Յայտնի Երգչուհի եւ Դերասանուհի Շեր նշեց Իր Ծննդեան 70-ամեակը
Հայկական արմատներով ամերիկեան հանրայայտ երգչուհի եւ դերասանուհի Շեր (Շերիլին Սարգսեան) Մայիսի 20-ին նշեց իր ծննդեան 70-ամեակը:
Երգչուհին ծնած է 1946 թուականի Մայիսի 20-ին, Էլ Սենթրօ քաղաքին մէջ (Գալիֆորնիա): Հայրը՝ Ճոն Փոլ Սարգսեան, բեռնատարի վարորդ եղած է: Մայրը՝ Ճորճիա Հոլթ՝ դերասանուհի: Շերի ծնողները ամուսնալուծուած են, երբ ան փոքր եղած է:
Ան այն քիչ աստղերէն է, որ միաժամանակ ունի թէ՛ «Օսքար», թէ՛ «Կրեմմի», թէ՛ «Էմմի» եւ թէ՛ «Ոսկէ կլոպ», որոնք ստացած է շարժանկարի, երաժշտութեան եւ հեռուստատեսութեան ոլորտին մէջ աշխատելու ընթացքին:
Իր ասպարէզի ընթացքին, որ կը շարունակուի արդէն աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր, Շեր դարձած է այն կատարողներէն մէկը, որ ունի ամենաշատ թիւով վաճառուած ձայնագրութիւնները երաժշտական ոլորտի պատմութեան մէջ:
Երգչուհիին ասպարէզը սկսած է 17 տարեկանին՝ երջանիկ պատահականութեամբ: 1962 թուականին ան սրճարանի մը մէջ կը ծանօթանայ երաժշտական արտադրողի օգնական Սոնի Պոնոյի հետ, որուն մօտ կը տեղափոխուի ապրելու: Ընկերութիւնը կը վերածուի սիրոյ, երիտասարդները կ՚ամուսնանան, իսկ 1964 թուականին կը ձեւաւորուի «Սոնի եւ Շեր» երաժշտական զոյգը:
Շեր միակ երգչուհին է, որուն երգերը յիսուն տարուան ընթացքին յայտնուած են Միացեալ Նահանգներու առաւել յայտնի կատարումներու յայտնի տասնեակին մէջ: Ան ունի քանի մը «ոսկէ» եւ «փլաթինէ» ձայնասկաւառակներ: