ՎԱՆԻ ՄԷՋ 6 ՆԱՀԱՏԱԿ

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ե­րէկ բռնա­րարք մը կա­տա­րեց այն ցա­մա­քու­ղիին վրայ, որ կը միաց­նէ Վա­նի Չալ­տը­րան եւ Աղ­րըի Տո­ղու­պէ­յա­զըտ գա­ւա­ռակ­նե­րը։ Ճա­նա­պար­հի եր­թե­ւե­կու­թիւ­նը ար­գե­լա­փա­կած ա­հա­բե­կիչ­նե­րը Սո­ղուք­սուի շրջա­նէն ներս հրկի­զե­ցին տասն բեռ­նա­տար­ներ։

Անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը ան­մի­ջա­պէս գոր­ծո­ղու­թեան ձեռ­նար­կե­ցին։ Ա­նոնց անց­քին ժա­մա­նակ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը պայ­թե­ցու­ցին նա­խա­պէս ճա­նա­պար­հին զե­տե­ղուած ռում­բե­րը։ Դժբախ­տա­բար վեց զի­նուոր­ներ նա­հա­տա­կուե­ցան այս դէպ­քին ըն­թաց­քին։ Եր­կու զի­նուոր ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ եւ ա­նոնց­մէ մէ­կուն կա­ցու­թիւ­նը կը հա­մա­րուի ծանր։

Միւս կող­մէ, Մար­տի­նի Նու­սայ­պին գա­ւա­ռա­կին մէջ ալ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու կող­մէ լա­րուած ծու­ղա­կի մը հե­տե­ւան­քով պա­տա­հե­ցաւ պայ­թում մը։ Թէ՛ այս դէպ­քին եւ թէ՛ ա­նոր յա­ջոր­դած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին վի­րա­ւո­րուե­ցաւ տասն զի­նուոր։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2016