«ԱՆԼՌԵԼԻ ՂՕՂԱՆՋՆԵՐ»
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական խանդավառ ցերեկոյթ մը։ Աշակերտները իսկապէս յաջող ու ծափահարելի ելոյթներով վերյիշեցին մեր մշակոյթի հսկաներէն Մեծն Կոմիտաս Վարդապետն ու Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը։ Ձեռնարկին ներկաները հաղորդ դարձան անոնց «անլռելի ղօղանջներուն»։
Յայտագիրը սկսաւ վարժարանի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի ողջոյնի խօսքով։ Տղաքը թատերակի ձեւաչափով ներկայացուցին Կոմիտասի եւ Թումանեանի կեանքն ու գործունէութիւնը։ Յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ անոնց գործերէն արտասանութիւններ։ Աշակերտները հանդէս եկան նաեւ խմբերգներով, իրենց երաժշտութեան ուսուցչուհիին՝ Աննա Գէորգեանի մականին ներքեւ։
Ձեռնարկի ներկաներու շարքին էին Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, ինչպէս նաեւ Մերի Աւագեան, Ռաքել Տինք եւ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ կը գլխաւորէ վարժարանի կամաւորաց վարչութիւնը։ Հանդիսատեսներու շարքին էին նաեւ իսթանպուլահայ զանազան հաստատութիւններէ դէմքեր եւ վարժարաններէն սաներ։
Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլոր ներկաները ջերմօրէն շնորհաւորեցին յայտագրին մասնակից աշակերտները, անոնց ուսուցչուհիներն ու տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը՝ բոլորին նկատմամբ յայտնելով իրենց զօրակցութիւնը։