ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ կը շա­րու­նա­կեն տու­ժել նաեւ երկ­րի հայ հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը Բե­րիոյ Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րու հի­ման վրայ տե­ղե­կա­ցուց, որ Գա­միշ­լիի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած է ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում մը, ո­րու հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած է հայ մը։ Ըստ հա­ղոր­դուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, Մա­յի­սի 21-ի ե­րե­կո­յեան չորս զի­նեալ ա­կա­նա­ւո­րուած ա­հա­բե­կիչ­ներ յար­ձա­կե­ցան Գա­միշ­լիի Մա­յա­մի թա­ղա­մա­սին վրայ։ Ա­հա­բե­կիչ­նե­րը կրակ բա­ցին տեղ­ւոյն բնակ­չու­թեան վրայ, ա­ւե­լի վերջ ալ պայ­թե­ցու­ցին այն ռում­բե­րը, զորս կը կրէին ի­րենց մարմ­նին վրայ։ Դէպ­քը պատ­ճառ դար­ձաւ մարդ­կա­յին լուրջ կո­րուստ­նե­րու եւ վի­րա­ւոր­նե­րու։

Վի­րա­ւո­րեալ հա­յը կը կո­չուի Խա­չիկ Կա­րա­պետ, որ Ռաք­քա­յէն հաս­տա­տուած էր Գա­միշ­լի։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ ա­միս­ներ ա­ռաջ Գա­միշ­լիի շրջա­նը վերս­տին են­թար­կուած էր ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016