ՉՈՒՔՈՒՐՃԱՅԻ ՄԷՋ 8 ՆԱՀԱՏԱԿ

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր բռնա­րարք­նե­րը։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ այս ա­ռա­ւօ­տեան շատ կա­նուխ ժա­մե­րուն Հաք­քեա­րիի Չու­քուր­ճա գա­ւա­ռա­կին մէջ ա­հա­բե­կիչ­նե­րուն եւ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն մի­ջեւ ծա­գե­ցան բա­խում­ներ, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով ութ զի­նուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ։

Բա­նա­կին կող­մէ կա­տա­րուած յա­ջորդ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին թէ՛ Չու­քուր­ճա­յի եւ թէ՛ Շըր­նա­քի մէջ 21 ա­հա­բե­կիչ սպան­նուե­ցաւ։

Միւս կող­մէ, ե­րէկ Իս­թան­պու­լի մէջ ալ պա­տա­հե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում մը։ Սան­ճաք­թե­փէի մէջ զի­նուո­րա­կան ինք­նա­շարժ մը թի­րա­խը դար­ձաւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու յար­ձակ­ման։ Ութ հո­գի վի­րա­ւո­րուե­ցաւ դէպքին հետեւանքով։ 

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016