ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՅՑ

Հռո­մէ­կան Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պին Հա­յաս­տան կա­տա­րե­լիք այ­ցե­լու­թիւ­նը ար­դէն հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն կը զբա­ղեց­նէ օ­րա­կար­գը։ Սրբա­զան Պա­պին այ­ցե­լու­թիւ­նը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եղ­բայ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Բաց աս­տի, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Վա­տի­կա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ եւս յատ­կան­շա­կան փուլ մըն է այս մէ­կը։

Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը Յու­նի­սի 24-ի յետ­մի­ջօ­րէին պի­տի ժա­մա­նէ Ե­րե­ւան, ուր «Զուարթ­նոց» մի­ջազ­գա­յին օ­դա­կա­յա­նին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ դի­մա­ւոր­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն։ Սրբա­զան Պա­պը օ­դա­կա­յա­նէն ան­մի­ջա­պէս պի­տի ու­ղե­ւո­րուի դէ­պի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր պի­տի դի­մա­ւո­րուի Մայր Տա­ճա­րին մէջ նա­խա­տե­սուած «Հրա­շա­փառ»ի ա­րա­րո­ղու­թեամբ։ Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ եղ­բայ­րա­բար պի­տի ող­ջա­գու­րուին Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կոսն ու Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը։

Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան Հռո­մի Պա­պը Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հի ա­պա­րան­քին մէջ հան­դի­պում մը պի­տի ու­նե­նայ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ։ Ա­ւե­լի վերջ ան պի­տի մէկ­տե­ղուի Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիի, հա­սա­րա­կու­թեան եւ Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Այ­ցե­լու­թեան ա­ռա­ջին օ­րը պի­տի ամ­փո­փուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ նա­խա­տե­սուած եր­կու հայ­րա­պետ­նե­րու հան­դի­պու­մը։

Յու­նի­սի 25-ի ա­ռա­ւօ­տեան Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը պի­տի այ­ցե­լէ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րն ու յա­րա­կից թան­գա­րա­նը։ Եր­կու հայ­րա­պետ­նե­րը ա­ւե­լի վերջ պի­տի մեկ­նին Կիւմ­րի, ուր Ս. Պա­տա­րագ պի­տի մա­տու­ցուի Վար­դա­նանց հրա­պա­րա­կին վրայ։ Կիւմ­րիի մէջ Հռո­մի Պա­պը պի­տի այ­ցե­լէ Ա­նա­րատ Յղու­թեան հայ քոյ­րե­րու միա­բա­նու­թեան «Տի­րա­մայր Հա­յաս­տա­նի» կու­սաս­տա­նը, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Շի­րա­կի Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Եօթ­վէրք Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղե­ցին եւ Հայ Կա­թո­ղի­կէից Սրբոց Նա­հա­տա­կաց մայր տա­ճա­րը։ Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան Ե­րե­ւա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Խա­ղա­ղու­թեան ա­ղօթք», է­քիւ­մե­նիք ա­րա­րո­ղու­թեան մը ձե­ւա­չա­փին մէջ։

Յու­նի­սի 26-ին, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը հան­դի­պում պի­տի ու­նե­նայ Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­պիս­կո­պոս­նե­րու հետ, պի­տի մաս­նակ­ցի Ս. Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան եւ է­քիւ­մե­նիք ճաշ­կե­րոյ­թի՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին, Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կո­պո­սաց դա­սու ան­դամ­նե­րուն, Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­պիս­կոպ­սաց դա­սու ան­դամ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ իր պա­տուի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ։ Ա­ւե­լի վերջ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը պի­տի մէկ­տե­ղուի Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տուի­րակ­նե­րուն եւ բա­րե­րար­նե­րուն հետ։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը պի­տի ստո­րագ­րեն հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը։ Ա­նոնք Խոր Վի­րա­պի պատ­մա­կան վան­քէն ներս եւս պի­տի մա­տու­ցեն ա­ղօթք մը։

Նոյն օ­րը Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը Ե­րե­ւա­նէն հրա­ժեշտ առ­նե­լով պի­տի վե­րա­դառ­նայ Հռոմ։

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016