ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Մա­յիսի 22-ին՝ աշ­խար­հահռ­չակ ֆրան­սա­հայ եր­գիչ, եր­գա­հան, բա­նաս­տեղծ, գրող ու դե­րա­սան Շարլ Ազ­նա­ւուր դար­ձաւ 92 տա­րե­կան։ Այս առ­թիւ Շարլ Ազ­նա­ւու­րի 92-­րդ տա­րե­դար­ձը հա­յաս­տան­ցի հան­դի­սա­տե­սի կեան­քին մէջ նշա­նա­ւո­րուե­ցաւ համեր­գով մը: Շարլ Ազ­նա­ւու­րի անուան հրա­պա­րա­կին վրայ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ բա­ցօ­թեայ համերգ մը՝ նուիրուած աշ­խար­հահռ­չակ եր­գի­չին 92-ա­մեա­կին:

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­ում­նե­րով՝ ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան անուա­նի ե­րա­ժիշտ­ներ Լե­ւոն Մալ­խա­սեա­ն, Ա­րա­մօ, Տիգ­րան Հա­մա­սեա­ն, «Արտ Սի­նե­մա» ան­սամպ­լը, Սօ­նա Շի­րո­յեա­ն եւ Հայկ Պետ­րո­սեա­ն: Համեր­գի ըն­թաց­քին հնչե­ցին Շարլ Ազ­նա­ւու­րի լա­ւա­գոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կա­տա­րում­նե­րը: Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը այս ձեռ­նար­կի մեկ­նար­կով նպա­տակ ու­նին ա­մէն տա­րի նշե­լու Շարլ Ազ­նա­ւու­րի ծննդեան օ­րը՝ իր իսկ ա­նուան հրա­պա­րա­կին վրայ:

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016