ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇՈՒԹԻՒՆ

Տի­ար­պա­քը­րի Ս․ Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­թիւ­նը, որ եր­կար տա­րի­նե­րէ ետք ի­րա­կա­նա­ցած էր թրքա­հա­յու­թեան միա­ցեալ ու­ժե­րով, ե­րէկ կա­տա­րուած յա­տուկ հան­դէ­սով մը ստա­ցաւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան Մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան (Europa Nostra) հե­ղի­նա­կա­ւոր պար­գե­ւը։ 263 ան­հատ­նե­ր ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­ր դի­մած էին ստա­նա­լու հա­մար այս հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցա­նա­կը, ո­րուն ար­ժա­նի նկա­տուած էին սա­կայն միայն 28-ը։

Մրցա­նա­կի յանձ­ման ու ցու­ցա­նա­կի ամ­րաց­ման հան­դի­սու­թիւ­նը կը նա­խա­տե­սուէր Տի­ար­պա­քը­րի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, սա­կայն Սուր թա­ղա­մա­սի շրջա­փակ­ման ու այն­տեղ տի­րող կա­ցու­թեան հե­տե­ւան­քով հան­դէ­սը ե­րէկ կա­տա­րուե­ցաւ Գում­գա­բուի Ս․ Որդ­ւոց Ո­րոտ­ման ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։

Այս առ­թիւ ար­տա­յայ­տուե­ցան Europa Nostra-ի Թուր­քիոյ գրա­սե­նեա­կի նա­խա­գահ Նու­րան Զե­րէն Կիւ­լեր­սօյ, Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան Թուր­քիա պա­տուի­րա­կու­թեան փոխ-նա­խա­գահ Անտ­րէ Շմիթ, Տի­ար­պա­քը­րի հա­մա­քա­ղա­քա­պետ Ֆը­րատ Ան­լը, ե­կե­ղեց­ւոյ ծխա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Էր­կիւն Ա­յըք, իսկ Europa Nostra-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ա­նես­քա Քուաետ­վի­լիէկ Մի­խայ­լո­վիչ հա­ւա­քին միա­ցաւ հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով։ Վե­րա­նո­րո­գու­մի գոր­ծըն­թա­ցը ղե­կա­վա­րած Տքթ․ Մե­րալ Հա­լի­ֆէօղ­լու ալ հան­դէս ե­կաւ զե­կու­ցու­մով մը եւ ներ­կա­յա­ցուց կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քը։

Europa Nostra-ի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան կո­մի­տէն Տիարպաքըրի Ս․ Կի­րա­կո­սը այս պար­գե­ւին ար­ժա­նի դա­տած էր կա­տա­րուած հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քին պատ­ճա­ռով, զոր հա­յու­թեան հետ միաս­նա­բար ի­րա­կա­նա­ցու­ցած էին քա­ղա­քին ու հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր հա­տուած­նե­րը։

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2016