ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ - Ա -

«Ի­րա­ւա­բա­նու­թիւն»ը անհ­րա­ժեշտ տարրն է՝ ըն­կե­րու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին բար­ւոք եւ խա­ղա­ղու­թեամբ գո­յա­տեւ­ման եւ բարձր մա­կար­դա­կի վրայ՝ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան եւ հա­մա­ձայն ըն­թաց­քը ա­պա­հո­վե­լու կա­րե­ւոր հար­ցին մէջ։

Այս ի­մաս­տով, ի­րա­ւա­բա­նու­թիւ­նը յա­տուկ ու­սում եւ մաս­նա­գի­տու­թիւն պա­հան­ջող գի­տու­թիւն մըն է։ Օ­րէնս­գի­տու­թիւն, ի­րա­ւա­գի­տու­թիւն՝ ըն­կե­րա­յին կեան­քը դիւ­րա­տար ը­նող կա­նո­ննե­րու, ա­ւե­լի եւս դրու­թիւն­նե­րու մա­սին գի­տա­կան, մաս­նա­գի­տա­կան, մեկ­նա­բա­նա­կան, մէկ խօս­քով՝ իր ա­մե­նա­լայն ա­ռու­մով՝ «օ­րէնք»ը հասկ­նա­լու, գոր­ծադ­րե­լու եւ միշտ մար­դուն ի նպաստ, մար­դուն օգ­տին գոր­ծա­ծող ար­ձե­րու տրուած ու­սում եւ ի­րա­ւա­սու­թեան մի­ջոց մըն է։

Յա­ճախ կրկնե­լու պա­հանջ­քը կը զգանք, որ ըն­կե­րա­յին կեան­քի հա­մե­րաշ­խու­թեան մէջ՝ ներ­դաշ­նակ եւ խա­ղաղ ըն­թա­նա­լը կա­խում ու­նի այդ ըն­կե­րու­թիւ­նը կազ­մող ան­հատ եւ ան­դամ­նե­րէն ա­մէն մէ­կուն, իր ի­րա­ւա­սու­թեան, մաս­նա­գի­տու­թեան, ուս­ման եւ կրթու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ շար­ժի­լը, ա­մէն մէ­կուն իր չա­փը ու կշի­ռը գիտ­նա­լը, ի­րա­ւա­սու­թեան գի­տակ­ցու­թեան տէր ըլ­լա­լը։

Բայց ընդ­հան­րա­պէս, կը տես­նուի որ ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ, եւ նաեւ ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի մէջ՝ որ ըն­կե­րա­յին կեան­քին կա­րե­ւոր եւ ազ­դու մէկ մասն է, ա­մէն մարդ, ա­ռանց նա­յե­լու իր մաս­նա­գի­տու­թեան եւ ի­րա­ւա­սու­թեան, «ա­մէն բան է», մաս­նա­գէտ եւ ա­մե­նա­գէ՛տ։ Եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ շատ մը հար­ցեր, ա­հա­ւա­սիկ այս ան­գի­տա­կից վար­մուն­քին պատ­ճա­ռով կը ստեղ­ծուին։

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ըն­կե­րու­թեան մէջ ե՛ւ ե­կե­ղե­ցիի մէջ, ե­թէ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ ո՛չ թէ իր դիր­քին ու աս­տի­ճա­նին, այլ իր մաս­նա­գի­տու­թեան հա­մե­մատ ի­րա­ւա­սու նկա­տուի, վստահ ենք, որ շատ մը հար­ցեր, ար­դէն չծա­գած կը լու­ծուի, կը կար­գադ­րուի…։

Սա, սահ­մա­նա­ւոր ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը ան­սահ­ման ի­րա­ւա­սու­թիւն ըն­դու­նե­լու եւ գոր­ծադ­րե­լու ու­նա­կու­թե­նէն, վատ սո­վո­րու­թե­նէն ան­գամ մը որ ա­զա­տինք, վստահ ենք, շատ մը խնդիր­ներ, հար­ցեր տա­կա­ւին սկիզբ չա­ռած ար­դէն պի­տի չքա­նան։ Դիրք, աս­տի­ճան, բո­լոր ըն­կե­րա­յին վի­ճակ­ներ, ո­րոշ ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րու հա­մար են, իսկ ե­թէ ո­րո­շուած սահ­մա­նը անց­նին, ո՛չ թէ օ­գուտ, այլ վնաս կը պատ­ճա­ռեն ամ­բողջ հա­սա­րա­կու­թեան։ Ըն­կե­րա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թիւնն ու հա­մա­ձայ­նու­թիւնն ալ ա՛յս կը պա­հան­ջէ։

Ա­մէ­նա­գէտ հո­վեր առ­նել, առ­նե­լով՝ այդ հո­վե­րէն տա­րուիլ մե­ծամ­տու­թի՛ւն է. ինք­նա­հա­ւա­նու­թիւն, սնա­փա­ռու­թիւն, հպար­տու­թի՛ւն։ Մինչ­դեռ այս մո­լու­թիւն­նե­րէն ո՛չ մէ­կը ո­րե­ւէ օ­գուտ կ՚ա­պա­հո­վէ ո՛չ են­թա­կա­յին եւ ոչ ալ պատ­կա­նած մի­ջա­վայ­րին։

Չա­փը եւ սահ­մա­նը գիտ­նալ ա­ռա­քի­նու­թիւն է՝ ազ­նուու­թիւն եւ կա­տա­րե­լու­թի՛ւն։

Բայց կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս ի­րենց տրուած ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րու չա­փով ու սահ­մա­նով չեն գո­հա­նար, միշտ ա­ւե­լի շա­տը եւ ըն­դար­ձա­կը կ՚ու­զեն ու­նե­նալ եւ ըստ այնմ կը շար­ժին եւ ի­րենց շուր­ջին­նե­րուն հետ այդ­պէս կը վա­րուին։ Եւ մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս «պաշ­տօն»ի գի­տակ­ցու­թեամբ չեն վա­րուիր, ի­րենց ստանձ­նուած պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, դիր­քը եւ աս­տի­ճա­նը՝ տի­րա­պե­տե­լու՝ եւ եր­բեմն ալ ի­րենց նիւ­թա­կան կամ բա­րո­յա­կան, բայց միշտ անձ­նա­կան շա­հե­րուն եւ օգ­տին հա­մար կը շա­հա­գոր­ծեն։

Սի­րե­լի՜­ներ, ո՞վ հա­ցա­գոր­ծէն միս, եւ ո՞վ մսա­վա­ճա­ռէն հաց կը գնէ, եւ կամ ո՞վ բժիշ­կէն կը պա­հան­ջէ որ իր ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նէ եւ կամ փաս­տա­բա­նէն կը պա­հան­ջէ, որ իր հի­ւան­դու­թիւ­նը դար­մա­նէ եւ բժշկէ զինք։ Հա­պա ու­րիշ մար­զե­րու մէջ ին­չո՞ւ իւ­րա­քան­չիւր անձ իր ի­րա­ւա­սու­թեան, մաս­նա­գի­տու­թեան, պաշ­տօ­նին սահ­ման­նե­րուն մէջ՝ ա­նոնց հա­մա­ձայն չի վա­րուիր։ Դար­ձեալ կ՚ը­սենք. իր սահ­մա­նը գիտ­նալ, իր մաս­նա­գի­տու­թեան հա­մա­ձայն գոր­ծել՝ վե­հանձ­նու­թիւն է, ա­ռա­քի­նու­թիւն է ե՛ւ ազ­նիւ մար­դու գործ է։

Ո­րոշ, մա­կե­րե­սա­յին գի­տու­թեամբ մարդ եր­բեք մաս­նա­գէտ եւ մա­նա­ւանդ ի­րա­ւա­սու չի՛ կրնար ըլ­լալ, այ­լա­պէս թէ՛ ինք­զինք եւ թէ իր շուր­ջին­նե­րը կը խա­բէ, ինչ որ թէ՛ են­թա­կա­յին եւ թէ ըն­կե­րու­թեան վնաս կը պատ­ճա­ռէ։ Մինչ­դեռ իս­կա­կան գի­տու­նը՝ իր չգիտ­ցա­ծին անդ­րա­դար­ձողն է՝ չգիտ­ցա­ծը գիտ­ցո՛ղն է, եւ ու­րեմն չա­փա­ւոր է, հա­մեստ է եւ խո­նա՛րհ։ Բայց ո­մանք, եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­մեստ մար­դոց կա­րե­ւո­րու­թիւն չեն ըն­ծա­յեր, այլ ուր որ մե­ծա­միտ, սնա­փառ, պո­ռո­տա­խօս, մե­ծխօ­սիկ, յո­խոր­տա­խօս մար­դիկ կան՝ ա­նոնց կը հե­տե­ւին եւ ուշ կամ կա­նուխ յու­սա­խաբ կ՚ըլ­լան։

Այս է ա­հա­ւա­սի՛կ ըն­կե­րա­յին կեան­քի ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նը՝ այս ե­ղած է ան­ցեա­լի մէջ եւ կը շա­րու­նա­կէ այս վատ սո­վո­րու­թիւ­նը, ը­սենք. ինք­նա­խա­բէու­թիւ­նը, սխա­լը։ Մինչ­դեռ հա­ցը՝ հա­ցա­գոր­ծէն, եւ միւ­սը՝ մսա­վա­ճա­ռէն պէտք է գնել, առ­նել։ Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւնն ալ ա՛յս ցոյց կու տայ։

Թող նե­րուի մե­զի, սա­կայն Ե­կե­ղե­ցիի մէջ ալ պա­րա­գան նո՛յնն է. ու­րիշ բան է աս­տի­ճան, դիրք եւ ի պաշ­տօ­նէ ի­րա­ւա­սու­թիւն ու իշ­խա­նու­թիւն ու­նե­նալ, եւ ու­րիշ բան՝ յա­տուկ նիւ­թի մը մա­սին մաս­նա­գի­տու­թիւն եւ մաս­նա­գի­տա­կան ի­րա­ւա­սու­թիւն ու­նե­նալ։ Եւ երբ ա­մէն մարդ՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր մաս­նա­գի­տու­թեան սահ­մա­նին մէջ՝ փո­խա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն, հան­դուր­ժո­ղու­թիւն, եւ յար­գանք ցոյց տալ գիտ­նայ, իւ­րա­քան­չիւ­րը իր «գիտ­ցած»ին գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նայ, վստահ ե­ղէ՛ք, ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ ե՛ւ Ե­կե­ղե­ցիին մէջ, ա­մէն ինչ ան­սայ­թաք եւ անս­խա­լա­կան ժա­մա­ցոյ­ցի մը կա­նո­նա­ւո­րու­թեամբ կ՚ըն­թա­նայ։

Մար­դիկ կը շի­նեն մե­քե­նա­նե­րը, բայց եւ դժբախ­տա­բար ի­րենք ի­րենց շի­նած մե­քե­նա­նե­րուն չափ ճշդա­պահ չեն գտնուիր։ Երբ ձե­ռա­կերտ մե­քե­նայ մը սայ­թա­քի, ան­մի­ջա­պէս կը մի­ջամ­տեն, շտկել, ուղ­ղել եւ նո­րո­գել կ՚ու­զեն ի­րենց շի­նած մե­քե­նան, բայց ի­րենց սայ­թա­քում­նե­րուն, սխա­լանք­նե­րուն չեն անդ­րա­դառ­նար իսկ, կամ թե­րեւս կ՚անդ­րա­դառ­նան, բայց նկա­տի չեն առ­ներ, քա­նի որ ի­րենք զի­րենք «անս­խա­լա­կան» կը կար­ծեն, այդ­պէս կը ծա­նօ­թաց­նեն եւ եր­բեք չեն ըն­դու­նիր ի­րենց սխա­լը։ Մինչ­դեռ խոր­հիլ իսկ չեն ու­զեր, որ ի­րենց սխա­լը ի՜նչ վնաս­նե­րու պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ։ Ա­հա­ւա­սի՛կ, ինք­նիր­մով հպարտ, ինք­նա­հա­ւան, յա­ւակ­նոտ, սնա­փառ մար­դու մը ընդ­հա­նուր դի­մա­գի­ծը, ըն­կե­րա­յին կեան­քի հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։ Եւ այս հա­մայ­նա­պատ­կե­րը կա­րե­լի է տես­նել պատ­մու­թեան մէջ, եւ կեան­քի ա­մէն շրջա­նին՝ ուր որ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը, ըն­կե­րու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է եւ գո­յու­թիւն ու­նի։

Եւ «ի­րա­ւա­բա­նու­թիւն»ը, ի­րա­ւա­գի­տու­թեան ըն­ծա­յուած ար­ժէ­քին, ցու­ցա­բե­րուած յար­գան­քին հա­մե­մա­տու­թեամբ կա­րե­լի է վա­յե­լել ըն­կե­րա­յին կեանք մը, եւ նաեւ «Ե­կե­ղե­ցի՛» մը…։

- Պի­տի շա­րու­նա­կենք։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 1, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 11, 2016