184-ՐԴ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին արտասովոր ոգեւորութիւն ապրուեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ։ Պատմական այս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 184-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ երէկ եռուզեռը զգալի էր Էյուպի բարձունքին։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Պերճ Սրկ. Քաջ, Վահրամ Սրկ. Լիւլեճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագէն վերջ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Եկեղեցական արարողութիւններու աւարտին յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, իր կողքին ունենալով Տէր Հայրը։ Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Միսաք Կիւլլիւք եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին սիրոյ սեղանի մասնակիցները։
Ատենապետ Միսաք Կիւլլիւք այս առթիւ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին մանրամասնութիւններ փոխանցեց եկեղեցապատկան կալուածներու վիճակին շուրջ։ Ան յայտնեց, թէ եկեղեցւոյ յարակից քանի մը բնակարանները վերանորոգուած են եւ անոնց վարձքերը կը շարունակեն մնալ Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ հիմնական եկամուտը։ Ըստ Միսաք Կիւլլիւքի բացատրութիւններուն, եկեղեցւոյ մերձակայքին 70 մեթր քառակուսի մակերեսով տարածութիւն մը գոյութիւն ունէր եւ թաղային խորհուրդը շինարար ընկերութեան մը հետ համաձայնելով այդ տարածքին վրայ բնակելի շէնքի մը կառուցումը ապահովեց։ Այս ծրագրին շնորհիւ եկեղեցին տիրացաւ երկու յարկաբաժնի եւ ներկայիս կը ստանայ վարձքերը։
Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցին իր շրջանին մէջ ունի նաեւ 324 քառակուսի մեթր մակերեսով տարածքմը, որու 70 քառակուսի մեթրի պարագային կարելի է շինարարութիւն կատարել։ «Սոֆուլար եոքուշու»ի վրայ կը գտնուի այդ տարածքը, որու պարագային թաղային խորհուրդը եւ քաղաքապետարանը ունին որոշ դժուարութիւններ։ Եթէ ապագային քաղաքապետարանը որոշէ այդ տարածքը ապասեփականացնել, ապա եկեղեցւոյ բաժնին համար պիտի վճարէ հատուցում։
Միսաք Կիւլլիւքի ելոյթէն վերջ շարունակուեցաւ յայտագիրը, մինչ սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուած ներկաները հաճելի զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։