ՄՀՓ ԱՐՏԱՀԵՐԹ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՊԻՏԻ ՁԵՌՆԱՐԿԷ՝ ԴԱՏԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄՈՎ
Ընդդիմադիր ՄՀՓ յառաջիկայ շրջանին արտահերթ համագումարի պիտի ձեռնարկէ եւ այս շրջագծով նախատեսուած է նաեւ կուսակցապետի ընտրութիւն։ Ծանօթ է, որ երկար ժամանակէ ի վեր ՄՀՓ-ի շարքերէն ներս առկայ է լուրջ եռեւեփ մը։ Գորշ գայլերու շարքերէն ներս ընդդիմադիր թեւը միջոցէ մը ի վեր կը պահանջէր արտահերթ համագումար։ Կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ընթացք չէր տար այդ պահանջին։ Այս պայմաններուն ներքեւ ներքին տարակարծութիւնները տեղափոխուեցան դատարան։ Ի վերջոյ, դատական իշխանութիւնները որոշեցին, որ կուսակցութիւնը պէտք է արտահերթ համագումարի ձեռնարկէ։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ Յուլիսի 10-ին տեղի ունենայ ՄՀՓ-ի արտահերթ համագումարը։
Կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի երէկ յայտարարեց, թէ ով որ առաջադրէ իր թեկնածութիւնը՝ պիտի դառնայ իր մրցակիցը։