ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ տեղւոյն հոգւոր հովիւը՝ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։
Թաղականները Գումգաբուի մէջ տեղեկացուցին, թէ այս ամսավերջին տեղի պիտի ունենայ եկեղեցւոյ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը եւ այս կապակցութեամբ խնդրեցին Պատրիարքական Աթոռին հովանաւորութիւնը։ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները մանրամասնութիւններ փոխանցեցին թաղային խորհուրդի գործունէութեան շուրջ, մասնաւորապէս կանգ առնելով եկեղեցապատկան կալուածներուն առընչեալ իրադարձութիւններուն վրայ։
Ընդհանուր Փոխանորդը գնահատեց թաղային խորհուրդին աշխատանքը եւ սիրով ընդառաջեց հովանաւորութեան խնդրանքին։ Ան դրուատիքով մատնանշեց, թէ եկեղեցապատկան կալուածները աւելի արդիւնաւէտ արժեւորման հանգրուան մը թեւակոխած են։ Նորին Սրբազնութիւնը թաղականներուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը եւ յաջողութեան մաղթանքը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024