ԼՃԱՓԻՆ

Գար­նան մեղ­մա­նուշ զե­փիւ­ռը կը համ­բու­րէ կար­ծես լի­ճին մա­կե­րե­սը: Համ­բոյ­րը թե­թեւ շար­ժում մը կ՚ա­ռա­ջաց­նէ ու շար­ժու­մը տա­րա­ծուե­լով մանր ա­լիք­ներ կը ստեղ­ծէ, ո­րոնք լճա­փի ցան­կա­պա­տին հպե­լով մե­ղե­դա­յին խշշոց մը կը սփռեն չորս դին: Զե­փիւ­ռին կ՚ող­ջու­նեն նաեւ շրջա­կայ ծա­ռե­րը: Ա­հա բար­տին, ո­րուն տե­րեւ­նե­րը ծա­փա­հա­րե­լով կը քաղց­րաց­նեն ե­րաժշ­տու­թեան մե­ղե­դայ­նու­թիւ­նը, ա­րե­ւու լու­սա­ճա­ճանչ ճա­ռա­գայթ­նե­րը տե­րեւ­նե­րու ծափծ­փան­քին գե­ղե­ցիկ, փայլփ­լուն տեսք մը կը հա­ղոր­դեն: Մինչ թթե­նին ա­զա­տօ­րէն կը թա­փա­հա­րէ տա­կա­ւին թու­թի հա­տիկ­նե­րով չծան­րա­ցած տե­րեւ­նե­րը: Դեղ­ձե­նին գե­ղա­տեսք աղ­ջիկ մը ըլ­լալ կը թուի, որ շպա­րուած է նո­րա­ծիլ ծա­ղիկ­նե­րու զգլխիչ գոյ­նե­րով:

Եա­սա­մա­նի ծա­ռե­րը մեղ­մա­գոյն տա­րազ­նե­րով այս բնա­կան հա­մեր­գաս­րա­հի նա­յի­րեան պա­րու­հի­ներն են կար­ծես, ա­նոնք նա­զե­լի շար­ժում­նե­րով ա­նուշ բոյր մը կը տա­րա­ծեն ու մերթ ընդ մերթ ծա­ղիկ­նե­րուն փեր­թե­րը կ՚իյ­նան ու ո­լո­րուե­լով կը թա­ռին լի­ճի մա­կե­րե­սին, ո­րուն խոր­քէն կը բարձ­րա­նան ձու­կի վտառ­նե­րը, ջու­րին վրայ ին­կած փեր­թե­րը կեր կար­ծե­լով: Ինչ­պի­սի՛ ա­ճա­պա­րան­քով ա­նոնք կը բարձ­րա­նան, մեծ ու փոքր ձկներ կը մրցին կար­ծես ի­րա­րու հետ, ա­մե­նաա­րա­գա­շարժն ու զօ­րեղն է սա­կայն, որ միայն կրնայ հաս­նիլ մա­կե­րե­սին ին­կած կտո­րը կուլ տա­լու հանգ­րուա­նին, ան­տա­ռի օ­րէնքն է, ո­րուն կ՚են­թար­կուին ոչ միայն ան­տա­ռաբ­նակ­նե­րը՝ ու­ժե­ղը կը տի­րէ, տկա­րը կը տրո­րուի, սա­կայն հիաս­թա­փու­թիւն մը կը նկա­տուի ա­նոնց նօս­րա­նալ սկսող վտա­ռին մէջ, երբ կը նշմա­րեն ին­կած կտոր­նե­րուն կեր չըլ­լա­լը, խա­բուած են ա­նոնք այս ան­գամ:

Ան­դին, մա­միկ մը թո­րան հետ հա­ցի ման­րուք­նե­րով ձկնե­րը կե­րակ­րել կը սոր­վեց­նէ ման­կի­կին, ան կեն­դա­նա­սի­րու­թիւն կ՚ու­սու­ցա­նէ, ո­րուն ընդ­մէ­ջէն նաեւ՝ ա­ռա­տա­ձեռ­նու­թեան դաս մըն է, որ կու տայ ման­կի­կին, նա­յած թէ դա­սին ո՞ր բա­ժի­նը կ՚ըն­կա­լէ մա­նու­կը: Ա­նոր հրճուան­քը կը բազ­մա­պատ­կուի, յատ­կա­պէս, երբ կը տես­նէ վայ­րա­գօ­րէն հա­ցի կտոր­նե­րը յօ­շո­տող ձկնե­րու շար­ժու­ձե­ւե­րը:

Ճա­յե­րու ե­րամ մըն ալ կը թռչկո­տի լի­ճին վե­րե­ւը: Ա­նոնք մի առ մի կը կտցա­հա­րեն լի­ճի մա­կե­րեսն ու որս մը կուլ տա­լով ու ո­լո­րապ­տոյտ մը գո­յաց­նե­լով ե­րախ­նե­րը լե­ցու­ցած, հպար­տան­քով մը կը բարձ­րա­նան պայ­ծառ երկն­քին ցե­րե­կուան աստ­ղե­րու ե­րե­ւոյթ մը տա­լով:

Ի՜նչ հիաս­քանչ ա­րար­չա­գոր­ծու­թիւն: Կա­րե­լի չէ չհրա­պու­րուիլ, չսփո­փուիլ այս ե­րե­ւոյ­թին ի տես: Մի­թէ մենք ալ բնազ­դով ա­ռաջ­նոր­դուող այս ա­րա­րած­նե­րուն նման չե՞նք, մենք ալ կը գո­յա­տե­ւենք, կը մա­քա­ռինք պա­տառ մը հա­ցի հա­մար ու խա­ղաղ եր­դի­քի տակ կը հանգ­չինք օ­րուան վազվ­զու­քէն յոգ­նած ու կուշտ փո­րով կը նա­խա­պատ­րաս­տուինք յա­ջորդ օ­րուան վազվ­զու­քին, ու օ­րե­րը կը յա­ջոր­դեն ի­րա­րու այս­պէս, միօ­րի­նակ, նոյն յան­կեր­գը ա­մէն օր՝ առ­տու, կէ­սօր, ի­րի­կուն...:

Ա­հա այս­պէս է Ե­րե­ւա­նի գա­րու­նը գե­ղե­ցիկ, շատ գե­ղե­ցիկ, բայց խա­բուե­լու չէ, կրնայ ակն­թար­թով մը ա­մէն ինչ գլխի­վայր ե­րե­ւոյթ մը ստա­նալ, կը շուա­րիս եր­բեմն նոյ­նիսկ գա­րո՞ւն է, թէ՞ ա­շուն, թէ՞ ձմեռ­նա­մուտ, ճիշդ այն­պէս ինչ­պէս կը պա­տա­հի մէկ տե­սա­րա­նէն միւ­սը բե­մի յար­դա­րան­քը փո­խուե­լու պա­րա­գա­յին կամ ալ ան­ձեռնմ­խե­լի կար­ծե­ցեալ խա­ղա­ղու­թիւն վա­յե­լող երկ­րի մը մէջ յան­կարծ պա­տե­րազ­մի մը սկսի­լը ու...:

Ա­հա կը մօ­տե­նայ ա­րե­ւել­քէն հսկայ, սեւ ամպ մը: Ան ա­ղէ­տա­բեր ոճ­րա­գոր­ծի մը նման կը յա­ռա­ջա­նայ, գորշ մթու­թիւն մը սփռե­լով, քաղցր ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կա­սեց­նե­լով, ան­հե­տաց­նե­լով թռչող ու լո­ղա­ցող ա­րա­րած­նե­րը, ո­րոնք հի­մա հոս էին, ո՞ւր գա­ցին, ո՞ւր ան­հե­տա­ցան, ա­րե­ւու ճա­ռա­գայթ­ներն ալ փա­կեց մթու­թիւ­նը, միայն ու­ռե­նին կար­ծես գոհ է, որ թէեւ զուար­ճա­ցած էր քիչ մը, բայց չէր մոռ­ցած իր սի­րա­հա­րը՝ ե­րի­տա­սարդ ու գե­ղա­դէմ ա­րուն, ան տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր լա­լա­գին կը սպա­սէ իր սի­րա­հա­րին, որ խոս­տա­ցաւ ու տա­կա­ւին պի­տի գայ...:

Մու­թը պա­տեց նաեւ ամ­բողջ լի­ճը, սա­կայն սեւ ամ­պը ա­ռան­ձին չէ, անձ­րե­ւով զրա­հա­պա­տուած կը սկսի կա­պար­նե­րու տա­րափ մը տե­ղա­ցող ոճ­րա­գոր­ծի մը նման հա­րուա­ծել, անձ­րե­ւի խո­շոր կա­թիլ­նե­րը սրըն­թաց կը թա­փին ա­մէն տեղ, թրջե­լով ա­մէն ինչ, մարդ, ծառ, ծա­ղիկ, խոտ...: Վազվ­զուք մը կը նկա­տուի լճա­փին կանգ­նած մար­դոց խում­բե­րուն մէջ, շուա­րած են ի՞նչ ը­նեն, ո՞ւր եր­թան, ո՞ր ծա­ռին տակ թաք­նուին անձ­րե­ւի զօ­րեղ հա­րուա­ծէն նուա­զա­գոյն վնա­սուածք ստա­նա­լու հա­մար, ա­հա կար­կու­տը կ՚ըն­կե­րա­նայ նաեւ անձ­րե­ւի կա­թիլ­նե­րուն, ա­ւե­լի ցաւ ու վնաս պատ­ճա­ռե­լու հա­մար կար­ծես: Ան­մասն չեմ մնար այս հա­րուած­նե­րէն, թրջուած հա­ւու մը նման կ՚անց­նիմ ու կը պատս­պա­րուիմ տե­րեւ­նե­րը լայն-լայն բա­ցած ծա­ռի մը ճիւ­ղե­րուն տակ: Հա­րուած­նե­րը կը սաստ­կա­նան, ծա­ռե­րու ճիւ­ղեր կը պո­կեն ա­նոնք, կո­կոն­ներ կ՚իյ­նան գե­տին ու ջու­րի հոս­քին հետ կը սա­հին, կ՚եր­թան, հե­ռուէն կը դի­տեմ ա­ւեր ու կո­տո­րած է կար­ծես ու կը սպա­սեմ վեր­ջա­ւո­րու­թեան:

Սեւ ամ­պը ա­հա կը սկսի փա­րա­տիլ, կ՚ան­հե­տա­նայ կար­կու­տը, կը մեղ­մա­նայ անձ­րե­ւը, լի­ճը կը սկսի լու­սա­ւո­րուիլ ու եր­կին­քէն մա­ղուող մանր կա­թիլ­նե­րը կը յու­շեն ա­ւար­տը բնու­թեան զայ­րոյ­թին, ա­նոնք եւս կ՚ան­հե­տա­նան ու եր­կին­քը կը գե­ղեց­կա­նայ ծիա­ծա­նի գու­նա­գեղ կա­մա­րով մը, ան ալ եր­կար չի մնար, պի­տի եր­թայ անձ­րե­ւին ե­տե­ւէն ու յու­սա­հա­տու­թե­նէն ետք պի­տի յու­սադ­րէ ան­յոյս ա­րա­րած­նե­րը. ա­նոր պի­տի յա­ջոր­դեն ա­րե­ւու լու­սա­ւոր ճա­ռա­գայթ­նե­րը փաս­տե­լով յոյ­սի գո­յու­թիւ­նը, ին­չո՞ւ չէ նաեւ հա­ւա­տաց­նե­լով այն ի­րա­կա­նու­թեան, թէ ա­մէն ինչ վերջ մը ու­նի, նոյ­նիսկ՝ պա­տե­րազմ­նե­րը:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

 

 

 

Հինգշաբթի, Մայիս 19, 2016