ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ե­րէկ, Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տից տա­րե­կան հա­ւաք։ Ան­մի­ջա­կան ու ո­գե­ւոր մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին 25-ա­մեայ, 40-ա­մեայ եւ 50-ա­մեայ յո­բե­լեար շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ստա­ցան յու­շա­նուէր­ներ։

Ներ­կայ էին Քոյր Ան­րիէթ, դպրո­ցի Մա­տա­կա­րար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Էօ­տիւլ եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Ս. Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պեռ­նար Սա­րը­պայ եւ այլ հիւ­րեր։

Վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ Նա­տիա Պար­սա­մեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ գոր­ծադ­րուե­ցաւ օ­րուան յայ­տա­գի­րը, ո­րու ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցուց Կա­րա­պետ Մխա­լեան եւ տնօ­րէն Շա­հին Չը­նար։

Դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին թա­տե­րակ մը, մինչ Քայ­լա Չա­քըր նուա­գեց եր­գե­հոն։ Հաս­տա­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը շնոր­հա­կա­լու­թեան յու­շա­նուէր­ներ պատ­րաս­տած էին Վա­րու­ժան Պուլ­կա­նի եւ Ա­րէտ Շու­շա­նեա­նի հա­մար, ո­րոնք վեր­ջին շրջա­նին ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին։

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016