ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ ԿԸ ՄՆԱՅ ՊԱՇՏՕՆԻՆ ԳԼՈՒԽԸ

Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի խորհր­դա­րա­նէն ներս Վարդ­գէս Մահ­տե­սեան պի­տի շա­րու­նա­կէ մնալ հայ հա­մայն­քի պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ՝ 2016-2021 շրջա­նին։ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թի հա­ղոր­դում­նե­րով, Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Քոնս­տան­դի­նոս Նի­քո­լա­յի­տիս յայտ­նած է, թէ ընդ­դի­մա­դիր թեկ­նա­ծուի մը բա­ցա­կա­յու­թեան բե­րու­մով Վարդ­գէս Մահ­տե­սեան պի­տի մնայ այդ պաշ­տօ­նին գլու­խը։

Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի մէջ Մա­յի­սի 22-ին նա­խա­տե­սուած են ընտ­րու­թիւն­ներ, սա­կայն ա­նոնց շրջագ­ծով կիպ­րա­հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը կա­րի­քը պի­տի չու­նե­նան քուէա­տու­փի մօտ փու­թա­լու՝ հայ պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ընտ­րե­լու նպա­տա­կով։

Ինչպէս ծանօթ է, Վարդգէս Մահտեսեան աւելի քան երկու շրջանէ ի վեր Յունական Կիպրոսի խորհրդարանէն ներս կը ներկայացնէ երկրի հայ համայնքը։

 

 

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016