ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԿԵՊԵԼԷԻ ՄԷՋ

Թուր­քիոյ, Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ե­ռա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խթան­ման ուղ­ղու­թեամբ բարձր մա­կար­դա­կի խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին կա­նո­նա­ւոր թա­փով։ Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Իս­մէթ Եըլ­մազ այ­սօր կը մէկ­տե­ղուի Ատր­պէյ­ճա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Զա­քիր Հա­սա­նո­վի եւ Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Թի­նա­թին Խի­տա­շե­լիի հետ։ Ե­ռա­կող­մա­նի հան­դի­պու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Ատր­պէյ­ճա­նի Կե­պե­լէ քա­ղա­քին մէջ։

Ժո­ղո­վի մաս­նա­կից նա­խա­րար­նե­րը կ՚ու­նե­նան նաեւ երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ, շաբաթավերջի երկու օրերու տեւողութեան։ Անգարա-Թիֆլիզ-Պաքու առանցքին վրայ գործակցութիւնը միշտ կ՚արձանագրէ վերելք։

Շաբաթ, Մայիս 14, 2016