Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցեալ շաբաթուան ամենէն յատկանշական իրադարձութիւնը կարելի է համարել «Երեւան էքսփօ» ցուցասրահին մէջ բացուած «Նոր հեռանկարներ սուրիահայերու համար» ցուցահանդէսն ու անոր կից՝ ֆորումը: Տնտեսական հնարաւորութիւններու շաբաթը Հայաստանի մէջ համախմբեց բոլոր սուրիական գործօն կազմակերպութիւնները, միութիւնները, անհատները, ձեռներէցները եւ բոլոր անոնք, որոնք սուրիական պատերազմի ընթացքին հաստատուելով Հայաստան, ձեռնածալ չմնացին, այլ աշխատանքներու ձեռնարկեցին՝ իրենց նախկին մասնագիտութիւններուն, արհեստներուն, զբաղումներուն համեմատ, կամ ալ նոր հետաքրքրութիւններ ձեռք բերին եւ նոր գործեր հիմնեցին: Սուրիահայերու աւելի քան եօթանասուն ձեռնարկութիւններ ներկայացուցին իրենց արտադրանքն ու ծառայութիւնները, իսկ պետական եւ միջազգային կազմակերպութիւնները առաջարկեցին իրենց աջակցութեան ծրագրերը: Ցուցահանդէսի ժամանակ սուրիահայերու հետ կնքուեցան առեւտրային, մատակարարման եւ համագործակցութեան պայմանագրեր:
Ասիկա սուրիական պատերազմէն ետք Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայ գործարարներու, մասնագէտներու, ձեռներէցներու ամենէն մեծ համախմբումն էր, որ վայելեց Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի բարձր հովանաւորութիւնը: Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ներկայ էր Սերժ Սարգսեան, իր կողքին ունենալով Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն եւ այլ պաշտօնատար անձնաւորութիւններ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան մէկ-մէկ ծանօթացաւ սուրիահայերու բերած նորութիւններուն, համտեսեց անոնց պատրաստած տուրմն ու խմորեղէնը եւ բարձր գնահատեց սուրիահայերու կորովը, կամքը՝ հակառակ դժուարութիւններուն Հայաստանի մէջ բան մը ստեղծելու եւ օրուան հացը վաստկելու անոնց ճիգը:
ԺԱՄԱՆԱԿ նոյնպէս այցելեց «Երեւան Էքսփօ», հանդիպում ունեցաւ ցուցահանդէսին մասնակից սուրիահայերուն հետ, ծանօթացաւ անոնց ճակատագրերուն, որ տարբեր էին, բայց նման էին նաեւ իրարու:
ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ ԼԻԲԱՆԱՆ, ԱՊԱ՝ ԵՐԵՒԱՆ
Ցուցասրահի մէկ մասի յատակը պատուած էր սուրիահայ գորգավաճառ Նազարէթ Արոյեանի վաճառքի հանուած գորգերով: Շքեղ, մետաքսահիւս կամ բրդեայ գորգերը անմիջապէս կը գրաւէին բոլոր այցելուներուն ուշադրութիւնը: Անոնք պարզ գորգեր չէին՝ կային օսմանեան շրջանի, պարսկական, հայկական, արաբական հնագոյն գորգեր, որոնք իր հետ Սուրիայէն նախ Լիբանան տարած, ապա Հայաստան բերած է Հալէպի մէջ նշանաւոր գորգավաճառը: Նազարէթ Արոյեանն ալ կը դառնայ մեր առաջին զրուցակիցը «Երեւան էքսփօ»ին մէջ:
Ան կը պատմէ իր կեանքին պատմութիւնը եւ յընթացս կը պատասխանէ այցելուներու հարցումներուն՝ «այս մէկը մաքուր մետաքս է, մօտ հարիւր տարուան գորգ է», «այս մէկը հայկական հին գորգ է...»։
Սուրիահայ Նազարէթ Արոյեանը հնաոճ գորգերը գերած են տակաւին պզտիկ տարիքէն: Պզտիկ եղած է, երբ հայրը մահացած է: Ընտանիքի հոգը թեթեւցնելու համար տասներեք տարեկանին, դպրոց երթալու զուգահեռ, սկսած է աշխատիլ իր հօրեղբօր մօտ, որ այն ժամանակ Հալէպի մէջ ծանօթ գորգավաճառ եղած է: Ժամանակի ընթացքին Նազարէթ Արոյեան նոյնպէս հմտացած է գորգավաճառութեան գործին մէջ։ Շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր գորգերու վաճառքով կը զբաղի: Իր բախտակից սուրիահայերու պէս լքելով հարազատ Հալէպը, տեղափոխուած է Լիբանան, յետոյ որոշած է հանգրուան գտնել Հայաստանի մէջ:
«Իմ ճակատագիրս ալ այսպէս դասաւորուեցաւ՝ գորգերու հետ երկրէ երկիր, բայց փառք Աստուծոյ դժգոհ չեմ», կ՚ըսէ Նազարէթ Արոյեան, ցոյց տալով նաեւ Հալէպի նշանաւոր Sheraton պանդոկի գրքոյկը, որուն մէջ ներկայացուած են իր գորգերը: Գորգավաճառը խանութ ունեցած է նշեալ պանդոկին մէջ, ինչպէս նաեւ իր գորգերը վաճառած է Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մօտ գտնուած իր խանութը: Հալէպեան փառաւոր օրերը այլեւս հեռու են… Նազարէթ Արոյեան կը յիշէ առեւտուրի կեդրոն նկատուած Հալէպի լաւագոյն օրերը, երբ զբօսաշըր-ջիկներ մասնաւոր կը հետաքրքուէին արեւելեան գորգերով եւ չէին խնայեր որեւէ գումար՝ ձեռք բերելու համար արժէքաւոր գորգ մը: Կարօտը՝ կարօտ, բայց հայ վաճառականը չ՚ուզեր կեանքը վտանգի տակ դնելով ետ վերադառնալ Հալէպ: Կ՚ըսէ, որ հայրենիքը կը նկատէ ամենէն ապահով հանգրուանը:
Քիչ չեն այն սուրիահայերը, որոնք նախ Լիբանանի մէջ փորձած են հաստատուիլ, սակայն հոն ալ, ինչ-ինչ դժուարութիւններ գտնելով՝ փոխադրուած են Հայաստան, եւ կը փորձեն իրենց տնտեսական հնարաւորութիւնները ի գործ դնել հայրենիքի մէջ, հակառակ որ հոս ալ դժուարութիւններու կը հանդիպին:
Հալէպեան ուտելիքներու եւ արեւելեան համեմներու հոտը տարածուած է «Երեւան էքսփօ»ի մէջ. ուտելիքներու տաղաւարներն իրենց գեղեցիկ ձեւաւորուած պնակներով եւ ժպտադէմ երիտասարդ հայուհիներով կը կանչեն այցելուները: Ուրախալի է տեսնել, որ հակառակ սուրիահայ կիներու ապրած դժուարութիւններուն՝ անոնք պահած են իրենց կոկիկ տեսքը, բարեհամբոյր վարուելակերպն ու ժպիտը:
Սուրիահայ կիներ առհասարակ նշանաւոր են խոհանոցային աւանդոյթներու հանդէպ ունեցած իրենց ձիրքով, զոր ի գործ դրած էին «Երեւան էքսփօ»ի տաղաւարներուն մէջ՝ ներկայացնելով իրենց ձեռքով պատրաստած հալէպեան անուշէղէնները, խմորեղէնները, ճաշերը, համադամներն ու արեւելեան ու արեւ-մըտեան խոհանոցը ներկայացնող ուտելիքները: Հակառակ անոր, որ երեւանեան շուկային մէջ արդէն ընդհանրացած են հալէպեան ուտելիքները, բայց հայաստանցիներէն շատ քիչերու ծանօթ են: Սուրիահայ կիներ թէ՛ կը ներկայացնէին իրենց պատրաստածներու բաղադրութիւնը, թէ՛ կը հրամցնէին, թէ՛ ալ կը վաճառէին:
Վերջին տարիներուն բաւական լայն տարածում ունին նաեւ Երեւանի մէջ բացուած սուրիահայերու արհեստանոցները, որոնք ինքնաշարժներ կը նորոգեն, կամ ալ ինքնաշարժներու կամ այլ սարքաւորումներու բաղադրիչներ կը պատրաստեն: Սուրիահայ վարպետները ցուցադրած էին այդ ոլորտին առընչուող իրենց ծառայութիւնները, արտադրանքը, եւ այցելուն կրնար անմիջապէս կապ հաստատել անոնց հետ:
Ցուցահանդէսին ներկայութիւն ունէին նաեւ հասարակական կազմակերպութիւնները, որոնք սուրիական պատերազմէն ետք հիմնուած են Հայաստանի մէջ՝ սուրիացիներու զանազան հարցերով զբաղելու, անոնց իրաւունքներու, աշխատանքի, կրթութեան, մշակութային եւ այլ զբաղուածութեան հարցեր լուծելու համար:
Հագուստ, կօշիկ, օճառ, մազերու եւ մարմնի խնամքի օծանելիքներ եւ այլ ձեռագործ իրեր պատրաստող սուրիահայերու ընկերութիւններ նոյնպէս ցուցադրած էին իրենց արտադրանքը: Անոնք բոլորը մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնեն հայ եւ օտար այցելուներու առջեւ, նկատի առնելով, որ ցուցահանդէսի չորս օրերուն Երեւանի մէջ տեղա-կայուած դեսպանատուներու աշխատակիցներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ նոյնպէս այցելեցին ցուցասրահ եւ քաջալերեցին Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերը:
ՍՎԱՍԷՆ, ՄԱՐԱՇԷՆ ԵՒ ՈՒՐՖԱՅԷՆ՝ «ԵՐԵՒԱՆ ԷՔՍՓՕ»
Ցուցահանդէսի մասնակիցներու մէջ ծանօթացանք հալէպահայ ոսկեձեռիկ վարպետուհի Սիլվա Գազեզեան-Ատուրեանին հետ, որ գերած էր «Երեւան էքսփօ»ի այցելուները՝ հայկական ասեղնագործութեան լաւագոյն դպրոցներու՝ Սվասի, Մարաշի, Ուրֆայի եւ այլ վայրերու գործերու՝ իր ձեռքերով պատրաստած նմոյշներով: Հետաքրքրականն այն էր, որ Տիկին Սիլվան իր մեծ մայրերէն սորված ըլլալով հայկական ասեղնագործութիւն, Հալէպի տարիներուն երբեք չէ զբաղած այդ արհեստով: Միայն պատերազմի ժամանակ Հայաստան տեղափոխուելով է, որ մտածած է իր շնորհը ի ցոյց դնել, ինչ որ թէ՛ զբաղում դարձած է, թէ՛ եկամուտի աղբիւր: Այսօր Տիկին Սիլվայի ձեռագործ սփռոցները, եկեղեցական գլխաշորերը, թաշկինակները, մատուցարաններու ներդիրները մեծ համարում ունին հայկական ասեղնագործութիւնը գնահատողներու շրջանակին մէջ: Սիլվա Գազեզեան-Ատուրեան նաեւ պատին կախելու համար ձեռագործներ կը պատրաստէ, ինչպէս նաեւ՝ վզնոցներ, որոնց վրայ Մարաշի, Ուրֆայի, Սվասի, Վանի կամ այլ վայրերու ասեղնագործութեան նմոյշներ կան: Տիկին Սիլվան կը ներկայացնէ, որ հայկական ասեղնագործութիւնը մշակուած է հազարամեակներէ ի վեր եւ պատմութիւններ կը յիշէ, որ Հալէպ հաստատուած իր մեծ մայրերը պատմած են իրեն ու զարմիկներուն: Մեծ մայրերէն պատմութիւններ փոխանցուած են այն մասին, թէ Հայաստանի բոլոր գաւառներուն, քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ կիներ ասեղնագործած եւ յարդարած են իրենց բնակարանները: Մայրեր ու ազգականներ աղջիկ զաւակներու օժիտները կը պատրաստէին անոնց մանկութենէն սկսեալ՝ ասեղնագործելով ձեռքի տակ եղած օրինակները, երբեմն ալ յաւելումներ կատարելով:
Այսպէս, դարերու ընթացքին ասեղնագործութիւնը նոր մղում ստացած է: Իւրաքանչիւր հայկական աշխարհագրական տարածք կամ նահանգ ունեցած է այդ շրջանին անունը կրող իւրօրինակ ասեղնակար կամ հիւսուածք: Տիկին Սիլվայի տաղաւարին մէջ կարելի է տեսնել Այնթապի, Մարաշի, Ուրֆայի գործեր, ասեղնագործ կամ հայկական ժանեակ, Սվասի (Սեբաստիա), Վանի, Վասպուրականի, Քիլիսի, Մալաթիոյ, Կեսարիոյ, Տրապիզոնի, Տիգրանակերտի գործ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր պատմութիւնը, իրեն բնորոշ նախշերն ու կարերը, որոնք հալէպահայուհիի ձեռքի տակ վերածուած են հրաշք գործերու:
Զուտ հայկական ասեղնագործութեան նմոյշ է Սվասի գործը, որու նմոյշները հալէպահայ կիներ բերած են Հալէպ եւ Սուրիոյ այլ շրջաններ, իսկ նոր սերունդն ալ ջանասիրաբար ընդօրինակած է զայն: Այս ձեռագործը կ՚աշխատին այնպիսի կերպասի մը վրայ, ուր կարելի ըլլայ ծակտիկները համրել, որովհետեւ գործը յենուած է համրանքի վրայ: Կերպասը կ՚ընտրեն ընդհանրապէս կա՛մ ճերմակ եւ կա՛մ բնական գոյնի երանգաւորումներով։
Սվասի կարը ամենահետաքրքրականն է. խաչասեղ-լիցք եւ հարթակար: Ոչ միայն կտորին երեսը, այլ նաեւ հակառակ կողմն ալ նոյն նախշը պէտք է ըլլայ: Շարունակ պէտք է հետեւիլ կտորի թելերու հաշիւին: Այս կարին շուրջը սրճագոյն թելով կ՚եզերեն ցցուն տեսք տալու համար: Սվասի գործը ամբողջացած գորգի տեսք ունի: Հպարտութեամբ կարելի է տեսնել ոսկերչի նրբութեամբ պատրաստուած Տիկին Սիլվայի Սվասի կատարած գործերը: Անոնց կողքին ցուցադրուած է նաեւ Մարաշի կարը, որ ըստ Տիկին Սիլվայի՝ երեք տեսակ անուն ունի. առաջին՝ հարթակար, որ Մարաշի ամենահին կարն է, կոթասեղ, որ կը կոչուի նաեւ Զէյթունի կար: Այս երկու տեսակի կարերով կ՚ասեղնագործեն ծառեր, ծաղիկներ, տերեւներ եւ թռչնազարդեր: Կ՚աշխատցուին աւելի հաստ ոլորքով, փափուկ բամպակէ թելերով, հետը կը գործածեն նաեւ բուրդ, մետաքս, նոյնիսկ՝ ոսկեթելեր: Այս երկու կարերը, պարզ ըլլալնուն համար, շատ տարածուած էին հայաբնակ շրջաններու մէջ: Իսկ հիւսուած կարը երրորդ տեսակն է, որ կը կոչուի նաեւ գաղտնակար. այս մէկը իր ձեւի եզակիութեամբ եւ կարի բարդութեան պատճառով շատ չէ տարածուած: Կարը ամբողջացած՝ ձուկի ողնայարի կը նմանի, օրինակները ընդհանրապէս եռանկիւններ, խաչեր, շրջանակներ եւ քառակուսիներ են եւ աւելի՝ երկրաչափական օրինակներ:
Այս կարը կ՚աշխատցուի լինոն, բուրդ, բամպակ, թաւիշ, մետաքս եւ սաթէն կտորներու վրայ:
Հարթակարի եւ հիւսուած կարի ձեռագործները կը յիշեցնեն հին հայկական քանդակները, խաչքարերը, կովկասեան կամ պարսկական գորգերը:
Մարաշի գործը այնքան փնտռուած չէ, պարզ այն պատճառով, որ գործածուած թելերու գոյները եղած են շատ զօրաւոր ու գոյներու ընտրութիւնը՝ աչքառու:
Ինչ կը վերաբերի Ուրֆայի գործին, ապա ան նկարչութեան կը նմանի: Աշխատանքը լիցք կը կոչուի, եւ իւրաքանչիւր օրինակ՝ ծաղիկ, տերեւ, ճիւղ լեցուելէ ետք կը շրջանակուի ոսկեգոյն թելով կամ բանուած գոյնին աւելի մութ երանգով, որպէսզի օրինակը աւելի ցցուն դառնայ: Ուրֆայի գործը ներկայիս մետաքս կտորի վրայ մետաքս թելով կ՚աշխատին: Անցեալին Ուրֆայի ձեռագործի կտորը տունը կը պատրաստէին վուշի թելերով: Գաւառներու մէջ բանած են կոշտ կտորներու կամ քեթեններու վրայ, շատ բաց կամ մարած գոյներով:
Ուրֆայի գործը եւս, Մարաշինին պէս, ենթարկուած է եղափոխութիւններու այն իմաստով, որ հետզհետէ ան բանուած է նուրբ կտորի վրայ, առաւելաբար՝ մետաքսի վրայ, իսկ գոյները դարձած են քիչ մը աւելի վառ, բայց անպայմանօրէն՝ ներդաշնակ:
Ուրֆայի գործը, ամբողջացած, կը նմանի գեղանկարչութեան եւ օրինակները ընդհանրապէս ծաղիկներ, տերեւներ եւ թռչնագրեր են:
Տիկին Սիլվան կը ներկայացնէ նաեւ ժանեակ, Մալաթիոյ եւ Կեսարիոյ գործեր եւ այլ տեղանքներու անուանումով ասեղնագործութիւններ...
Դժուարութեամբ կը բաժնուինք Տիկին Սիլվայի տաղաւարէն, որու վրայ դրուած գործերը կը ներկայանան իբրեւ արուեստի գլուխգործոցներ: Կը բաժնուինք, յոյսով, որ ի վերջոյ հայկական ասեղնագործութիւնը, հայկական արուեստներն ու արհեստները լայն տարածում կը ստանայ մեր կեանքի ու կենցաղի մէջ, եւ նոր սերունդը եւս կը հաղորդակցի դարերէ եկած ձեռագործ արուեստներուն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024