Հայու մը փրկութեան պատմութիւնը
1886 թուականին Մայիսի 12-ին ծնած է Նշան Գրիգորեան: Ո՞վ է Նշան Գրիգորեան, որուն անունը ներառուած է հանրագիտարաններու եւ այլ տեղեկատուական հրատարակութիւններու մէջ, իբրեւ նշանաւոր հայ մը:
Ան աշխարհի ամենէն նշանաւոր նաւուն՝ խորտակուած «Թիթանիք» շոգենաւուն 711 փրկուած ուղեւորներէն մէկն էր: Ընդհանուր առմամբ նաւուն մէջ կային վեց հայեր, որոնցմէ երկուքը միայն՝ Նշան Գրիգորեան եւ Դաւիթ Վարդանեան կը փրկուին, եւ անոնց անունները կը մնան պատմութեան մէջ, իբրեւ փրկուած հայեր, որոնք անցած են անցեալ դարու նաւային ամենէն մեծ արկածի բովերէն: Անոնց անունները ընդգրկուած են նաեւ միջազգային համայնագիտարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ «Թիթանիք»ի համայնագիտարանին մէջ (Encyclopedia Titanica): Թէ ինչպէ՞ս Էրզրումի մօտ գտնուող Քղի գիւղին մէջ ծնած Նշան Գրիգորեան յայտնուած է «Թիթանիք» նաւուն մէջ, իր ծննդեան օրը առիթ դարձաւ կրկին անդրադառնալու թէ՛ անոր անցած արկածներով լի ճամբուն, թէ՛ ալ «Թիթանիք» հռչակաւոր նաւուն հետ կապուած հետաքրքրական հանգամանքներուն:
Նշան Գրիգորեան ծնած է 1886 թուականի Մայիսի 12-ին՝ Քղի գիւղին մէջ, ուր ալ տեղի ունեցած անհաշտութիւններու պատճառաւ իր համագիւղացիներու՝ Արսէն Սիրքանեանի, Յարութիւն Տէր-Զաքարեանի, Մամբրէ Տէր-Զաքարեանի եւ Դաւիթ Վարդանեանի հետ կը լքէ ծննդավայրը, եւ անոնք կ՚որոշեն մեկնիլ Գանատա։ Ան կը պատրաստուէր կանգ առնել Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Համիլթըն քաղաքին մէջ, տեղացի Փոլ Մարտինի տան մէջ, ինչպէս նշուած է այն հասցէին մէջ, ուր կ՚ուղեւորուէր (Mr Paul Martin, 108 Princess Street, Hamilton, Ontario), եւ որոշած էր հետագային կանչել նաեւ իր կրտսեր եղբայրները:
Որոշ աղբիւրներ կը պնդեն, թէ Գրիգորեան «Թիթանիք»ի տոմս չունէր, եւ նաւ նստելու համար Մարսէյլի մէջ կաշառած է զբօսաշրջային գործակալ մը, բայց վաճառուած տոմսերու ցանկին մէջ բացայայտուած է նաեւ անոր անունով ամրագրուած տոմս մը, որուն թիւն էր 2654 եւ կ՚արժէր £7, 4s, 7d։ Հայազգի Նշան Գրիգորեան, որ այդ ժամանակ քսան տարեկան էր, «Թիթանիք» բարձրացած է Շերպուրկի մէջ, որպէս երրորդ դասակարգի ուղեւոր։ Գրիգորեան հետագային կը դժգոհէր, որ երրորդ կարգի նաւասենեակին մէջ ան. «ճուտի մը նման փակին տակ կը գտնուէր»: Անոր սենեակը նաւուն F-տախտակամածին մէջ E-57 սենեակը եղած է: «Թիթանիք»ի նաւախուցերն ու հասարակական շինութիւնները կը բաժնուէին երեք դասակարգի։ Առաջին դասակարգի ուղեւորներու տրամադրութեան տակ էին լողաւազանը, Squash հարուածային գնդակախաղի դաշտը, А la carte ճաշարանը, սրճարանը, մարզասրահը։ Բոլոր կարգերու մէջ կային ճաշասրահներ եւ ծխելու սրահներ, բաց եւ փակ զբօսավայրեր։ Առաւել ճոխ ու նրբաճաշակ էին առաջին դասակարգի շինութիւններու զանազան գեղարուեստական ոճերով ձեւաւորուած եւ կարմիր փայտի, ոսկեջուրի, ապակենախշերու, մետաքսի եւ այլ թանկարժէք նիւթերու կիրառմամբ յարդարանքը։ Երրորդ դասակարգի նաւախցիկներերն ու սրահները ձեւաւորուած էին հնարաւորինս պարզ. պողպատեայ պատերը ներկուած էին ճերմակով կամ երեսպատուած էին փայտեայ տախտակադրուագներով։
1912 թուականի Ապրիլն 14-ի երեկոյեան, Գրիգորեան խաղաթուղթ կը խաղար, ժամը 11-ի շուրջ ան հանած է ոտնամանները եւ պառկած՝ մահճակալին մէջ։ Քիչ անց ան լսած է տագնապին ձայնը, քանի որ այդ պահուն իր սենեակի պատուհանը բաց էր: Քսանամեայ Նշան վեր կեցած է, որպէսզի երթայ, փակէ պատուհանը, սակայն ան սենեակի յատակին սառոյցի կտորներ գտած է։ Նաւուն խորտակումէն ետք, երբ Գրիգորեան ողջ մնացած է, ըսած է. «Չնայած որ այդ պահուն առաջին անգամ սառցաբեկորներ տեսայ, բայց եւ այնպէս, ես շատ չէի անհանգստացած, քանի որ կտորները շատ փոքր էին»։
Նաւուն եւ սառցաբեկորին հարուածէն ետք Գրիգորեան որոշած է վարի յարկէն բարձրանալ դէպի A տախտակամածը, քանի որ նկատած է, թէ ձախ կողմէն կը պատրաստուին փրկանաւակներ իջեցնել։ Գրիգորեան բարձրացած է A տախտակամած եւ նստած է թիւ 10 մակոյկին մէջ։ Հետագային նաւաստի Ֆրենք Էւանս ըսած է. «Գրիգորեան, ինքզինք փրկելու համար գիտակցաբար փրկանաւակուն մէջ ցատկած է»։ Այդպէսով փրկուած է ան, սակայն թոքերու բորբոքում ունեցած է։ Զինք տեղափոխած են Նիւ Եորքի հիւանդանոցներէն մէկը, եւ երբ վերջնականապէս հասած է Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Պրենտֆորտ քաղաքը, քանի մը շաբաթ նորէն մնացած է հիւանդանոց, որովհետեւ լիովին չէր ապաքինած տակաւին: 1918 թուականին Գրիգորեան տեղափոխուած է նոյն Օնթարիօ նահանգի Սենթ Քեթրինս քաղաքը, ուր ամուսնացած է Փերսա Վարդանեանին հետ: Ունեցած են չորս զաւակներ, չորրորդ զաւակը ծնած է 1924 թուականին:
Նշան Գրիգորեան ամբողջ կեանքը անցուցած է տեղւոյն «Ճենըրըլ Մոթորս» ընկերութեան ինքնաշարժներու գործարանին մէջ աշխատելով: «Թիթանիք»էն ետք Գրիգորեան այլեւս նաւով չէ ճամբորդած եւ ոչ ալ ծով կամ գետ մտած է: Ատիկա եղած է իր առաջին եւ վերջին ջրային ճամբորդութիւնը, իսկ «Թիթանիք»ը՝ միակ նաւը՝ իր կեանքին մէջ։ Բազմաթիւ լրատուամիջոցներ անդրադարձած են այս հայուն կեանքի պատմութեան: Գրիգորեանի դուստրը կը պատմէր, որ երբ հայրը կը գտնուէր ջրառատ վայրեր, չէր նայեր ջուրին, ու այդ վախը ամբողջ կեանքի ընթացքին ուղեկցած է իրեն:
Նշան Գրիգորեան կը մահանայ 1978 թուականի Մայիսի 21-ին, Սենթ Քեթրինս քաղաքին մէջ։
«Թիթանիք»ի աղէտէն փրկուած միւս հայուն մասին աւելի տուեալներ չկան, միայն յայտնի է, որ ան՝ Դաւիթ Վարդանեան, նաւու խորտակման պահուն քսաներկու տարեկան էր եւ մահացած է 1966 թուականին: Նաւուն մէջ գտնուած միւս հայերն էին Արսէն Սիրաքանեան, Սարգիս Մարտիրոսեան, Յարութիւն Տէր-Զաքարեան, Մամբրէ Տէր-Զաքարեան, որոնք զոհ գացած են:
«ԹԻԹԱՆԻՔ»Ի ՄԱՍԻՆ
Պատմութեան ամենէն հռչակաւոր նաւը՝ «Թիթանիք»ը նաւաբեկութեան ենթարկուեցաւ 1912 թուականի Ապրիլի 15-ի լոյս գիշերը:
«Թիթանիք»ը Սաուտհեմփթըն նաւահանգիստէն, Անգլիա, կ՚ուղեւորուէր դէպի Նիւ Եորք։
Ապրիլի 11-ին, վերցնելով ուղեւորները՝ Շերպուր, Ֆրանսա, եւ Քուինսթաուն, այժմ Քով, Իրլանտա, նաւահանգիստներէն՝ «Թիթանիք»ը դուրս կու գայ Ատլանտեան ովկիանոս՝ 1317 ուղեւորներով եւ անձնակազմի 908 անդամներով։
Ապրիլի 14-ին, մօտաւորապէս ժամը 23.40-ին, «Թիթանիք» կը բախի սառցաբեկորի, իսկ Ապրիլի 15-ի գիշերը, ժամը 02.20-ին, «Թիթանիք» կը խորտակուի Հիւսիսային Ատլանտեանի ջուրերուն մէջ, կը մահանայ շուրջ 1500 հոգի։ 711 փրկուածներուն օգնութեան կը հասնի «Քարփատիա» շոգենաւը։ Այն սառցաբեկորը, որ նաւու խորտակման պատճառ դարձած է, սկսած է իր «ճամբորդութեան» Ն. Ք. 1000 թուականին։ «Թիթանիք»ը՝ բրիտանական թրանսատլանտեան շոգենաւը, կառուցուած է Պելֆաստի «Հարլընտ էնտ Վուլֆ» նաւաշինարանի մէջ՝ 1909-1912 թուականներուն «Ուայթ Սթար Լայն» նաւարկային ընկերութեան պատուէրով։ Շահագործման սկսելու պահուն ան կը հանդիսանար աշխարհի ամենէն մեծ նաւը՝ երկարութիւնը 269 մեթր էր, իսկ լայնութիւնը՝ 28 մեթր: Նաւուն կմախքը շինուած էր պողպատէ եւ տարիներ ետք՝ 1985 թուականին երբ Ռապըրթ Պալլարտի ղեկավարած արշաւախումբը յայտնաբերեց «Թիթանիք»ը Ատլանտեան ովկիանոսի յատակին եւ գտաւ նաւուն պողպատէ կիսուած կմախքը, բոլոր կասկածները վերացան: «Թիթանիք»ը ընկղմելու ժամանակ կիսուած էր, եւ այդ էր պատճառը, որ ուղեւորները ուժգին դղրդիւն լսած են:
«Թիթանիք»ի մասին խօսսելու ժամանակ «Ազգային եւ փոխադրամիջոցներ»ու թանգարանի նախկին աշխատող Մայքըլ Մեքըն կ՚ըսէր, թէ այն «պատմութեան մէջ ամենէն հռչակաւոր նաւն էր»: Սակայն «Թիթանիք»ը միակը չէր։ Ան երկրորդն էր այն երեք վիթխարի նաւերէն, որոնք կառուցուած էին «Հարլընտ էնտ Վուլֆ» նաւաշինական գործարաններու մէջ:
«Ուայթ Սթար» ընկերութիւնը կ՚արտադրէր հսկայ նաւեր, որպէսզի Հիւսիսատլանտեան շահութաբեր երթուղիին մէջ յառաջատար ըլլայ։ Եւ քանի որ այս ընկերութիւնը արագութեան մէջ չէր կրնար մրցակից ըլլալ «Քունըրտ Լայն» ընկերութեան, ան կեդրոնացաւ աւելի մեծ եւ աւելի շքեղ նաւեր կառուցելու վրայ՝ հարուստ եւ յայտնի մարդիկը գրաւելու համար։
Սակայն «Թիթանիք»ը կը ծառայելէր նաեւ այլ նպատակի մը։ Շուրջ 900 հազար ներգաղթեալներ ամէն տարի 1900-1914 թուականներուն կը գաղթէին Միացեալ Նահանգներ։ Եւրոպայէն Միացեալ Նահանգներ անոնց փոխադրումը թրանսատլանտեան նաւային ընկերութիւններուն շատ մեծ եկամուտ կը բերէր։ Եւ «Թիթանիք»ը այդ նպատակին ալ պէտք է ծառայէր։ «Թիթանիք»ի նաւապետ Է. Ճ. Սմիթ գիտէր, թէ ինչ վտանգ կը ներկայացնեն Հիւսիսատլանտեան ովկիանոսի սառցաբեկորները, քանի որ յաճախ այդ ճանապարհով կը նաւարկէր այլ՝ «Ողիմպիկ» նաւով։ Ուրիշ նաւեր ալ մի քանի անգամ նախազգուշական ազդանշաններ ուղարկած էին սառցաբեկորներու մասին, բայց ատոնք կա՛մ անտեսուած էին, կա՛մ հաւանաբար տեղ չէին հասած։
Անսպասելիօրէն «Թիթանիք» նաւուն դէտերը նախազգուշացուցին, որ առջեւը սառցաբեկոր կայ, բայց արդէն շատ ուշ էր։ Հերթապահ հրամանատարը փորձեց խուսափիլ ճակատային բախումէն, բայց չկարողացաւ կանխել նաւաքիթի թեթեւ բախումը սառցաբեկորի ծայրին։ Այդ ալ վնասեց նաւը, եւ ջուրը սկսաւ լեցուիլ խցիկներուն մէջ։ Նաւապետ Սմիթ արագ հասկցաւ, որ իր նաւը կը խորտակուի։ Ան քանի մը անգամ SOS ազդանշան ուղարկեց եւ պատուիրեց, որ իջեցնեն փրկարարական նաւակները։
«Թիթանիք»ի վրայ կար տասնվեց փրկարարական եւ չորս ծալովի նաւակ։ Ատոնք կրնային տեղափոխել 1170 հոգի։ Բայց նաւուն վրայ կար շուրջ 2200 ուղեւոր, այդ կարգին նաեւ՝ անձնակազմը։ Ամենասարսափելին այն էր, որ բազմաթիւ նաւակներ հեռացան՝ չսպասելով, որ բոլորովին լեցուին։ Շատերը նոյնիսկ չփորձեցին փրկել ծովը ինկածները…
«Թիթանիք»ի ողբերգութենէն յետոյ գործարդրուեցան կանոններ՝ ծովուն մէջ մարդոց անվտանգութիւնը աւելի ապահով դարձնելու համար։ Այդ կանոններէն մէկուն համաձայն՝ նաւու վրայ պէտք է այնքան փրկարարական նաւակներ ըլլային, որ տեղաւորէին բոլոր ուղեւորները։
«Թիթանիք» նաւու կործանումէն ութսունհինգ տարի յետոյ՝ 1997 թուականին բեմադրիչ Ճէյմս Քեմըրըն նկարահանեց «Թիթանիք» շարժանկարը, որուն մէջ կը նկարագրուի առասպելական «Թիթանիք» շոգենաւուն կործանումը։ Շարժանկարի գլխաւոր դերակատարներն են Քէյթ Ուինսլէթ եւ Լէոնարտօ տի Քափրիօ։
Շարժանկարը ցուցանիշային՝ թիւով տասնչորս անուանակարգերու մէջ ներկայացուած է «Օսքար»ի, նման յաջողութիւն ունեցած է միայն 1950 թուականին նկարահանուած «Ամէն ինչ Եւայի մասին» շարժանկարը։
Անցեալ դարը սկսաւ «Թիթանիք» նաւու կործանումով եւ աւարտեցաւ «Թիթանիք» շարժանկարի յաղթարշաւով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024