ՍՊԱՍՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆ

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը Յու­նի­սի 2-ին պի­տի քննար­կէ հայ­կա­կան բա­նա­ձեւ մը, ո­րու հի­ման վրայ հա­ւա­նա­կան է, որ 1915-ի դէպ­քե­րը այդ երկ­րին կող­մէ պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցուին որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Ներ­կա­յիս երբ այս ա­ռու­մով սպաս­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջան մըն է, Յու­նի­սի 2-ի քննարկ­ման ըն­դա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գահ Է­տէլ­կարտ Պուլ­ման։ Բա­ցի Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս հիւ­րըն­կա­լուե­լէ, Պուն­տես­տա­կի փոխ-նա­խա­գա­հը Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ։ Ըստ պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն, Նալ­պան­տեա­նի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Պուլ­ման յայտ­նեց, որ Պուն­տես­տակ պէտք է գնա­հա­տա­կան տայ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մէջ գեր­մա­նա­կան կայս­րու­թեան դե­րին հա­մար։ Նա­խա­գահ Սարգ­սեա­նի հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ ալ ան ը­սաւ, թէ Պուն­տես­տա­կի կող­մէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը ցոյց պի­տի տայ Գեր­մա­նիոյ կա­րո­ղու­թիւ­նը՝ ան­ցեա­լի ո­րոշ է­ջե­րուն շի­տակ նա­յե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան Եւ­րո­պա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Պե­տօ Տե­միր­ճեան ը­սաւ, թէ Գեր­մա­նիա­յէն ազ­դան­շան­ներ կը տրուին հայ­կա­կան բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման ուղ­ղու­թեամբ։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2016