ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­մա­նագ­րի հի­ման վրայ, Մով­սէս Յա­կո­բեան նշա­նա­կուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար։

Հարկ է նշել, որ Մով­սէս Յա­կո­բեան եր­կար տա­րի­ներ ե­ղած էր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար։ Վեր­ջին շրջա­նին ան ծա­ռա­յու­թեան կո­չուած էր Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ ստանձ­նե­լով Հա­յաս­տա­նի ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի փոխ-նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի վեր­ջին տնօ­րի­նու­թեամբ, ան ա­զա­տուե­ցաւ ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի փոխ-նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նէն եւ նշա­նա­կուե­ցաւ պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար։ Մով­սէս Յա­կո­բեան միեւ­նոյն ստանձ­նեց Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան նիւ­թա­թեք­նիկ ա­պա­հով­ման բա­ժան­մուն­քի պե­տի պաշ­տօ­նը։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016