ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՎԷՃ
ՄԱԿ-ի Համաշխարհային մարդասիրական գագաթաժողովը, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ, առիթ հանդիսացաւ Հայաստանի եւ Ատպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ սուր տարաձայնութիւններու հերթական անգամ դրսեւորման։ Ատրպէյճանի կողմէ այս գագաթաժողովին մասնակցեցաւ Նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ հանդէս եկաւ ծանր պնդումներով։ Գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստանը ներկայացուց Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աշոտ Յովակիմեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը։ Իր ելոյթին մէջ Աշոտ Յովակիմեանն ալ փոխադարձեց ծանրակշիռ ոճով։ Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն՝ Աշոտ Յովակիմեան յայտնեց, թէ Իլհամ Ալիեւ անձնական պատասխանատուութիւն կը կրէ ահաբեկիչները եւ բարբարոսները փառաբանելու ուղղութեամբ։ Աշոտ Յովակիմեան շեշտեց, թէ ազէրի ղեկավարը յօրինուած մեղադրանքներ օրակարգի վրայ բերած է հայոց դէմ եւ իր հնչեցուցած սուտերը որեւէ կապ չունին իրականութեան հետ։ «Հաշուի առնելով, թէ Ատրպէյճանի նախագահը որքան հաճոյք կը ստանայ, մէջբերելով Հայաստանի նախկին պաշտօնեաներու խօսքերը, վստահաբար աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ ան յղում կատարէ իր նախորդներէն մէկուն, որ Ատրպէյճանի այդ ժամանակուան քաղաքական ղեկավարութիւնը կը մեղադրէր՝ իր իսկ սեփական ժողովուրդը Խոճալուի մէջ կոտորելու համար», ըսաւ Աշոտ Յովակիմեան եւ աւելցուց, թէ Ատրպէյճան մարդկութեան դէմ կատարուած եւ պատերազմական յանցագործութիւններ կը կատարէ։