Հինգշաբթի 26, Դեկտեմբեր 2024
ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՍՈՖԻԱՅԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Սոֆիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեանին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը Պուլկարիոյ մայրաքաղաքին մէջ կը մասնակցի՝ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Հարկ է նշել, որ սա Եւրոպայի խորհուրդի նախարարաց կոմիտէի 126-րդ հերթական նիստն է։
Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016