Հ. Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի Նուիրուած Ձեռնարկ
Հովանաւորութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան, նախաձեռնութեամբ Լիբանանի տեղական վարչութեան, Թէքէեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ մշակոյթի կերտիչներու ձեռնարկ՝ նուիրուած Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի: Ձեռնարկը նախաձեռնուած էր ի պատիւ Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի՝ իբրեւ մէկը լիբանանահայ մշակոյթի կերտիչներէն, նպատակ ունենալով լուսարձակի տակ առնել անոր կեանքը եւ ստեղծագործական ուղին:
Բարի գալուստի խօսքը ներկայացուց Թէքէեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Ասիլեան, որ ըսաւ, թէ Հայր Անդրանիկ իր վերջին տարիներուն հրատարակած գիրքերուն մէջ դրած է իր կեանքի փորձառութեան հիւթը, նշելով, որ այսօր քիչ է թիւը այն հայ գործիչներուն, որոնք Հայր Կռանեանի տարողութեամբ եւ խորքով ծառայական փորձառութիւն ունեցած են միջինարեւելեան հայ օճախներուն հետ: Վիգէն Ասիլեան հաստատեց, որ այսօր մեր իրականութեան մէջ կարիք կայ Հայր Անդրանիկին նման անձնաւորութիւններու եւ անոնց կորովին, որովհետեւ ան «ոչ միայն չցամքող, այլ վարար աղբիւր է՝ հարազատ ու զուլալ ջուր հայթայթող»:
Ապա բեմ հրաւիրուեցան խմբագիր Սարգիս Նաճարեանը եւ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը, որպէսզի լուսարձակի տակ առնեն Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի կեանքը եւ ստեղծագործական ուղին:
Սարգիս Նաճարեան իր խօսքին մէջ Հայր Կռանեանը նկարագրելով՝ ըսաւ. «Մարդ մը, որուն կեանքը իրեն չէ պատկանած, այլ՝ եկեղեցւոյ եւ ազգին: Մարդ մը, որուն անունը բազմապատկուած է միաժամանակ ուսուցիչ, դաստիարակ, իմաստասէր, աստուածաբան, դասախօս, լրագրող, խմբագիր, հրապարակագիր, թարգմանիչ, վերլուծաբան, բանասէր, թատերագիր, բանաստեղծ, ծիսագէտ եւ այս բոլորէն առաջ եւ վեր՝ վարդապետ ստորոգելիներով: Մարդ մը, որուն համար ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ գերագոյն եւ բացարձակ արժէք է, վարքագծի նշանաբան, պայքարի հզօրագոյն զէնք, որովհետեւ ան ճշմարտութեան մէջ տեսած է Աստուած: Այսուհանդերձ, պարզապէս թուենք միայն քանի մը հատը, որոնք ամենէն աւելի կը բնորոշեն Հայր Կռանեանի ստեղծագործական ուղին: «Հայ ծիսական պաշտամունքը», լոյս տեսած՝ 2001-ին, «Արեւելեան ծէսերու գոհարը», «Անապահով օրեր»ը, զորս լիբանանահայութիւնը ապրեցաւ: Մարդեղութեան 2000-ամեակին նուիրուած «Լուսարձակդ բաց վրաս…» հատորը, «Խօսէ՛ ինծի հայ եկեղեցիի մասին» հատորը, որ լոյս տեսած է 2012-ին», ըսաւ Նաճարեան:
Ան աւելցուց, որ Հայր Կռանեան հեղինակ է հայերէն բառարաններու եւ գրաբարի դասագիրքի մը, վեց թատերախաղերու՝ երեքը անտիպ, անտիպ կը մնան նաեւ անոր դասաւանդած նիւթերուն բնագիրները՝ «Հայ մատենագրութիւն», «Հայ երաժշտութեան պատմութիւն», «Հայկական ծէսը» ֆրանսերէն դասագիրքը: Բանախօսը նաեւ յիշեց Ս. Հոգի համալսարանին մէջ Հայր Կռանեանին ֆրանսերէնով տուած դասախօսութիւններու շարքը, որ հրատարակուած է համալսարանին կողմէ:
Գեղարուեստական բաժինով Լոռի Եափուճեան շուիի վրայ նուագեց երկու հայրենասիրական երգեր:
Անկէ ետք խօսք առաւ Սեւակ Յակոբեան, որ յոյն մեծ փիլիսոփայ Պղատոնի գրած քարայրի մեկնաբանութեամբ սկսած խօսքը՝ զայն նմանցնելով Հայր Անդրանիկին տարած սուրբ աշխատանքին հետ: Ան հաստատեց, որ չըլլալով սովորական մահկանացու՝ Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանը դժուար է մեծարել, որովհետեւ իր ներկայութեամբ ինք կը պատուէ իր շուրջ գտնուողները:
«Յեղափոխական մըն է Հայր Անդրանիկը՝ իր սիրեցեալ Յիսուս Քրիստոսի նման: Յեղափոխական Հայր Անդրանիկը թերեւս զէնք չվերցուց, սակայն զէնքի մղեց իր զաւակները… երկաթէ շերեփի: 1968-1973 թուականներու մէջ ան հրատարակեց «Երիտասարդ հայ»ը, որ հոգեկան սնունդ հանդիսացաւ այդ օրերու հայ ազատամարտիկներուն: Կարդացէք իր 1999-ին հրատարակուած «Անապահով օրեր» գիրքը, որ խտացումն է իր խմբագրած «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած պատմուածքներուն: Իսկ իր վերջինով, բայց՝ ոչ վերջակէտով՝ «Դէմ առ դէմ» գրքոյկով մենախօսութեամբ է, որ Հայր Անդրանիկ իր պատգամը կը փոխանցէ», յայտնեց Յակոբեան:
Եզրափակելով՝ Սեւակ Յակոբեան խօսքը ուղղեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանին. «Եթէ ժամանակը գայ, երբ Հայր Անդրանիկի արարիչը յարմար տեսնէ իր մօտ կանչել իր սիրեցեալը, եւ եթէ անշուշտ Հայր Անդրանիկը այդպէս ալ կտակէ, իմ փափաքս է, որ այնտեղ՝ Հայոց սպարապետին ու Հայոց զօրավարին մօտիկ յաւերժ հանգչի նաեւ հայոց վարդապետը, սփիւռքահայոց յեղափոխական վարդապետ»:
Ապա Թէքէեան մշակութային միութեան հիմնադիրներու ատենապետ Յակոբ Գասարճեան «Լիբանանեան մշակոյթի կերտիչներու» անուան արժանացող Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանին յանձնեց շքանշանը:
Աւարտին Հայր Անդրանիկ իր շնորհակալական եւ սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն, յատկապէս՝ ձեռնարկին նախաձեռնողներուն, ինչպէս նաեւ երախտագիտութիւնը՝ Աստուծոյ:
Հայր Անդրանիկ իր խօսքը աւարտեց ծանօթ առակով, որ կ՚ըսէ. «Խօսքը կը թռչի՛, գիրը կը մնայ»:
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024