ՔԷՕՔԷՐ ԵՐԷԿ ԲԱՆԱԽՕՍԵՑ Ս. ՅԱԿՈԲԻ «ԼՈՔԱԼ»ԻՆ ՄԷՋ

Հրա­տա­րա­կիչ Օս­ման Քէօ­քէր ե­րէկ ե­րե­կո­յեան բա­նա­խօ­սու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի «Լո­քալ»ին մէջ։ Ան խօ­սե­ցաւ Պար­տի­զա­կի, Ա­տա­փա­զա­րի եւ յա­րա­կից շրջան­նե­րու հայ­կա­կան ստուար ներ­կա­յու­թեան շուրջ՝ հա­յեաց­քը սե­ւե­ռե­լով դար մը ա­ռա­ջուան վրայ։

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, Հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու եւ կո­կիկ թի­ւով հե­տաքր­քիր­ներ։

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016