ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏ՝ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼ ՄԱԿ-Ի ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ

Թուր­քիա պատ­րաստ է հիւ­րըն­կա­լել հեր­թա­կան մի­ջազ­գա­յին կա­րե­ւոր հա­ւա­քոյթ մը։ Այս Եր­կու­շաբ­թի, Իս­թան­պու­լի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ՄԱԿ-ի Հա­մաշ­խար­հա­յին մար­դա­սի­րա­կան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը, որ կը տե­ւէ եր­կու օր։

Աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէն ղե­կա­վար­ներ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Հարկ է նշել, որ այս­պի­սի գա­գա­թա­ժո­ղով մը պատ­մու­թեան մէջ կը կազ­մա­կեր­պուի ա­ռա­ջին ան­գամ։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը պի­տի փոր­ձեն լու­ծում­ներ գտնել՝ կլո­պալ առ­կայ մար­դա­սի­րա­կան ծանրակշիռ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն հա­մա­ր, որոնք կ՚ունենեն լուրջ հետեւանք։

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2016