ՏԻՊԱՐ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Սկիւտարի համալսարանին նախաձեռնութեամբ այս տարի առաջին անգամ յանձնուեցան «Մարդկային բարձր արժէքներու» պարգեւները։ Որպէս տիպար անձնաւորութիւն՝ նորահաստատ այս մրցանակին առաջին դափնեկիրներու շարքին գտնուեցաւ հռչակաւոր մորթաբան Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեան։
Երէկ առաւօտ, Սկիւտարի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այս առթիւ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ վերատեսուչ Փրոֆ. Նեւզատ Թարհան։ Մրցոյթի դատակազմը որոշած էր քանի մը դափնեկիրի անուն, որոնք հասարակութեան առջեւ օրինակելի վարք կը դրսեւորեն՝ մարդկային արժէքներու զարգացման ուղղութեամբ։ Բոլոր դափնեկիրներուն կեանքին ու գործունէութեան մասին ցուցադրուեցան կարճ տեսանիւթեր։ Այս շրջագծով ներկայացուեցաւ նաեւ Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեան։ Հանդիսութեան տեւողութեան ան իր մրցանակը ստացաւ ձեռամբ համալսարանի փոխ-վերատեսուչ Փրոֆ. Սեւիլ Աթասոյի։ Նոյնաժամանակ իրեն յանձնուեցաւ վկայական մը՝ քանի որ բոլոր պարգեւատրեալներուն անունով կազմակերպիչները նախատեսած էին նաեւ ծառատունկ՝ համալսարանի անտառին մէջ։ Մրցանակը ստանալէ վերջ Յակոբ Կոթողեան հանդէս եկաւ հակիրճ սրտի խօսքով մը։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, թէ հաւաքական կեանքէ ներս որքան մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ փոխադարձ սէրը։ Կոթողեան վստահութիւն յայտնեց, որ այդ սիրոյ ամրապնդման զուգահեռ մեր երկիրը պիտի զարգանայ։ Արարողութեան ընթացքին Յակոբ Կոթողեանին հետ էին իր կողակիցը՝ Սիւզան Կոթողեան եւ դուստրը։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանը, որ իր կալուածէն ներս համաշխարհային մակարդակով անվիճելի հեղինակութիւն մը կը համարուի եւ տասնամեակներէ ի վեր մեր համայնքի պարծանքը դարձած է՝ հրաշագործութեան համազօր իր դարմանումներով։