ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ

Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Գալ­ֆաեան Տան ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի սա­նե­րու տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը, ո­րու ըն­թաց­քին ստեղ­ծուե­ցաւ ո­գե­ւոր մթնո­լորտ։ Փոք­րիկ­նե­րը հան­դէս ե­կան թա­տե­րակ­նե­րով, պա­րե­րով եւ խմբերգ­նե­րով։ Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ ալ յայ­տագ­րին հե­տե­ւե­ցան, ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն հսկո­ղու­թեամբ։ Ներ­կայ էին նաեւ Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Դպրո­ցի ու­սու­ցիչ­նե­րը փոք­րիկ­նե­րը շատ լաւ պատ­րաս­տած էին այս ձեռ­նար­կին հա­մար եւ ա­նոնք ար­ժա­նա­ցան բո­լո­րի գնա­հա­տան­քին։

Հան­դէ­սը ա­ւար­տին հա­սաւ Գալ­ֆաեան Տան տնօ­րէ­նու­հի Այ­տա Գա­յաէ­րի շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քով։ Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թե­նէն վերջ ման­կա­պար­տէ­զի եւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն յանձ­նուե­ցան նուէր­ներ։

Հան­դէ­սի ա­ւար­տին ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ հան­դի­սու­թեան բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն հա­մար կէ­սօ­րուան ճաշ սար­քուե­ցաւ դպրո­ցի պար­տէ­զին մէջ։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2016