը Սեչքինին օժանդակած էին Սիրեն Ճանթիւրք, Գարին Կիւր, Գարին Քիւչիւքօղլու, Թայիս Պուտաք, Սումրու Էքշիօղլու, Եւգինէ Ինճիտիւզէն եւ Քրիստին Տելլալօղլու։
Առաջին դասարանի փոքրիկները վարձատրուեցան Աննա Սարը Սեչքինի կողմէ հեղինակուած սիրուն գրքոյկով մը, որ կը բովանդակէր իրենց իսկ պատմութիւնը։ Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուն ալ փոքրիկներուն յանձնեց նուէրներ։ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի ձեռամբ տղաքը ստացան Աստուածաշունչ մատեաններ, մինչ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ տիկնանց կազմն ալ անոնց համար պատրաստած էր զանազան գիրքեր։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին յարակից Արամեան սանուց միութեան սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն։ Ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ ջերմ ու անմիջական զրոյցի մթնոլորտ։ Բոլորը փոքրիկները խրախուսեցին՝ ապագայ ուսումնական տարիներու յաջողութեան մաղթանքով։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024