ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽԱՒԻԾԻ ՕՐԸ

Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ո­գե­ւոր օր մը ապ­րե­ցաւ վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քին առ­թիւ։ Խա­ւի­ծի օ­րը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ սա­նե­րուն հա­մախմբ­ման՝ դպրո­ցի պատ­մա­կան հա­մա­լի­րէն ներս։

Ա­ռա­ւօ­տուն վա­նա­տան Ա­նարատ Յղու­թիւն մատ­րան մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րագ։ Ա­ւե­լի վերջ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը հա­մախմ­բուե­ցան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ սար­քուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ։ 1976-ի շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ապ­րե­ցան մեծ հրճուանք։ Որ­պէս քա­ռաս­նա­մեայ յո­բե­լեար սա­ներ ա­նոնք ստա­ցան յու­շա­նուէր­ներ։ Նա­խակր­թա­րա­նի ի­գա­կան սե­ռի յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­ներն ալ (1961, 62, 63) ապ­րե­ցան նոյն եր­ջան­կու­թիւ­նը։ Յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն ա­նու­նով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Հրանդ Քա­լա­թաշ։ Ի­գա­կան սե­ռէ յո­բե­լեար­նե­րուն ա­նու­նով խօսք ա­ռաւ Սօ­նա Մոր­պօ­յա­ճը։ Ներ­կայ էին Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն, Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան եւ Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ՍԾՏՀԿ­-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու եւ այլ հիւ­րեր։

Յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան տնօ­րէ­նու­հի Ե­ւա Օրագեան եւ սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Վար­դան Պալ­մում­ճեան։ Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեանն ալ խօսք մը ուղ­ղեց շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն։ Յու­շա­նուէր մըն ալ յանձ­նուե­ցաւ Մե­րի Պե­տի­կեա­նին՝ վար­ժա­րա­նին մա­տու­ցած բազ­մա­մեայ ծա­ռա­յու­թեան հա­մար։

Խա­ւի­ծի օ­րուան ծրագ­րին մաս կազ­մեց նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016