Կարեւոր ձեռքբերում

Գա­րա­կէօ­զեան Տան յա­րա­կից կա­ռու­ցուած երկ­նա­քե­րը խորհր­դան­շա­կան կո­թող մըն է՝ Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն հա­մար վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կա­տա­րուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ՝ որ­պէս շօ­շա­փե­լի ար­դիւնք։ Ե­րէ­կուան դրու­թեամբ այդ հա­մա­լի­րէն ներս պաշ­տօ­նա­պէս գոր­ծել սկսաւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցուց­չին գրա­սե­նեա­կը։ Սա կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մըն է թէ՛ ամ­բողջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն եւ թէ՛ թրքա­հա­յու­թեան տե­սա­կէ­տէ։

Մեր հա­մայն­քը ներ­կա­յիս երկ­րի ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հա­մայնք­նե­րու շար­քին խո­շո­րա­գոյնն է իր քա­նա­կով։ Թէեւ հա­մայնք­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը յա­ռա­ջի­կա­յին հեր­թով պի­տի ստանձ­նեն ներ­կա­յա­ցուց­չի պաշ­տօ­նը, սա­կայն թրքա­հայ հաս­տա­տու­թեան մը՝ Գա­րա­կէօ­զեան Տան սե­փա­կա­նու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող եր­դի­քի մը տակ ա­նոր խարս­խուած ըլ­լա­լը միշտ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ լուրջ կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Մեր հա­մայն­քի կշի­ռին տե­սա­կէ­տէ կա­րե­ւոր քայլ մըն է այս մէ­կը։

Երբ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու խնդիր­նե­րուն ա­ռանց­քով կա­տա­րուի հա­շուեկ­շիռ մը, ա­պա ար­դիւն­քը յու­սադ­րիչ է։ Ցարդ կան լու­ծուած հար­ցեր ու տա­կա­ւին կը մնան լուծ­ման կա­րօտ այլ խնդիր­ներ։ Կը մաղ­թենք, որ յա­ռա­ջի­կայ աշ­խա­տան­քին տե­սա­կէ­տէ նպաս­տա­ւոր գե­տին մը ստեղ­ծուի այս նոր գրա­սե­նեա­կով եւ ա­նոր եր­դի­քին տակ մթնո­լորտ պատ­րաս­տուի դրա­կան ար­դիւնք­նե­րու։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016