«ԱՐՈՒԵՍՏ ԷՔՍՓՕ-2016»

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­րուեստ էքս­փօ-2016» մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ ար­ժա­նա­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։ Իր տե­սա­կին մէջ երկ­րորդ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը ձօ­նուած էր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։ Նո­րա­րար փոր­ձա­րա­կան ա­րուես­տի կեդ­րո­նի (ՆՓԱԿ) եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կին ա­ջակ­ցու­թիւն բե­րուած էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, հայ­րե­նա­դարձ նկա­րիչ Վա­գօ Ար­մե­նօ Խա­խա­մեա­նի ջան­քե­րով կազ­մա­կեր­պուած այս ցու­ցա­հան­դէ­սին մաս­նակ­ցե­ցան աշ­խար­հի տաս­նութ եր­կիր­նե­րէն շուրջ չորս տաս­նեակ ա­րուես­տա­գէտ­ներ։ Բա­ցի Հա­յաս­տա­նէն, ծրագ­րին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին նկա­րիչ­ներ՝ Անգ­լիա­յէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Ի­րա­նէն, Ղա­զա­խիս­տա­նէն եւ Լիթ­վա­յէն։

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան՝ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նե­լով, որ Խա­խա­մեան հեր­թա­կան ան­գամ հա­մախմ­բած է սփիւռ­քա­հայ նկա­րիչ­նե­րը։ Այս ե­րե­ւոյ­թը վկա­յու­թիւն մըն է այն մա­սին, թէ կա­րե­լի ե­ղած է ստեղ­ծել նկա­րիչ­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան ցանց մը։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ցու­ցա­հան­դէ­սը հա­մա­րեց պատ­մա­կան, ո­րով­հե­տեւ ան ձօ­նուած է Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին նա­խա­րա­րը Խա­խա­մեա­նը պար­գե­ւատ­րեց պա­տուոյ գրով մը՝ Հա­յաս­տան-Սփիւռք մշա­կու­թա­յին կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ ներդ­րած ա­ւան­դին հա­մար։

Ա­ւե­լի վերջ ե­լոյ­թով մըն ալ հան­դէս ե­կաւ ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կեր­պիչ Խա­խա­մեան, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մշտա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար։ Ան շեշ­տեց, որ Հա­յաս­տա­նի ա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ջերմ ար­ձա­գանգ­նե­րը նոր ուժ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու նոր լից­քեր կը հա­ղոր­դեն ի­րենց։

«Ա­րուեստ էքս­փօ-2016»ի շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած են ա­ւե­լի քան հա­րիւր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանք­ներ, ո­րոնց շար­քին կը գտնուին գծան­կար­ներ, գու­նան­կար­ներ, քո­լաժ­ներ, քան­դակ­ներ, յախ­ճա­պա­կի­ներ, լու­սան­կար­ներ, կար­ճա­ժամ­կէտ ֆիլ­մեր ե­ւ այլն։ Հարկ է նշել, որ ՆՓԱԿ-էն ներս ա­ռան­ձին բաժ­նի մը մէջ կը ցու­ցադ­րուին ժա­պա­ւէն­նե­րը։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016