ՄԱՄՈՒԼԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐԱՀԻՆ ՕՐԸ
Մայիսի 3-ին՝ աշխարհի մէջ կը նշուի Ազատ մամուլի համաշխարհային օրը (World Press Freedom Day), որ 1994 թուականէն սկսեալ կը տօնուի ամէն տարի եւ որպէս Ազատ մամուլի օր հռչակուած է ՄԱԿ-ի որոշմամբ: 3 Մայիսը այն օրն է, երբ ափրիկեան Նամիպիայի մայրաքաղաքը՝ Վինտհուկի մէջ ափրիկեան երկիրներու ազատ մամուլի ներկայացուցիչները ընդունած են Վինտհուկեան հռչակագիրը, որ կոչ մըն էր, ուղղուած կառավարութիւններուն՝ ապահովել մամուլի ազատութիւնն ու անոր ժողովրդավարական բնոյթը: Հռչակագրին մէջ կ՚ընդգծուէր, որ ազատ եւ անկախ մամուլը իւրաքանչիւր ժողովրդավար հասարակութեան կարեւորագոյն մասը կը նկատուի: 3 Մայիսը Ազատ մամուլի օր հռչակուելէ ետք ՄԱԿ-ի հրամանագրով օժտուած գործակալութիւնը՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ն, նախաձեռնած է խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը պաշտպանելու համաշխարհային արշաւի։ Մամուլի ազատութեան հարցին մէջ միջազգային համագործակցութեան էական նուաճումներէն մէկը Լրագրողներու անվտանգութեան ՄԱԿ-ի ծրագիրն է, որուն հաւանութիւն տուած են ՄԱԿ-ի կառոյցներու բոլոր ղեկավարները։
Այդուհանդերձ, ներկայ հակամարտութիւններով, բախումներով, պատերազմներով եւ քաղաքացիական պայքարով լեցուն աշխարհին մէջ լրագրողներու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու խնդիրը դիւրին չէ: Շատցած է լրագրողներու, մամուլի աշխատողներու հանդէպ բռնարարքներու, նոյնիսկ անոնց սպանութիւններու թիւը, ինչպէս նաեւ չէ պակսած պետական կամ այլ մարմիններու կողմէ լրագրողներու եւ խմբագիրներու վրայ կատարուող ճնշումը: Միւս կողմէ ալ կ՚աւելնան նաեւ թէժ կէտերուն մէջ, հակամարտութեան գօտիներու վրայ եւ այլ վտանգաւոր վայրերու մէջ գործող լրագրողներու թիւը: Անոնք կը գտնուին լրագրողներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող կազմակերպութիւններու ուշադրութեան ներքոյ:
Սկսեալ 1997 թուականի 3 Մայիսէն, ամէն տարի ազատ տպագրութեան գործին մէջ ներդրում ունենալու համար կը տրուի ԻՒՆԷՍՕՔ-ի յատուկ մրցանակ։
Եւրոպական կառոյցներէն զատ, ամերիկեան հեղինակաւոր Freedom House կազմակերպութիւնը 1980 թուականէն սկսեալ կ՚ուսումնասիրէ մամուլի ազատութեան իրավիճակը՝ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը ամրագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ, որու թիւ 27-րդ յօդուածին մէջ նշուած է. «Իւրաքանչիւր ոք ունի իր կարծիքը ազատ արտայայտելու իրաւունք»:
Ըստ այդ օրէնքին, արգիլուած է մարդուն հարկադրել հրաժարուելու իր կարծիքէն կամ փոխելու զայն: Իւրաքանչիւր ոք ունի խօսքի ազատութեան իրաւունք, ներառեալ՝ տեղեկութիւններ եւ գաղափարներ փնտռելու, ստանալու, տարածելու ազատութիւնը՝ տեղեկատուութեան որեւէ միջոցով՝ անկախ պետական սահմաններէ: Լրատուամիջոցներու եւ տեղեկատուական այլ միջոցներու ազատութիւնը, ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, կ՚երաշխաւորուի: Նոյնպէս Հայաստանի Հանրապետութեան Մայր Օրէնքով պետութիւնը կ՚երաշխաւորէ տեղեկատուական, կրթական, մշակութային եւ ժամանցային բնոյթի հաղորդումներու բազմազանութիւն առաջարկող անկախ հանրային ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի առկայութիւնը եւ գործունէութիւնը։
ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ԼՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մամուլի ազատութեան համաշխարհային օրն առիթ է անդրադառնալու վերջերս «Աուրորա» միջազգային մարդասիրական մրցանակի մրցանակաբաշխութեան առթիւ Երեանի մէջ միջազգային մէկ այլ՝ Սկզբունքային լրագրող մրցանակի արժանացած Ռուքմինի Քալիմաքիին՝ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի այն ժպտերես լրագրողուհիին, որ արժանացաւ 100 LIVES նախաձեռնութեան սահմանած «Սկզբունքային լրագրութիւն» անուանակարգի առաջին մրցանակին: Այդ մրցանակը այսուհետեւ ամէն տարի Երեւանի մէջ պիտի շնորհուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրները բացայայտող ու բացառիկ նուիրումով աշխատող լրագրողներուն:
«Սկզբունքային լրագրութիւն» մրցանակը նոյնպէս իր հիմքին մէջ ունի բոլոր այն գաղափարները, զորս ունի «Աուրորա» մրցանակը՝ ան նոյնպէս կ՚արժեւորէ խիզախութիւնը, զոհողութիւնը, որ լրագրողը կ՚որդեգրէ՝ թէժ եւ ճգնաժամային իրավիճակներէն փոխանցելով նիւթեր եւ լրատուութիւն: Մրցանակին յաւակնող լրագրողները նոյնպէս, ինչպէս «Աուրորա» մրցանակի յաւակնորդները, իրենց կեանքը կը վտանգեն՝ ճշմարտութեան հասնելու եւ այդ ճշմարտութեան մասին բարձրաձայնելու ճանապարհին:
Այս մրցանակը 100 LIVES նախաձեռնութիւնը սահմանած է Լրագրողներու միջազգային կեդրոնի (International Center for Journalists) հետ համատեղ:
Առաջին մրցանակակիրը՝ Ռուքմինի Քալիմաքին, «Նյու Եորք Թայմզ»ի միջազգային թղթակիցներէն է, ծագումով ռումանացի: Ան նաեւ նախապէս ստացած է ամերիկեան հեղինակաւոր Փուլիցէր մրցանակը (Pulitzer Prize):
Երիտասարդ լրագրողուհին բացայայտած է մարդկային շահագործումի եւ մարդոց առեւտուրի բազմաթիւ օրինակներ, ինչպէս՝ Սենեկալի ոսկիի հանքերուն մէջ երախաներու աշխատուժի շահագործումն ու կապը՝ զուիցերական դրամատուներու հետ, իսլամական պետութեան կողմէ սեռական ստրկութեան դէպքերը, Մալիի մէջ ապստամբական խմբաւորումներու կողմէ իրականացուող կոտորածները եւ այլ աղմկայsարոյց դէպքեր:
Այս մրցանակը Երեւանի մէջ Ռուքմինի Քալիմաքիին յանձնեց Լրագրողներու միջազգային կեդրոնի ղեկավար Ճոյս Փարնաթան, որ ըսաւ, թէ լաւ լրագրութիւնը աւելի լաւը կը դարձնէ կեանքը` կը լուսաւորէ մթութիւնը, ձայնի իրաւունք կը փոխանցէ ձայնազուրկներուն եւ կ՚ոգեշնչէ միւսները՝ գործել յանուն մարդասիրութեան ու մարդկային կեանքերու փրկութեան: Ան, անդրադառնալով Ռուքմինի Կալիմաքիի գործին, իր տպաւորութիւնը փոխանցեց, թէ երիտասարդ այս լրագրողի գործը յոյս կը ներշնչէ, որ զոհերն, ի վերջոյ, լսուած ու պաշտպանուած կ՚ըլլան եւ այս ձեւով կը փրկուի ոմանց կեանքը:
Ռուքմինի Քալիմաքի, որ յուզուած էր իր իսկ մրցանակի առթիւ, ըսաւ, որ երբեք գիտակցաբար չէ որոշած վտանգի ենթարկել ինքզինք եւ առհասարակ, լրագրողը ինք երբեք գիտակցաբար չ՚որոշեր ինքզինք վտանգի ենթարկել, պարզապէս ան իր գործը կը կատարէ եւ կը յայտնուի նաեւ վտանգաւոր ու ծայրայեղ իրավիճակներու մէջ: Ան նաեւ ըսաւ, որ լրագրութիւնը շատ յաճախ մարդիկը կը պաշտպանէ բարբարոսութիւններէն, որովհետեւ յաճախ լրագրողներն են, որ առաջին առթիւ կը յայտնեն բարբարոսութիւններու մասին:
«Նիւ Եորք Թայմզ»ի միջազգային թղթակիցը Երեւանի մէջ նաեւ յայտնեց, որ միշտ չէ, որ լրագրողները կը յաջողին բացայայտել ամբողջական ճշմարտութիւնը, բայց այն, ինչ որ կը բացայայտեն անոնք, երբեմն բաւարար կ՚ըլլայ՝ օգնել արթնցնել աշխարհի գիտակցութիւնը եւ այս ձեւով նաեւ նուազեցնել ոճրագործութիւններուն քանակը:
100 LIVES նախաձեռնութեան ու «Աուրորա» մրցանակի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան իր խօսքը ըսելով լրագրութեան մասին, հաստատեց, թէ լրագրութիւնը այն հզօր գործիքներէն է, որ լոյս կը սփռէ ու կը մեղմացնէ մարդկային տառապանքները:
Պատմութեան մէջ ծանօթ են բազմաթիւ դէպքեր, որոնց ընթացքին մարդիկ, գիւղեր, երախաներ եւ ծերեր փրկուած են շնորհիւ անաչառ ու ճշմարիտ լրագրութեան:
Այսուհետեւ, ամէն տարի, Ապրիլ ամսուն, «Աուրորա» մարդասիրական միջազգային միցանակի հետ միասին հայերը մրցանակ կը յանձնեն նաեւ այն լրագրողին, որ սկզբունքային ու խիզախ եղած է իր աշխատանքին մէջ: Եւ հայերու սահմանած, բայց միջազգային որակ ստացած «Սկզբունքային լրագրութիւն» մրցանակը կը միանայ լրագրութեան այն բազում մրցանակներուն, որոնք աշխարհի յառաջադէմ կառոյցներուն կողմէ ամէն տարի կը շնորհուին լրագրողներուն:
ՀԱՅԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՎ ԱՅԼ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ
«Աուրորա» եւ «Սկզբունքային լրագրութիւն» մրցանակները հայերու կողմէ սահմանուած ամենէն հեղինակաւոր մրցանակներն են: Բայց կան միջազգային կարգ մը կազմակերպութիւններ, օտար երկիրներու կառավարութիւններ եւ գիտական ընկերութիւններ, որոնք մրցանակներ սահմանած են հայ նշանաւոր գործիչներու անունով: Ատոնց թիւը քսանը կ՚անցնի: Կան նաեւ հայազգի գործիչներու անուններով օտարներու կողմէ սահմանուած պարգեւներ, կրթաթոշակներ, յուշամետայլներ եւ այլ խրախուսանքի միջոցներ, ինչպէս նաեւ՝ հայերու անունով ստեղծուած են միջազգային հիմնադրամներ:
Հասկնալի է, որ այդպիսի պատուի մը արժանանալու համար որեւէ ներդրում գիտութեան, մշակոյթի կամ այլ ասպարէզի մէջ պէտք է որ մեծ ու նշանակալի ըլլայ: Հայերու անունով մրցանակ սահմանելու քայլով կը կարեւորուի նաեւ հայ ժողովուրդի դերակատարութիւնը՝ համաշխարհային գիտութեան, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներէն ներս:
Առանձնացուցած ենք աւաւել ծանօթ ու հեղինակաւոր մրցանակները, որ սահմանուած են հայերու անուններով:
Ադեոդատ Պոտանիուշ-Աբրահամի անուան մրցանակ. զայն սահմանած է Հունգարիոյ կառավարութիւնը՝ գիւտարարները խրախուսելու համար: Մրցանակը կը կոչուի հունգարահայ սարքաշէն, վիրաբոյժ, գիտնական, պետական գործիչ, Բուտափեշտի երբեմնի քաղաքագլուխ Ադեոդատ Գեզա Պոտանիուշ-Աբրահամի (Ասատուր Աբրահամեան) (1885-