ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌԻ ԱՇԽԱՏՈՂՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐ ՀԱՒԱՍՏԱԳՐԵՐ
Հայ օգնութեան ֆոնտի (ՀՕՖ) նախաձեռնութեամբ վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ հասարակական քննարկում մը, որու ընթացքին շօշափուեցան առողջապահական ծառայութիւններուն վերաբերեալ զանազան խնդիրներ։ Հայաստանի մէջ վերջերս փոփոխութեան ենթարկուեցաւ՝ բժշկական օգնութեան եւ սպասարկման մասին օրէնք մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յառաջիկայ շրջանին երկրէն ներս առողջապահական բնագաւառի աշխատակիցներու պարագային մասնագիտական հաւաստագրման նոր կարգ մը պիտի հաստատուի։ Ներկայ ամսուան սկիզբին արդէն պաշտօնապէս ի զօրու դարձած է համապատասխան կարգադրութիւնը։ Այս մթնոլորտին մէջ, գաղափարական նոր մօտեցումներ հասարակութեան մօտ շրջանառութեան մէջ կը գտնուին՝ առողջապահութեան գետնի վրայ շարունակական մասնագիտական զարգացման գծով։
ՀՕՖ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած քննարկումն ալ մաս կազմեց այս ամբողջին։ Հաւաքոյթը վարեց Համբարձում Սիմոնեան, որ կը ղեկավարէ ՀՕՖ-ի առողջապահական ծրագրերը։ Ան կարեւորեց յատկապէս Հայաստանի մարզերէն ներս աշխատող բժիշկներու համար այս նոր կարգին շնորհիւ ստեղծուած հնարաւորութիւնները։
Ըստ նոր հաստատուած կարգին՝ Հայաստանի առողջապահութեան բնագաւառի աշխատողները մասնագիտական հաւաստագրում պիտի ունենան շարունակական մասնագիտական զարգացման միաւորներու միջոցաւ՝ պարբերաբար մասնակցելով դասընթացքներու, վերապատրաստումներու եւ գիտաժողովներու։