ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ այց մը տուաւ Ե­րե­ւա­նի «Փա­նոս Թեր­լե­մե­զեան» գե­ղա­րուես­տի պե­տա­կան գո­լէ­ճը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ յո­բե­լե­նա­կան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին մաս­նակ­ցու­թեամբ նշուե­ցաւ ա­նուա­նի նկա­րիչ Փա­նոս Թեր­լե­մե­զեա­նի ծննդեան 150-ա­մեա­կը։ Ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։ Սերժ Սարգ­սեան գո­լէ­ճէն ներս շրջայց մը կա­տա­րե­լէ վերջ ներ­կայ գտնուե­ցաւ այն­տեղ դա­սա­ւան­դող նկա­րիչ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու հա­ւա­քա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման։ Այս ձեռ­նարկն ալ նուի­րուած էր Թեր­լե­մե­զեա­նի 150-ա­մեա­կին։

Նոյն ծի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ թո­ղար­կուած նա­մա­կա­նի­շի կնքման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ «Հայ­փոստ» ըն­կե­րու­թիւ­նը այս առ­թիւ պատ­րաս­տած է եր­կու դրոշ­մա­թուղթ՝ «Ա­րուեստ. Փա­նոս Թեր­լե­մէ­զեա­նի 150-ա­մեա­կը» նիւ­թով։ Ե­րէ­կուան դրու­թեամբ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած այս դրոշ­մա­թուղ­թե­րուն վրայ պատ­կե­րուած են Փա­նոս Թեր­լե­մե­զեա­նի ինք­նա­դի­ման­կա­րը, ինչ­պէս նաեւ «Սի­փան սա­րը Կտուց կղզիէն» խո­րագ­րեալ կտա­ւը։

Գե­ղա­րուես­տի պե­տա­կան գո­լէ­ճէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ նոյն յո­բե­լեա­նին առ­թիւ Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան կող­մէ թո­ղար­կուած յու­շադ­րա­մին շնոր­հան­դէ­սը։

150-ա­մեա­կի ծի­րէն ներս ե­րէկ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ նաեւ «Թեր­լե­մե­զեան­ցի­ներ» յու­շա­գիր-ալ­պո­մը։ Պե­տա­կան պա­տուէ­րով հրա­տա­րա­կուած այս գոր­ծին շնոր­հան­դէ­սը եւս տե­ղի ու­նե­ցաւ Սերժ Սարգ­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ, նոյն պե­տա­կան գո­լէ­ճի եր­դի­քին տակ։ Այս գիր­քը տուեալ­ներ կը բո­վան­դա­կէ այն ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ան­ցեալ տաս­նա­մեակ­նե­րուն դա­սա­ւան­դած են այս գո­լէ­ճէն ներս։

ՓԱՆՈՍ ԹԵՐԼԵՄԵԶԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԸ 

Եր­ե­ւա­նի Փա­նոս Թեր­լե­մե­զեա­նի ան-ուան գե­ղար­ուես­տի պե­տա­կան գոլէճի մէջ բա­ցուե­ցաւ ան­ուա­նի նկա­րիչ Փա­նոս Թեր­լե­մե­զեա­նի ծննդեան 150-ա­մեա­կի ա­ռի­թով կազ­մա­կերպ­ուած ցու­ցա­հան­դէս մը, ո­րու ըն­թաց­քին կը ցու­ցադ­րուին ա­կա­դե­միոյ դա­սա­խօս­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը՝ կտաւ­ներ, քան­դակ­ներ ե­ւայլն: Բաց­ման հան­դի­սու­թեան առ­թիւ լրա­գող­նե­րու հետ զրու­ցեց գո­լէ­ճի տնօրէն Ան­նա Մնա­ցա­կա­նեան։ Ան շեշ­տեց, որ ներ­կա­յիս գոլէճի եր­դի­քին տակ կ՚ու­սա­նին շուրջ եօթ հա­րիւր հրա­շա­լի ու­սա­նող­ներ, ո­րոնք կը կրեն ազ­գա­յին յստակ նկա­րա­գիր ու այ­սօր­ուան սե­րուն­դն են, ո­ր վա­ղը պի­տի շա­րու­նա­կէ կեր­տել այս երկ­րի ա­պա­գան:

­«Ին­ք՝ Թեր­լե­մե­զեա­ն, չու­նէր ըն­տա­նիք եւ իր ողջ կեան­քը նուի­րեց հայ ժո­ղո­վուր­դի վաղ­ուան օ­րուան: Այ­սօր մենք կը կրենք այդ ժա­ռան­գու­թիւ­նը ու կը փո­խան­ցենք մեր նոր սե­րունդ­նե­րուն: Պէտք է տե­ղե­կաց­նեմ, որ մենք  նա­խորդ տա­րի շրջա­գա­յու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցինք դէ­պի Ֆրան­սա, Ի­տա­լիա, Գեր­մա­նիա­, Չե­խիա, Աւստ­րիա, ու կրնամ յստա­կօ­րէն ը­սել, որ մենք կը յա­ռա­ջա­նանք որ­պէս աշ­խար­հի քա­ղա­քա­ցի, ո­րով­հե­տեւ ա­կա­դե­մա­կան գծանկար, ա­կա­դե­մա­կան գու­նան­կար հաս­կա­ցու­թիւ­նը Եւ­րո­պա­յի մէջ, գու­ցէ փոր­ձա­գի­տու­թեան զար­գաց­ման հե­տե­ւան­քով, յե­տըն­թաց ապ­րած է: Մենք այ­սօր կը կրենք այդ ժա­ռան­գու­թիւ­նը եւ այ­սօր ա­նոր պա­հան­ջար­կը կայ աշ­խար­հի մէջ: Մենք այ­սօր աշ­խար­հին տա­լու շատ բան ու­նինք», ը­սաւ Մնա­ցա­կա­նեան: 
«­Քի­չե­րուն ծա­նօթ է, որ Թեր­լե­մե­զեան Վա­նի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն ե­ղած է, ե­ղած է նաեւ հրա­շա­լի հրա­ձիգ ու գոր­ծօն մաս­նա­կից­նե­րէն մէ­կը», ը­սաւ ան:

Իր խօս­քե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան Ան­նա Մնա­ցա­կա­նեա­ն տե­ղե­կաց­ուց նաեւ, որ Փանոս Թեր­լե­մեզ­եա­նի ծննդեան 150-ա­մեա­կի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը պի­տի նուի­րուին 1915-ի դէպքերու 100-ամ­եա­կին:

Լրագ­րող­նե­րու հետ զրոյց ու­նե­ցաւ նաեւ քան­դա­կա­գործ Լե­ւոն Թոք­մա­ճեան։ Ան նշեց, որ Փանոս Թեր­լե­մեզ­եան կ­՚ա­ռանձ­նա­նայ ո՛չ միայն իբ­րեւ նկա­րիչ, ստեղ­ծա­գոր­ծող, այլ նաեւ՝ որ­պէս մտա­ւո­րա­կան:

«Մեր ու­սա­նո­ղու­թիւ­նը պէտք է հասկ­նայ նաեւ ա­նոր գա­ղա­փա­րա­խօսու­թիւ­նը, որ միայն վրձի­նը չէ, այլ՝ պի­տի ապ­րիս քու մի­ջա­վայ­րով, քու ժո­ղո­վուր­դով։ Այս է Թեր­լե­մե­զեա­նի պատ­գա­մը այ­սօր­ուան երիտասարդութեան: Ան նաեւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ էր, այ­սօր կան նկա­րիչ­ներ, ո­րոնք փակ-ւած են ի­րենց ար­ուես­տա­նո­ցին մէջ եւ միայն նկար կը նկա­րեն։ Ես չեմ ըն­դու­նիր այս ըն­թաց­քը: Ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղը պէտք է ապ­րի իր մի­ջա­վայ­րին մէջ։ Հա­կա­ռակ պա­րա­գա­յին ա­նոր նկար­նե­րը ոչ մէ­կը կը հե­տաքրք­րէ», ը­սաւ ան:

Թոք­մա­ճեան զրոյցի ընթացքին նշեց, որ ին­ք բազ­մա­թիւ աշ­խա­տանք­ներ ու­նի աշ­խար­հի տար­բեր ծայ­րե­րուն, բայց հի­մա կ՚ափ­սո­սայ, որ ա­նոնք Հա­յաս­տա­նը չեն ծաղ­կեց­ներ:

­«Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հայ­րե­նի հո­ղը պէտք է ծաղ­կեց­նել, ինչ­պէս կ՚ը­սէր Թեր­լե­մեզ­եա­ն: Մենք բո­լորս պէտք է մտա­ծենք՝ այն­պի­սի մի­ջա­վայր մը ստեղ­ծենք, որ ա­մէն մէկ մաս­նա­գէտ ինք­զինք շատ լաւ զգայ հայ­րե­նի­քին մէջ», ը­սաւ Թոք­մա­ճեան:

Չորեքշաբթի, Մարտ 4, 2015