ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԽԱՐԻՍԽ

Ե­րէկ, Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ապ­րուե­ցաւ յատ­կան­շա­կան օր մը։ Այս­պէս, Գա­րա­կէօ­զեան Տան սե­փա­կա­նու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող KEY PLAZA-ի չոր­րորդ յար­կին վրայ պաշ­տօ­նա­պէս գոր­ծել սկսաւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցուց­չին գրա­սե­նեա­կը։ Ծա­նօթ է, որ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու վա­քըֆ­նե­րուն հա­մար վեր­ջին շրջա­նին կա­տա­րուե­ցան բազ­մաբ­նոյթ բա­րե­փո­խում­ներ, ո­րոնք եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր առ­կա­խուած, կու­տա­կուած խնդիր­նե­րու լուծ­ման տե­սա­կէ­տէ կը ներ­կա­յաց­նեն մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն։ Զու­գա­հե­ռա­բար Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դէն ներս պաշ­տօ­նի կո­չուե­ցաւ փոք­րա­մաս­նու­թեանց վա­քըֆ­նե­րու մաս­նա­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ մը եւ այս վերջ­նոյն գոր­ծու­նէու­թիւնն ալ ե­կաւ լուրջ թափ մը տալ լուծ­ման ո­րո­նում­նե­րուն եւ հա­մա­պա­տաս­խան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն։ Ներ­կա­յիս Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է Տոց. Թո­րոս Ալ­ճան, որ կը յա­ջոր­դէ Լա­քի Վին­կա­սին։ Ցարդ այս եր­կու ա­նուն­նե­րը իս­կա­պէս կա­րե­ւոր դեր մը ստանձ­նե­ցին՝ ար­դա­րաց­նե­լով ի­րենց վրայ դրուած յոյ­սե­րը։ Բո­լոր փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ու­րա­խա­ռիթ կը հա­մա­րուի, որ այդ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը այ­լեւս պի­տի ու­նե­նայ գրա­սե­նեակ մը, ինչ որ պի­տի դիւ­րաց­նէ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մա­կար­գու­մը։ Նո­րա­հաս­տատ այս վար­չա­կան խա­րիս­խը ար­դէն նոր յոյ­սեր կը ներշն­չէ՝ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցուց­չին աշ­խա­տան­քը ա­ւե­լի ազ­դու եւ նպա­տա­կաս­լաց կազ­մա­կեր­պե­լու տե­սա­կէ­տէ։

Գրա­սե­նեա­կի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն։ Պա­տուոյ հիւ­րերն էին Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Տքթ. Ատ­նան Էր­թէմ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը խորհր­դան­շա­կան կար­միր ժա­պա­ւէ­նը բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րու եւ ծա­փող­ջոյն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ հա­տեց Ատ­նան Էր­թէ­մի եւ Թո­րոս Ալ­ճա­նի հետ։

Ներ­կա­յա­ցուց­չի գրա­սե­նեա­կին բաց­ման հան­դի­սու­թիւ­նը հա­մախմ­բեց ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րէն հո­գե­ւո­րա­կան­ներ եւ ա­նոնց հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ղե­կա­վար­նե­րը։ Ներ­կայ էին նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դին ան­դամ­ներն ու Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան Իս­թան­պու­լի մաս­նա­ճիւ­ղի բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տի փոք­րա­մաս­նու­թեանց գծով խորհր­դա­կան Նա­տիա Թա­շէլ եւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն եւս ներ­կայ էին հա­ւա­քոյ­թին։

Բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը նախ հա­մախմ­բուե­ցան KEY PLAZA-ի մուտ­քաս­րա­հին մէջ, ուր սար­քուե­ցաւ նա­խա­ճաշ մը։ Ա­ւե­լի վերջ բո­լոր ներ­կա­նե­րը բարձ­րա­ցան փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցուց­չի գրա­սե­նեա­կին յար­կը։ Այս­տեղ ժա­պա­ւէ­նի հա­տուե­լէն վերջ կա­տա­րուե­ցաւ շրջայց մը, մինչ ըն­թեր­ցուե­ցաւ նաեւ Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Քա­տիր Թոփ­պա­շին կող­մէ ու­ղար­կուած շնոր­հա­ւո­րա­կան հե­ռա­գի­րը։

Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Թո­րոս Ալ­ճան եւ Ատ­նան Էր­թէմ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ձե­ռամբ յու­շա­նուէր մը յանձ­նուե­ցաւ Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լին։ Այս յու­շա­նուէ­րը պատ­րաս­տուած էր այն շար­ժա­ռի­թով, որ Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը յանձն ա­ռած է KEY PLAZA-ի եր­դի­քին տակ հիւ­րըն­կա­լել փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցուց­չին գրա­սե­նեա­կը։ Ատ­նան Էր­թէ­մի ձե­ռամբ յու­շա­նուէր մըն ալ յանձ­նուե­ցաւ Վա­րու­ժան Պուլ­կա­նին, որ ստանձ­նած էր գրա­սե­նեա­կին կա­հա­ւո­րու­մը։ Շնոր­հա­կա­լու­թեամբ ընդգ­ծուե­ցան նաեւ ճար­տա­րա­պետ Գէորգ Էօզ­գա­րա­կէօ­զի ջան­քե­րը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց նո­րա­բաց գրա­սե­նեա­կին հա­մար։

Իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ Թո­րոս Ալ­ճան շեշ­տեց, որ 2008 թուա­կա­նէն ի վեր Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու կեան­քէն ներս կա­տա­րուած են մեծ ոս­տում­ներ։ Ալ­ճան յի­շե­ցուց, թէ ա­շա­կեր­տած էր Գա­րա­կէօ­զեան Տան եւ իր ման­կու­թիւ­նը ան­ցու­ցած՝ ա­նոր պար­տէ­զին մէջ։ Ուս­տի, ան բա­ցատ­րեց, որ իր տե­սան­կիւ­նէն մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի այդ նոյն պար­տէ­զի տա­րած­քին վրայ կա­ռու­ցուած շէն­քին մէջ գրա­սե­նեա­կին բա­ցուի­լը։ Թո­րոս Ալ­ճան ընդգ­ծեց իր նա­խոր­դին՝ Լա­քի Վին­կա­սի կող­մէ ծա­ւա­լուած կա­րե­ւոր աշ­խա­տան­քը եւ ա­ւել­ցուց, թէ ինքն ալ կը շա­րու­նա­կէ այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Ալ­ճան ընդգ­ծեց, որ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցուց­չի պաշ­տօ­նը հեր­թով պի­տի ստանձ­նեն հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Բաց­ման հան­դի­սու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ ան խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին, Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լին, Ատ­նան Էր­թէ­մին եւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն։ Թո­րոս Ալ­ճան բարձր դրուա­տի­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի մա­սին, ո­րու եւ գոր­ծա­կից ըն­կեր­նե­րուն պատ­րաս­տա­կամ վե­րա­բեր­մուն­քին շնոր­հիւ կա­րե­լի դար­ձած է գրա­սե­նեա­կին KEY PLAZA-ի հաս­տա­տուի­լը։

Իր կար­գին, Ատ­նան Էր­թէմն ալ յայտ­նեց, թէ 2008 թուա­կա­նին ըն­դու­նուած օ­րէնք­նե­րը հիմք կը ծա­ռա­յեն, որ­պէս­զի ի­րենք կա­րե­նան հնա­րա­ւոր ա­ռա­ւե­լա­գոյ­նը ը­նել՝ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու վա­քըֆ­նե­րուն խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու հա­մար։ Ան ը­սաւ, թէ ցարդ բա­ւա­կան ճա­նա­պարհ առ­նուած է, սա­կայն տա­կա­ւին լուծ­ման կը սպա­սեն բա­զում խնդիր­ներ։ Ատ­նան Էր­թէմ մաղ­թեց, որ վա­քըֆ­նե­րը, բո­լոր բա­րեն­պա­տակ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց սպա­սար­կող­նե­րը բո­լո­րի ա­ղօթ­քին ու բա­րե­մաղ­թան­քին ար­ժա­նի ըլ­լան՝ ի­րենց մա­տու­ցած մար­դա­սի­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րով։

Գրա­սե­նեա­կի բաց­ման հան­դի­սու­թե­նէն վերջ օ­րուան յայ­տա­գի­րը շա­րու­նա­կուե­ցաւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Սրբոց Եր­կո­տա­սան Ա­ռա­քե­լոց յու­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից սրա­հին մէջ։ Ծա­նօթ է, որ ըստ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած ա­ւան­դոյ­թին, փոք­րա­մաս­նու­թեանց վա­քըֆ­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը գար­նան շրջա­նին սե­ղան մը կը սար­քեն Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նին եւ խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն ի պա­տիւ։ Ընդ­հան­րա­պէս Ս. Զատ­կի տօ­նի շրջա­նին կը զու­գա­դի­պի այս հա­ւա­քոյ­թը։ Քա­նի որ այս տա­րի հայ եւ յոյն հա­մայնք­նե­րուն Ս. Զատ­կի թուա­կան­նե­րը ի­րար­մէ բա­ւա­կան հե­ռու էին, այս ճաշ­կե­րոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ՝ հա­մընկ­նե­լով նաեւ ներ­կա­յա­ցուց­չի գրա­սե­նեա­կի բաց­ման հան­դի­սու­թեան օ­րուան։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին հիւ­րըն­կալ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը՝ Քոս­տաս Սան­տալ­ճա­քիս հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը։ Ա­ւե­լի վերջ ար­տա­յայ­տուե­ցան Լա­քի Վին­կաս, Թո­րոս Ալ­ճան եւ Ատ­նան Էր­թէմ։ Իր խօս­քին մէջ Ատ­նան Էր­թէմ շեշ­տեց, թէ փոք­րա­մաս­նու­թեանց վա­քըֆ­նե­րու առ­կա­խուած ընտ­րու­թեան խնդի­րը կը շա­րու­նա­կէ մնալ այժ­մէա­կան։ Ներ­կա­յիս կը ձե­ւա­ւո­րուի նոր կա­ռա­վա­րու­թիւն մը եւ ի­րենք յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին եւս կը շա­րու­նա­կեն հե­տապն­դել նաեւ այս հար­ցը։ Էր­թէմ ընդգ­ծեց, որ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, սկզբուն­քօ­րէն, չի փա­փա­քիր մի­ջա­մուխ դառ­նալ ընտ­րու­թիւն­նե­րուն։ Այս խնդրի կար­գա­ւո­րու­մը կ՚են­թադ­րէ ո­րոշ ըն­թա­ցա­կար­գե­րու կեան­քի կո­չուի­լը։ Յա­մե­նայն­դէպս, Ատ­նան Էր­թէմ յստակ թուա­կան մը չտուաւ այս խնդրի լուծ­ման շուրջ։ Ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նը կա­րե­ւո­րու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Քամփ Ար­մէ­նի հար­ցին եւ ա­ւել­ցուց, որ այն­տեղ եւս յա­ռաջ պի­տի տա­րուի անհ­րա­ժեշտ ըն­թա­ցա­կար­գը։

Միւս կող­մէ, այս ճաշ­կե­րոյ­թէն վերջ, ե­րէկ, Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դը իր հեր­թա­կան ժո­ղո­վը գու­մա­րեց Իս­թան­պու­լի մէջ, Ատ­նան Էր­թէ­մի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Բնա­կա­նա­բար, փոք­րա­մաս­նու­թեանց հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նին հետ մէկ­տե­ղուե­լու ա­ռի­թէն օգ­տուե­լով հեր­թա­կան ան­գամ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րին առ­կա­խուած ընտ­րու­թիւն­նե­րու խնդի­րը, ո­րու լուծ­ման կը սպա­սուի շուրջ չորս տա­րիէ ի վեր։  

Երեքշաբթի, Մայիս 24, 2016